Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորանքներ` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 29-ամեակին Առիթով

September 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է շարք մը երկիրներու նախագահներէ:

Ռուսիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նախագահները եւ Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորած են Հայաստանի վերանկախացման 29-ամեակը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է. «Մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի աւանդութիւններուն վրայ: Դաշնակցային յարաբերութիւններու, բազմակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացումը, անկասկած, կը բխի մեր եղբայրական ժողովուրդներու երկարաժամկէտ շահերէն եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման»:

Իսկ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին ըսած է. «Շատ ուրախ եմ ազգային տօնին  առիթով ձերդ գերազանցութեան յղել իմ շնորհաւորանքներս եւ լաւագոյն բարեմաղթանքներս` երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն մաղթելով Հայաստանի ժողովուրդին յառաջիկայ տարուան ընթացքին»:

Շնորհաւորական Ուղերձներ`
Արաբական Երկիրներէն

Հայաստանի վերանկախացման 29-ամեակին առիթով նախագահ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է արաբական շարք մը երկիրներու թագաւորներէ, նախագահներէ եւ իշխաններէ:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր ուղերձին մէջ նշած է. «Բարձր կը գնահատեմ մեր բարեկամական երկիրներու յարաբերութիւնները եւ խորապէս շահագրգռուած եմ տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց հետագայ խթանումով»:

Նախապէս հաղորդած էինք, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը շնորհաւորագիրներ յղած են Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւոր Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները յղած է նախագահ Սարգսեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին` յուսալով, որ մնայուն յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապրին:

Մոհամետ պըն Սալման իշխանը իր շնորհաւորագիրին մէջ Հայաստանին եւ հայութեան յայտնած է յաւելեալ բարգաւաճման իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները:

Շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ ալ Նահեանը, իսկ  Ապու Տապիի գահաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան նոյնպէս շնորհաւորած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշուած է. ««Պատիւ ունիմ ձերդ գերազանցութեան յղելու ամենաջերմ շնորհաւորանքներս եւ բարեմաղթանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով:

Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու բարեկամ ժողովուրդին` յառաջընթաց եւ բարգաւաճում»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսած է, թէ բարձր կը գնահատէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի նեցուկն ու զօրակցութիւնը պաղեստինեան դատին` մաղթելով երկու ժողովուրդներու յարատեւ բարեկամութիւն:

Հայաստանի վերանկախացման տօնին առիթով նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորագիր յղեց նաեւ Քաթարի իշխանի տեղակալ Ապտալլա պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.