Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսէյի Հայութիւնը Կը Մերժէ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւնները Եւ Կը Զօրակցի Հայկական Բանակին

July 30, 2020
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 յուլիսին, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարսէյի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

Ցոյցին մասնակից մը «Ազդակ»-ին հաղորդեց, որ ներկայ էին մօտ 250 հայեր, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայր, երիտասարդներ եւ տարեցներ անխտիր, որոնք եկած էին մերժելու ազերիական եւ թրքական յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայկական զոյգ բանակներուն:

Ազգային երգերու սփռումով, հայկական իրաւունքներուն վերաբերող կարգախօսներ բարձրացնելով, Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցող արտայայտութիւններով ցուցարարները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, որ կը պաշտպանուէր տեղական ոստիկաններու խիտ շարքերով: Հետաքրքրական էր, որ ոչ մէկ թուրք կար դեսպանատան առջեւ:

Խօսք առին Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, ինչպէս նաեւ «Նոր սերունդ»-ի ներկայացուցիչը` Ցոլին Ճինեան: Անոնք դատապարտեցին Ազրպէյճանի եւ անոր եղբայր Թուրքիոյ հայատեաց եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու գործելաոճը` դիտել տալով, որ Թուրքիա կը շարունակէ աւելի քան դար մը առաջ սկսած իր նոյն ուղին եւ հրապարակայնօրէն կը յայտարարէ հայութեան դէմ սկսած գործը` սպանդը կրկնելու իր կեցուածքը: Անոնք լուսարձակի տակ առին հայկական բանակին արձանագրած յաջողութիւնները` Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած աւելի քան 10 անօդաչու սարքեր վար առնել, սահմանին հսկել ամենայն բծախնդրութեամբ եւ այլն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ համայն հայութիւնը զօրավիգ է իր կեանքին գնով սահմանը պաշտպանող իւրաքանչիւր զինուորի: Խօսք առնողները հաստատեցին, որ հայութիւնը միասնականութեամբ կրնայ յաղթահարել ամէն մարտահրաւէր եւ տագնապ:

2 ժամ տեւած հաւաքէն ետք ցուցարարները հանդարտօրէն ցրուեցան:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.