Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Յանձնարարեց Հատուցել Խափանարարական Արարքներէն  Տուժածները

Նախագահ Աուն Յանձնարարեց Հատուցել Խափանարարական Արարքներէն Տուժածները

Անպաշտօն աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրած են յայտարարութիւն մը, թէ 25 յունիսին նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդարձակ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան, վարչապետին  ու խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետերու ու խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն: Ըստ այդ լուրերուն, հանդիպումը կը միտի մեղմացնել քաղաքական լարուածութիւնը: Մինչ այդ երէկ առաւօտեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց...

«Համաշխարհային Հանրութեանը Պէտք Է Ներկայացնել Պատմական Ճշմարտութիւնը», Վ. Բալայեան

Վահրամ Բալայեան. «Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորներուն Յայտարարութիւնը Կը Խախտէ Մարդու Հիմնարար Իրաւունքները»

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով Արցախը Հայաստանին կապող ճամբու կառուցման վերաբերեալ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի երեք պատգամաւորներու համաժամանակեայ հակահայկական  յայտարարութիւններուն, հաստատեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ նման քայլեր վնասակար են խաղաղութեան հոլովոյթին համար, անոնք կը ստեղծեն որոշ պայմաններ` զինուորական գործողութիւններու վերսկսման համար, ինչպէս եղաւ ապրիլ 2016-ին: Ան...

Այսօր Ազգային Ժողովը Պիտի Քննարկէ Գագիկ Ծառուկեանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Հարցը

Այսօր Ազգային Ժողովը Պիտի Քննարկէ Գագիկ Ծառուկեանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Հարցը

15 յունիսին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) տեսանիւթ հրապարակեց` 2 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամանակ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խումբ մը անդամներու կողմէ ընտրողներուն կաշառք տալու, կաշառք ստանալու հարիւրաւոր եւ համակարգային բնոյթ կրող դէպքերու վերաբերեալ: Նշուեցաւ, որ ԱԱԾ-ն պարզած է, որ ընտրութիւններու նախընտրական փուլին կուսակցութեան ղեկավար անդամներուն կազմակերպութեամբ, կուսակցութեան անդամներուն աշխուժ ներգրաւումով եւ յստակ մշակուած դերերու բաշխումով կուսակցութեան...

Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները

Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները

Երէկ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը, որուն վարչութեան անդամ է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, գումարեց կեդրոնական նիստ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին կարգ մը քանդիչ խմբաւորումներու կողմէ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեամբ: Համախմբումը կտրականապէս մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեսանիւթերը, որոնք համայնքային սադրանքներ կը սերմանեն եւ լիբանանահայութեան դէմ գրգռութիւններ կը հրահրեն:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 15 յունիս 2020-ին, Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին: Պատուիրակութիւնը նախարար Օհանեանի կողմէ գտաւ ջերմ ընդունելութիւն: Ծանօթացման եւ գործնական այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակութային կեանքին վերաբերող առկայ դժուարութիւնները: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացաւ առաջարկով մը, որ կը համընկնէր նաեւ նախարար Օհանեանի ծրագիրներուն, ինչ կը վերաբերի...

Խմբագրական.  Թրքական Յենարաններ Լիբանանի Մէջ

Խմբագրական. Թրքական Յենարաններ Լիբանանի Մէջ

Լիբանանեան հեռատեսիլի կայանի յայտագիրին յաջորդած գրգռիչ ելոյթը կարելի է համարել անմիջական հակազդեցութիւն: Հետեւաբար` ոչ ծրագրուած սադրանք յառաջացնելու նախապատրաստուած մարտավարական քայլ: Խնդիրը այս պարագային ընկերային ցանցերու վրայ շատ արագ բռնկումն է եւ հետզհետէ նաեւ այդ թեմաներու շահարկումը հոգեւոր -հասարակական կեդրոններու կողմէ: Այս արդէն կը նշանակէ, որ պարարտ հող ձեւաւորուած է Թուրքիան հարուածող որեւէ տեղեկատուական քայլի դիմաց վայրագ հակայարձակում կազմակերպելու: Նման ենթահողի...

