Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

September 19, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս հաստատումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ` թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ:

Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ գրաւեց լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, «Քորոնա» ժահրի ստեղծած կացութիւնը եւ այդ գծով կատարուած աշխատանքներն ու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք թեմերուն զեկուցումներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, իր հայրական գնահատանքը յայտնեց թեմերու կազմակերպ ու կենսունակ կեանքին, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովուրդ ուղղուած անոնց ծառայութիւններուն նկատմամբ ու բնականաբար անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց:

«Բնականաբար թեմերը կ՛ապրին տարբեր պայմաններու մէջ, ներքին տարբեր դրուածքներ ունին, որոշ չափով տեղական տարբեր մտահոգութիւններ, սակայն նաեւ ունին հասարակաց եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ: Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տեղական պայմաններուն առնչուած տարբերութիւնները եւ շեշտել ընդհանրական ու համահայկական բնոյթ ունեցող խնդիրները, երեւոյթներն ու ծրագիրները», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց «սփիւռքին կազմակերպչական հզօրութիւն տալու, անոր մարդկային ներուժը համադրելու, համահայկական ծրագիրներու եւ ազգային պահանջատիրութեան գծով կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց առաւել հզօրացման նպաստելու իր հաւաքական յանձնառութիւնը ամրացնելու անյետաձգելի հրամայականը»: Վեհափառ հայրապետը խորապէս կը հաւատայ, թէ «անհրաժեշտ է գաղութները իրենց ներամփոփ ու ինքնակեդրոն վիճակներէն դուրս բերել եւ համախմբել համահայկական շրջագիծին մէջ` ի խնդիր համազգային առաջնահերթութիւններու իրագործման: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը կ՛ենթադրէ սփիւռքի վերակազմակերպումը, եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, երեք կուսակցութիւններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն դերին ներդաշնակումը աւելի քան երբեք կը մնայ վճռական», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.