Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ, 16 սեպտեմբերին այցելեց սահմանային տարբեր հատուածներ եւ ծանօթացաւ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին: Լուրը հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահ Յարութիւնեան նշեց, որ հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան խնդիրները միշտ ալ կը գրաւեն կառավարութեան ուշադրութիւնը, իսկ անոնց լուծման ուղղութեամբ ջանքեր պիտի չխնայուին: Նախագահը նշեց նաեւ, որ հակառակորդի որեւէ արկածախնդրութիւն պիտի արժանանայ հայկական կողմի ծանր ու կործանիչ հակահարուածին: