Փաշինեան Ռուսիան Ազգամիջեան Բախումներու Թատերաբեմ Դարձնելու Փորձ Կը Նկատէ Ազրպէյճանցիներուն Քայլերը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 յուլիսին հարցազրոյց տուած է ռուսական պատկերասփիւռի կայանի մը եւ անդրադարձած է Ռուսիոյ մէջ ապրող ազրպէյճանցիներուն կողմէ ձեռնարկուող հակահայկական յարձակումներուն` դիտել տալով, որ անոնք ո՛չ միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական հռետորաբանութեան արտայայտութիւնն են, այլ նաեւ` Ռուսիան ապակայունացնելու, զայն ազգամիջեան բախումներու թատերաբեմ դարձնելու փորձ: «Կասկած չկայ, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ունին բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները իրադարձութիւններու նման զարգացում թոյլ...




