«Անհրաժեշտ Է Ներազգային Համերաշխութեամբ Ճգնաժամի Յաղթահարումը` Նոր Որակի Իշխանութեան Ձեւաւորմամբ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Անհրաժեշտ Է Ներազգային Համերաշխութեամբ Ճգնաժամի Յաղթահարումը` Նոր Որակի Իշխանութեան Ձեւաւորմամբ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան եւ ներքին զարգացումներու մասին «Երկիր»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ: «Ե.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Քորոնա» համավարակին դէմ պայքարի այսօրուան վիճակը: Յ. Տ. Խ.-  Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը` հիմնուելով իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու եւ մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը,...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Երէկ` կիրակի, 14 յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նախորդ օրերուն երկրին մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` վերադառնալու քաղաքական պայքարի դաշտ: Ստորեւ` յայտարարութեան ամբողջութիւնը: Ընդդիմութեան քաղաքական գնահատականին իշխանութիւնը հերթական անգամ արձագանգում է պատժական ձեւերով: Յատկապէս հիմա, երբ, երկիրը կանգնած է ներքին ու արտաքին լրջագոյն սպառնալիքների առաջ, որոնք արդիւնք են նաեւ  իշխանութիւնների...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ուժային Կառոյցներուն Մէջ Փաշինեան Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարէ Այնքան Ատեն, Որ Անոնք Տակաւին Չեն Ծառայեր Ներքին Ճնշումներուն»

Հաւաք-Հանդիպում` ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

Քաղաքական հինգ ուժերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 14 յունիսին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք-հանդիպում: «Երկիր Մետիա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Հանդիպումին մասնակցած են 5 կուսակցութիւններ` «Մէկ Հայաստան», «Ազգային օրակարգ», «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած` «Հայրենիք»-ը: Ընդհանուր առմամբ քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, եւ քննարկուող հարցերուն...

Ո՛չ Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Խախտման

Ո՛չ Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Խախտման

Եւրոպայի մէջ գործող իր բոլոր անդամ-կազմակերպութիւններուն անունով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Մարինա Քալիւրանտի, Դրաիան Պասեսքուի եւ Ժելեանա Զովքոյի յայտարարութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ նոր մայրուղիի շինարարութեան վերաբերեալ: Դժբախտաբար, այսպիսի յայտարարութիւններ ոչ միայն վնասակար են խաղաղութեան գործընթացին համար, այլեւ կը խախտեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, տուեալ պարագային` Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժման եւ զարգացման իրաւունքը: Այս...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նոր Որակի Իշխանութիւն Կրնայ Ձեւաւորուիլ Միա՛յն Նոր Ընտրութիւններու Միջոցով»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նոր Որակի Իշխանութիւն Կրնայ Ձեւաւորուիլ Միա՛յն Նոր Ընտրութիւններու Միջոցով»

Վերջին շրջանին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իրենց դիրքորոշումները կը յայտնեն եւ համախմբուելու կոչեր կ’ուղղեն` իշխանափոխութեան հասնելու նպատակով: Այս առումով Դաշնակցութիւնը եւս հանդիպումներ կ’ունենայ: Այս գծով «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին գծով ընդդիմադիր դաշտի զանազան քաղաքական ուժեր տուած են գրեթէ նոյն գնահատականները. «Գրեթէ բոլորը կ’ըսեն նոյնը, որ...

«Տարիներ Շարունակ Մեզ Խելօք Ենք Պահել, Ռազմական Գործողութիւնները Պէտք Է Տեղափոխել Հակառակորդի Դաշտ». Վահրամ Բալայեան

Վահրամ Բալայեան. «Նման Յայտարարութիւններ Աւելի Կը Լարեն Իրավիճակը»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի համազեկուցողներ Դրաիան Պասեսքուն, Ժելանա Զովքոն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի նախագահ Մարիա Քալիւրանտ 11 յունիսին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` քննադատելով Արցախը Հայաստանին կապող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը եւ շարք մը հակահայկական ձեւակերպումներ հնչեցուցին: Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան «Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ նման...

Լիբանանեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն լիբանանահայութիւնը դաւաճան նկատող կազմակերպուած արշաւները, որոնք կը գործադրուին արտաքին կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող ելեկտրոնային բանակներու կողմէ: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն համայնքային, յարանուանական թէ ցեղային ամէն տեսակի գրգռութիւն, որ մարդկային ու բարոյական հիմքերէն հեռու է: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նկատել կու տան, որ այս ուղեգիծով շարունակելը կը վտանգէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը սպառնայ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Հակահայ Վերջին Երեւոյթներուն Մասին Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ` 12 յունիսին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն յղեց անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հակահայ արտայայտութիւններուն եւ երեւոյթներուն վերաբերող նամակներ: Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն փոխանցեց, թէ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 յունիսին ուղղակի սփռուած, Թուրքիոյ...

Խմբագրական. Տխուր Զուգահեռներ

Խմբագրական. Տխուր Զուգահեռներ

Հայաստանի Հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան էական իրաւադրոյթներէն կը նկատուի հակակշիռ գործողութիւններու օրէնսդրական դաշտին մէջ ձեռնարկելու կարելիութեան ընձեռումը: Սկսեալ` անկախ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահոված արդիւնքներէն, ընդդիմութեան համար նախօրօք ճշդուած չափաբաժինէ մինչեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնաբաժիններու ամրագրումը: Բոլորը նպատակ ունին պետական համակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումը եւ այդ առաջադրանքին հասնելու համար հակակշռող պետական հաստատութիւններու կայացումը: Այսպէս է պարագան եւրոպական շատ մը երկիրներու եւ պատահական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունիսին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային կացութեան: Անոնք անդրադարձան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած նիւթերու, ուր այսպէս կոչուած Լիբանանեան-արաբական մարտալլիական միութեան անդամ անձ մը կը գործածէ հայ համայնքին դէմ գրգռիչ արտայայտութիւններ, որոնք չեն նպաստեր պահպանելու կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, մանաւանդ ներկայ...

Լիբանանի Մէջ Տնտեսական Տագնապին  Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի  Ցոյցերը Դարձեալ Բռնկեցան

Լիբանանի Մէջ Տնտեսական Տագնապին Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Դարձեալ Բռնկեցան

Լիբանանի տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ հիմնականին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին եւ կայուն պաշտօնական սակ գոյութիւն չունենալու իրականութեան դիմաց, լիբանանեան ժողովրդային շարժումին կազմակերպութեամբ, երէկ գիշեր ամբողջ երկրին տարածքին արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր: Այդ ցոյցերը կատարուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Կեդրոնական Պէյրութի, Ժալ էլ Տիպի, Զուքի, Սայտայի, Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի: Ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջը, Կեդրոնական Պէյրութը, Նահատակաց...

«Խիստ Մերժելի Է, Որ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Բախումները Պատճառ Դառնան Քաղաքացիներուն Ընկերային Անվտանգութեան Խախտումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Երեսփոխան Բագրատունի Հակահայ Յայտարարութիւններուն Հարցով Կը Դիմէ Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Դատական Իշխանութեան

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին եւ անկէ ետք ստեղծուած հակահայ մթնոլորտին լոյսին տակ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ եւ անոր ըսաւ, թէ այս հարցով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթը կը կրէ համայնքային սադրանքի հրահրման բնոյթ: Ան կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն անմիջապէս առաջքը առնելու նման մթնոլորտի:...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 9. Երջօ Սամուէլեան 90.000 Ամ. Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը` շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու: Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրուումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն` մեր եկեղեցիներուն մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ազգային առաջնորդարանի մնայուն բարերար...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պիտի Պայքարինք  Թէ՛ Քաղաքական, Թէ՛ Իրական  «Քորոնա» Ժահրը Տարածողներուն Դէմ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պիտի Պայքարինք Թէ՛ Քաղաքական, Թէ՛ Իրական «Քորոնա» Ժահրը Տարածողներուն Դէմ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Դաշնակցութեան հասցէին եղած արտայայտութիւններուն, ըսաւ. «Ցաւօք, ստիպուած ենք արձանագրելու, որ քանի՛ երորդ անգամն ըլլալով, ի պատասխան քաղաքական խօսքի եւ հարցադրումներու, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կը հնչեն փողոցային բառապաշարով գնահատականներ եւ արտայայտութիւններ: «Այո՛, Դաշնակցութեան մօտեցումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ բան չէ փոխուած: «Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրական...

Page 434 of 797 1 … 433 434 435 … 797

Արխիւներ