Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանի Ռազմաքաղաքական Իրավիճակը

July 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 28 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան ռազմական եւ ռազմաօդային կցորդ, գնդապետ Անտրէյ Կրիշչուքը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը քննարկած են երկկողմանի զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտութեան համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին ներկայացուց հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ վերջին օրերուն տիրող իրավիճակը` ընդգծելով ռուսական կողմի կառուցողական եւ կայունացնող դերակատարութիւնը:

Դաւիթ Տօնոյեան դեսպանին հետ կիսեց նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը ապակայունացնող քաղաքական եւ բուն ռազմական քայլերուն վերաբերեալ իր գնահատականները եւ նշեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ուղղութեամբ հայ-ռուսական միացեալ խմբաւորման ստորաբաժանումները բոլոր հետախուզական միջոցներով կը շարունակեն միշտ հետեւիլ, վերլուծել եւ պատրաստ ըլլալ իրավիճակի որեւէ զարգացման:

Սերկէյ Քոփիրքին կրկին վերահաստատեց շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը` տեղեկացնելով, որ ռուսական կողմը այդ ուղղութեամբ կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան, որուն մէջ` մարտական միացեալ պատրաստութեան, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ տարածքին կայանալիք ռազմափորձերու ծրագրաւորման եւ կազմակերպման ընթացքը:

 

Նախորդը

Թշնամիի Կրակոցէն Զոհուած Քափիթենին Շնորհուած Է «Մարտական Խաչ» Ա. Աստիճանի Շքանշան

Յաջորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Իր Պաշտօնակից Նասիֆ Հըթթիի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.