27 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ ամրապնդելու ուղիներուն շուրջ: «Քորոնա» ժահրին տարածումով պայմանաւորուած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներու յաղթահարման ծիրին մէջ` երկուստեք կարեւոր նկատեցին միջազգային համագործակցութեան ու փոխադարձ օգնութեան դերը:
Հայաստանի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը հարցեր: Նախարար Մնացականեան անդրադարձաւ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան առնչուող հարցերու եւ իր պաշտօնակիցին ներկայացուց այդ առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները: