Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կը Յաղթահարենք Նաեւ Ա՛յս Փուլը

Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցնցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ: Լիբանանը երկար ամիսներէ ի վեր տարածաշրջանային քաղաքականութեան հետ կապուած օրակարգերու պատճառով շրջափակուած է: Արգելակուած են ամէն տեսակի օժանդակութիւն, աջակցութիւն երկրին հասցնելու բոլոր տեսակի ֆինանսական եւ տնտեսական գործընթացները: Հիմա աղէտի գօտիի յայտարարութեամբ կ՛ակնկալուի...

Պէյրութը Աղէտի Գօտի. 135 Զոհ,  5000 Վիրաւոր Եւ 80 Անյայտ Կորսուած

Պէյրութը Աղէտի Գօտի. 135 Զոհ, 5000 Վիրաւոր Եւ 80 Անյայտ Կորսուած

Մինչ Մայրաքաղաքն Ու Արուարձանները Կը Փորձեն Իրենց Վէրքերը Ամոքել, Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Այսօր Լիբանան Կը Հասնի Անտարակոյս Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ երկարատեւ, իսկ այդ պայթումին հետեւանքները արդէն իսկ սկսան երեւան գալ երէկ առաւօտեան, երբ մարդիկ արթնցան նկատելու պայթումին երկրաշարժային տարողութիւնը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շարունակուեցան անյայտ կորսուածները փնտռելու, ինչպէս նաեւ պայթումին դրդապատճառները բացայայտելու աշխատանքները: Փրկարար աշխատանքներու...

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայութեան

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայութեան

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին: Վեհափառ հայրապետը վարչապետին ներկայացուց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին եւ յատկապէս պայթումին պատճառով Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին: Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ այս գծով մնայուն կապի մէջ ըլլայ վեհափառ հայրապետին...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Շրջանը` Աղէտի Գօտի  Երկրաշարժի Համազօր Պայթումը Խլեց  Աւելի Քան 78 Զոհ Եւ 4000 Վիրաւոր

Պէյրութի Նաւահանգիստի Շրջանը` Աղէտի Գօտի Երկրաշարժի Համազօր Պայթումը Խլեց Աւելի Քան 78 Զոհ Եւ 4000 Վիրաւոր

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին հսկայական պայթում մը ցնցեց Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն պատճառով  ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ` իր արուարձաններով, վնասներ եւ աւերներ արձանագրուեցան: Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուեցան` արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Տնտեսական ծանր տագնապ եւ ամբողջ աշխարհին նման «Քորոնա»-ի համաճարակը դիմագրաւող լիբանանցին նոր ցնցում մը ապրեցաւ այս պայթումին իբրեւ հետեւանք: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալպեր Պալապանեան երէկ երեկոյեան այցելեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Այցելութեան պահուն պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումը: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այն պահուն, երբ Հարիրի յայտնեց, թէ ինք յանձնառու է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան, երկրին գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

Պէյրութը ցնցած հսկայական պայթումէն անմիջապէս ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի հայահոծ  թաղերը եւ անձամբ ստուգեց հայորդիներուն կրած նիւթական ահաւոր վնասները: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ: Վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ իր...

«Շաղզոյեան» Կեդրոնը Ծանր Վնասներու Ենթարկուեցաւ

«Շաղզոյեան» Կեդրոնը Ծանր Վնասներու Ենթարկուեցաւ

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ Երէկուան հսկայական պայթումին պատճառով «Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան: Գրեթէ բոլոր գրասենեակներուն դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները: «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ աւերը աննախընթաց է` ո՛չ միայն պատուհաններու ապակիներուն փշրուելուն...

Պէյրութի Մէջ Պատահած Պայթումին Պատճառով Նաեւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը Կրեց Նիւթական Վնասներ

Երէկ Յետմիջօրէին Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Պատահած Հսկայ Պայթումին Պատճառով Անթիլիասի Մայրավանքը Եւս Կրեց Նիւթական Մեծ Վնասներ: Այսպէս, Վնասուեցան Մայր Տաճարի Դռները, Ջահերը, Պատուհանները, Նոյնպէս` Վեհարանին, Հայագիտական Ու Մանկավարժական Կեդրոններուն, Ինչպէս Նաեւ «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ Վնասներ Արձանագրուեցան:

Ակնարկ.  Չափորոշիչներ

Ակնարկ. Չափորոշիչներ

Կրթական բարեփոխումներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ գրականութեան վերաբերող նախագիծը ստեղծած է թէժ մթնոլորտ հայրենիքի մէջ: Կարելի է տեսականօրէն ընդգծել,  որ արմատական իշխանափոխութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ հիմնական փոփոխութիւններու կը ձգտի եւ քաղաքական  վարքագիծը առանցքային կը դարձնէ տարբեր մարզերու եւ զանոնք ղեկավարող գերատեսչութիւններու աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ: Որեւէ հիմնական փոփոխութիւն տեղի կու տայ բանավէճերու, գաղափարներու, տեսակէտներու, նոյնիսկ հասկացողութիւններու առումով միտքերու...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Հաղորդագրութիւն. ՀՀ ԿԳՄՄ Նախարարութեան Ներկայացուցած Կրթութեան Չափորոշիչներու Նախագիծին Մասին

Ամիսներէ ի վեր, ամբողջ աշխարհը մխրճուած է խորունկ ճգնաժամի մէջ, իսկ համահայկական հասարակութիւնը ա՛լ աւելի: Սփիւռքահայութեան միջինարեւելեան գաղութները գոյատեւման պայքար կը տանին, իսկ մնացեալ գաղութները լծուած են անոնց օժանդակութեան հասնելու աշխատանքին: Այս արդէն ցաւալի վիճակին բարդուեցաւ թագաժահրի համավարակը, որ փաստօրէն ամլացուց մարդկութեան` եւ ի մասնաւորի հայկական գաղութներու բնականոն գործունէութիւնը: Միւս կողմէ, թագաժահրէն ուժեղ կերպով ցնցուած մեր հայրենիքին մէջ տեղի կ’ունենան...

«Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Ներկայացնեմ Երիտասարդութեան Ձայնը, Իսկ Լիբանանցի Երիտասարդներուն Կ՛ըսեմ. Լիբանանը Ձեզի Կը Պատկանի»  Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

«Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Ներկայացնեմ Երիտասարդութեան Ձայնը, Իսկ Լիբանանցի Երիտասարդներուն Կ՛ըսեմ. Լիբանանը Ձեզի Կը Պատկանի» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով երկիրը փակելու կառավարութեան որոշումին, նախարարութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ընդհանուր իրավիճակին: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ բոլոր մարզերը յանձնառու կը մնան ընդհանուր զօրաշարժին ենթարկուելու որոշումին` գիտնալով հանդերձ, որ բոլոր մարզերը փակ պահելով երկրին...

Տեղի Ունեցաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Նախաձեռնութեամբ Լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, հինգշաբթի, 30 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը: Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի անդամները, Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները: Աւելի քան երկու...

Խմբագրական.  Սպիտակ Բանակն Ու Պատերազմը  Յաղթելու Նոր Հնարաւորութիւնը

Խմբագրական. Սպիտակ Բանակն Ու Պատերազմը Յաղթելու Նոր Հնարաւորութիւնը

Լիբանանեան բանակի օրուան նշումը եթէ մէկ կողմէ փառատօնային առումով իբրեւ տարողութիւն համեմատաբար անշուք է, միւս կողմէ, սակայն, անշքութիւնը պատճառած համավարակի պայմաններուն հետ առնչուելով, ուղերձներ կը պարփակէ: Վարակի դէմ պայքարը եւս պատերազմ է: Նոր տեսակի պատերազմ` կենսաբանական բնոյթով, որ նոր տեսակի զինուորներու, նոր տեսակի կանխագիլման զէնքերու եւ նոր տեսակի ռազմավարական մօտեցումներու կարիք ունի: Այստեղ պատուաստանիւթի գիւտի մրցապայքարը, նախազգուշական միջոցներու ձեռքբերումը, հայթայթումն...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Պատմութիւնը`  Համաշխարհային Պատմութեան Կողքին,  Պէտք Է Ունենայ Յատուկ Շեշտադրում»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Պատմութիւնը` Համաշխարհային Պատմութեան Կողքին, Պէտք Է Ունենայ Յատուկ Շեշտադրում»

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբը յայտնած է իր տեսակէտը Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրապարակած հանրակրթութեան չափորոշիչներու մասին, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի, որ անթոյլատրելի է առանց ռազմավարութեան ընդունման հանրակրթութեան չափորոշիչներու վերանայումներ կատարելը: Այս առնչութեամբ Մոնրէալի «Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ: «Մենք կը հաւատանք, որ հայոց լեզուն, հայ մշակոյթն...

Նախարարներ Մնացականեան Եւ Մայիլեան  Ընդգծեցին Զինադադարի Դրութեան Վերահսկման  Մեքանիզմներու Ներդրման Հրամայականը

Նախարարներ Մնացականեան Եւ Մայիլեան Ընդգծեցին Զինադադարի Դրութեան Վերահսկման Մեքանիզմներու Ներդրման Հրամայականը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 31 յուլիսին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 12 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի մարզի հատուածին մէջ` Ազրպէյճանի կողմէ սահմանամերձ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորմամբ, ուղղակի զինեալ յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին: Կողմերը ընդգծեցին, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը միտումնաւոր կերպով սրելու Ազրպէյճանի հերթական...

Նախարար Տօնոյեան Մեկնաբանեց Ազրպէյճանի  Ռազմատենչ Յայտարարութիւնները. «Այնպէս Չէ,  Որ Մենք Հրամանի Չենք Սպասեր»

Նախարար Տօնոյեան Մեկնաբանեց Ազրպէյճանի Ռազմատենչ Յայտարարութիւնները. «Այնպէս Չէ, Որ Մենք Հրամանի Չենք Սպասեր»

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութեան կատարած մեկնաբանութեան մէջ յայտարարած է, որ իրեն համար անհասկնալի են Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները: «Ազրպէյճանի ընդհանուր հրամանատարը օգտագործած է «քանի ուշ չէ» արտայայտութիւնը, որ` հայկական ուժերը պէտք է լքեն իր նշած տարածքները: Հաշուի առնելով, որ մեր վարչապետը եւ Արցախի նախագահը նման արտայայտութիւններով չէ, որ հանդէս կու գան միշտ, հակառակը` կոչ կ՛ուղղեն խաղաղութեան ու...

Լիբանանեան Բանակի 75-ամեակի  Նշում` Մաղթանքներու Ընդմէջէն

Լիբանանեան Բանակի 75-ամեակի Նշում` Մաղթանքներու Ընդմէջէն

«Քորոնա» համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով լիբանանեան բանակի տօնը այս տարի անցաւ առանց աւանդական ձեռնարկներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը կեդրոնանային Սպայից վարժարանի շրջանաւարտ սերունդի հանդէսով, սուրերու տուչութեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ զինուորական տողանցքով: Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 1 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Նախագահ Աուն Սպայից վարժարանի շրջանաւարտ սերունդը կոչեց «Բանակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի  Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը

Ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները: Առաջնորդ սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ առաջնորդ ընտրութեան առիթով իրեն շնորհած էր արքութեան տիտղոսը: Ապա, սրբազանը ներկայացուց թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն...

Զօրակցութիւն Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Սահմաններուն Վրայ Ծառայող Խիզախ Հայ Զինուորներուն

Զօրակցութիւն Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Սահմաններուն Վրայ Ծառայող Խիզախ Հայ Զինուորներուն

ՀՅԴ Յունաստանի Աթէնքի Կոմիտէութիւններու կազմերը, անցնող շաբաթավերջին, համախմբուեցան Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, արտահերթ առցանց հանդիպումի մը մասնակցելու նպատակով։ Այս հանդիպումը նախատեսուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղեկութիւններ քաղելու եւ քննարկելու համար Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ կատարուած՝ Ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին վերջին իրադարձութիւններն, ինչպես նաև Հայաստանի քաղաքական զարգացումները ու տիրող իրավիճակը եւ լուսաբանական հարցումներու պատասխաններ տրուեցան։ Քննարկուեցան նաեւ Յունաստանի քաղաքական...

Page 424 of 797 1 … 423 424 425 … 797

Արխիւներ