Գլխաւոր լուրեր

Մենք Դեռ Պէտք Է Աշխատենք Սենատի Առաջնորդների Հետ, Իսկ Թրամփը Կը Ստորագրի Օրինագիծը

Մենք Դեռ Պէտք Է Աշխատենք Սենատի Առաջնորդների Հետ, Իսկ Թրամփը Կը Ստորագրի Օրինագիծը

ԱՄՆ Կոնգրէսի Ներկայացուցիչների պալատը ձայների մեծամասնութեամբ ընդունել է Արցախում հումանիտար ականազերծման համար 1.4 մլն դոլար օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ բանաձեւը: Այս ուղղութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի կատարած աշխատանքների, ադրբեջանական յարձակումների, Սենատի հետ տարուող աշխատանքների եւ Տանըլտ Թրամփի ստորագրութեան հաւանականութեան շուրջ Armenia Today-ը զրուցել է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախմբի մամուլի պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեանի հետ: -ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ի՞նչ աշխատանքներ է կատարել բանաձեւի...

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորըտնիր առաջնորդ Շահէ արք․ Փանոսեանին եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց զայն՝ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ շնորհուած արքութեան տիտղոսին համար։ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ իր վստահութեան քուէն սրբազան հօր տուաւ՝ ի մտի ունենալով լիբանանահայ համայնքի մէջ անոր ունեցած հինգ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը «Քորոնա» համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին եւ կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին,  Անթիլիասի մայր տաճարին ու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին համարեա առանց ժողովուրդի ներկայութեան ու կրճատուած թիւով դպիր-դպրուհիներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով...

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան  Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ  Իրանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ Քննարկուած Են Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ Զօրավարժութիւնները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը 29 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ, գնդապետ Մեհտի Ուեճտանին: Այս մասին «Երկիր»-ին կը յայտնեն  Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան հատուածին...

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան  «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին. «Ազրպէյճանին  Զէնքի Վաճառքը Մահացու Է»

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին. «Ազրպէյճանին Զէնքի Վաճառքը Մահացու Է»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան ըսած է, որ Ազրպէյճանին վաճառուած իսրայէլական զէնքը կ’օգտագործուի հայկական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար, եւ Իսրայէլը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ երկրին զէնք վաճառելը: Իսրայէլական «Ճերուզալեմ փոսթ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ հրապարակուած է 29 յուլիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նկատել տուած է, որ Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելը կը շարունակէ մնալ չլուծուած խնդիր երկու...

Մարսէյի Հայութիւնը Կը Մերժէ Ազրպէյճանական  Ոտնձգութիւնները Եւ Կը Զօրակցի Հայկական Բանակին

Մարսէյի Հայութիւնը Կը Մերժէ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւնները Եւ Կը Զօրակցի Հայկական Բանակին

28 յուլիսին, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարսէյի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուող ազրպէյճանական սադրանքներուն: Ցոյցին մասնակից մը «Ազդակ»-ին հաղորդեց, որ ներկայ էին մօտ 250 հայեր, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայր, երիտասարդներ եւ տարեցներ անխտիր,...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի  Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ազգօգուտ գործունէութիւնը, որ յաջողած է իր հովանին տարածել ամէն տեղ, ուր կարօտեալ հայ եւ կամ հայկական շունչով ազգային հաստատութիւն կայ, անվերապահօրէն կրցած է հասնիլ հոն, ուր ազգային գիտակցութիւնն ու յանձնառու պատասխանատուութիւնը կանչած են զինք: Երէկ, չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Այնճար քաղաքապետարանի շէնքը ազգային միասնականութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութեան ժամադրավայրն էր: Արդարեւ, հոն այցելեց պատկառելի...

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ  Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը  Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար»  Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար» Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

«Ազդակ»-ի 14-րդ Առցանց Լսարան «Ազդակ»-ի 14-րդ առցանց լսարանի զեկուցողն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ զեկուցեց «Արեւմտահայերէնի աշխատանքները եւ Լիբանանի ռազմավարութիւնը. սկզբունքներ, ծրագիրներ եւ մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթին մասին: Զեկուցումը կը բաղկանար երեք մասէ: Սկզբունքներ գլխուն տակ դասախօսը  խօսեցաւ աշխատանքներու ազդեցիկ ըլլալու հրամայականին, հայերէնի եւ հայեցիի տարբերութեան, արեւմտահայերէնը մայրենի կամ երկրորդական լեզու դասելուն, համասփիւռքեան մօտեցումի անկարելիութեան,...

Ազրպէյճանի Նախաձեռնած Սադրանքներուն Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին.  ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը

Ազրպէյճանի Նախաձեռնած Սադրանքներուն Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը

Երէկ` 28 յուլիսին մարսէյաբնակ հայերը, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն: Հայ Դատի Յանձնախումբի Եւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց` Վանքուվըրի Մէջ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան»  մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, 26 յուլիսին...

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Իր Պաշտօնակից Նասիֆ Հըթթիի Հետ

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Իր Պաշտօնակից Նասիֆ Հըթթիի Հետ

27 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ ամրապնդելու ուղիներուն շուրջ: «Քորոնա» ժահրին տարածումով պայմանաւորուած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներու յաղթահարման ծիրին մէջ` երկուստեք կարեւոր նկատեցին միջազգային համագործակցութեան ու փոխադարձ օգնութեան դերը: Հայաստանի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին նաեւ միջազգային...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանի Ռազմաքաղաքական Իրավիճակը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանի Ռազմաքաղաքական Իրավիճակը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 28 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան ռազմական եւ ռազմաօդային կցորդ, գնդապետ Անտրէյ Կրիշչուքը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը քննարկած են երկկողմանի զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտութեան համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական...

Թշնամիի Կրակոցէն Զոհուած Քափիթենին Շնորհուած Է  «Մարտական Խաչ» Ա. Աստիճանի Շքանշան

Թշնամիի Կրակոցէն Զոհուած Քափիթենին Շնորհուած Է «Մարտական Խաչ» Ա. Աստիճանի Շքանշան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով «Մարտական խաչ» Ա. աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 27 յուլիսին թշնամիի կողմէ արձակազէնէ արձակուած կրակոցէ զոհուած պայմանագրային զինուոր Աշոտ Միքայէլեանը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, յետմահու պարգեւատրման հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: «Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու  մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի առաջին եւ 9-րդ...

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ իրավիճակի սրման եւ այդ գծով ՀՅԴ սփիւռքեան  կառոյցներուն ու Հայ դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ազրպէյճանական յարձակումներուն լոյսին տակ աշխարհով մէկ կատարուած ցոյցերուն մասին խօսելով՝ ան...

Ակնարկ.    Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ակնարկ. Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան` ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար: Ակնկալութիւնը պարզ է: Ճեղքել տնտեսական պաշարումը եւ վերագործարկել օժանդակութիւններու ծրագիրը: Ֆրանսայի պաշտօնական կարգախօսը` «Օգնեցէ՛ք մեզի, որպէսզի կարենանք օգնել ձեզի» տեսքով, բարեկարգչական խնդիրներու կը վերաբերի: Լիբանան պէտք է...

«Հերոսութիւն Չէ Արհամարհել Այս Համաճարակը. Ձեզի Եւ Ձեր Շրջապատին Համար Զգո՛ւշ Եղէք».  Յակոբ Բագրատունիի Կոչը` Լիբանանահայութեան

«Հերոսութիւն Չէ Արհամարհել Այս Համաճարակը. Ձեզի Եւ Ձեր Շրջապատին Համար Զգո՛ւշ Եղէք». Յակոբ Բագրատունիի Կոչը` Լիբանանահայութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յատուկ եւ սրտագին խնդրանքով դիմեց լիբանանահայութեան` դիտել տալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը վտանգաւոր բնոյթ ստացած է Լիբանանի մէջ, եւ օրէ օր կը բազմանան վարակուողներուն թիւերը: «Հետեւաբար, իմ բոլոր քոյրերէս ու եղբայրներէս, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն խնդրելով կը խնդրենք, խնդրելով կը պահանջենք, որ զգուշ ըլլան: Մի՛ արհամարհէք այս համաճարակը, այս ժահրով վարակուիլը ամօթ չէ,...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 23

«Քորոնա» ժահրի վարակումը ստացած է վտանգաւոր բնոյթ: Առ այդ, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` գումարելով իր հերթական նիստը, անհրաժետ նկատեց կատարել հետեւեալ փոխանցումները.- ա) Անհրաժեշտ է ծայրայեղ զգուշութիւն ցուցաբերել ներկայ փուլին: Անհատական թէ հաւաքական գիտակցութիւնը խիստ անհրաժեշտ է: Կարելի չէ թեթեւութեամբ մօտենալ համաճարակի վտանգին: բ) Անհրաժեշտ է բծախնդիր կերպով հետեւիլ կանխազգուշական միջոցներուն: Անխուսափելի է դիմակի գործածութիւնը, պէտք է պահպանել ընկերային հեռաւորութիւնը եւ...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

ԿՈՉ` Պուրճ Համուտի Բնակիչներուն Ու Լրատուամիջոցներուն

«Քորոնա» համաճարակը` հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու ճգնաժամերուն վրայ աւելնալով, վատթարացուց առողջապահական, տնտեսական, դրամական ու ապրուստի պայմանները: Թէեւ լրատուական արշաւներուն շնորհիւ բարձրացաւ ընդհանուր գիտակցութիւնը, ինչ որ որոշ չափով նպաստեց կասեցնելու համաճարակի տարածումը, հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել լրատուական միջոցներուն եւ լրագրողներուն, գիտակցութիւն եւ յանձնառարութիւն ցուցաբերած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ մեծ ճիգ ի գործ դրած պետական կառոյցներուն ու միութիւններու, սակայն վերջին շրջանին...

Մեր Պայքարը

Մեր Պայքարը

Շաբաթներէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը թիրախ դարձած է ազրպէյճանական նենգ ու դաժան ոտնձգութիւններու: Կիրակի, 12 յուլիս 2020-էն ի վեր ազրպէյճանական զինուած ուժերը, խախտելով 1994-ի զինադադարը, Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանին ուղղութեամբ լայնածաւալ ներթափանցման փորձեր եւ յարձակումներ կը կատարեն: Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք կուսակցութիւններու ուսանողական-երիտասարդական թեւերը խստիւ կը դատապարտեն Ազրպէյճանի գործած յարձակումներն ու կատարած ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ ներխուժման փորձերը, որոնք ձախողութեան...

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ իրավիճակի սրման եւ այդ գծով ՀՅԴ սփիւռքեան  կառոյցներուն ու Հայ դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն: «Տաւուշեան դէպքերէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բնականաբար, ձեռնարկեց անմիջական աշխատանքներու, առաջին հերթին` քարոզչական մարզին...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն, Էնտրիւ Շոֆըրը` Միացեալ Նահանգներէն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը յայտարարութիւն հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ անոնք ողջունեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 16 յուլիսէն հաստատուած յարաբերական կայունութիւնը: Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին` օգտուելու աշխուժ մարտական  գործողութիւններու թուլացումէն եւ նախապատրաստուելու առարկայական բանակցութիւններու` տագնապին համապարփակ լուծում...

Page 425 of 797 1 … 424 425 426 … 797

Արխիւներ