Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահ. «Լիբանանահայ Գաղութի Պահպանման Կը Նպաստէ Նաեւ Արցախը»

Արցախի Նախագահ. «Լիբանանահայ Գաղութի Պահպանման Կը Նպաստէ Նաեւ Արցախը»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 25 օգոստոսին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրներուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցը: Ըստ անոր, բացի պետական պիւտճէի պահուստային ֆոնտի միջոցներէն օրերս...

Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի Կեցուածքը Լիբանանին Առնուազն 48 Միլիոն Տոլարով Աջակցելու

Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի Կեցուածքը Լիբանանին Առնուազն 48 Միլիոն Տոլարով Աջակցելու

Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխատանքի լծուեցաւ Սպիտակ տունէն եւ Քոնկրեսէն աջակցութիւն ապահովելու համար` Լիբանանին: Առ այդ, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, արդէն իսկ սկսած է 18 միլիոն տոլարի նպաստը բաժնել ու յաւելալ 30 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն վաւերացուցած է:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Անթիլիասի Ամբողջական Զօրակցութիւնը` Սուրիոյ Հայութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 25 օգոստոսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ` մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով: Առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին զեկոյց մը տուաւ «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան պատճառով հայութեան կեանքին մէջ յառաջացած հետեւանքներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս գոհունակութեամբ հաստատեց, որ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած, եւ շատեր առողջացած են, սակայն...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին

Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին փուլի աշխատանքները, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կը ծանուցէ, որ շաբաթ 29 եւ երկուշաբթի 31 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:00 մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 4:00, ստորեւ ճշդուած եկեղեցիներուն մէջ, Վերականգնումի մարմինին անունով կամաւորներ պիտի արձանագրեն բնակարանային վնասները այն հայրենակիցներուն, որոնք կարիքը ունին Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աջակցութեան: 1.- Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ...

«Հայաստանը Եւ Լիբանանը Զբօսաշրջութեան  Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Մեծ Ներուժ Ունին»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Սփիւռքը Հայաստանի Ամէնէն Զօրաւոր Յենարանն Է». Աւետիս Կիտանեան

Զրոյցը վարեց` ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅՈՎՀԱՆԻԻՍԵԱՆ «Թերթ»-ը հետեւեալ զրոյցը ունեցած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ` 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի պայմաններուն բերումով հայ համայնքին դիմաց ծագած դժուարութիւններուն մասին: «ԹԵՐԹ».- Լիբանանում տեղի ունեցած աղէտից շաբաթներ են անցել, բայց հետեւանքները դեռ վերացնելը երկար կը տեւի: Ի՞նչ իրավիճակ է հիմա տիրում Լիբանանում եւ դա...

Խմբագրական.  Նախընտրական Խոհեր

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութեան Հրամայականը

Միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան մակարդակներու վրայ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող յայտարարութիւններն ու մամլոյ հրապարակումները կ՛ընդգծեն պայմանական մօտեցում մը` միջազգային ընտանիքէն դէպի լիբանանեան բեմ: Թէեւ երեւցող կողմը միջազգային ընտանիքին  կողմէ Ֆրանսան է, որ աշխուժ միջնորդութիւն կատարելով փորձ կը կատարէ հանգուցալուծում ապահովելու, այդուհանդերձ կայ համոզում, որ անիկա բոլորովին ինքնուրոյն չի շարժիր Լիբանանի մէջ: Մինչ, Փարիզը սուրիական, իրաքեան թատերաբեմերէն իր բացակայութիւնը կ՛ուզէ հակակշռել...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

«Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրն Անանց Փաստաթուղթ Է»

Նախագահ Սարգսեանի Ուղերձը` Անկախութեան Հռչակագիրի 30-ամեակին Առիթով Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի 30-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ մը յղած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքին հայ ժողովուրդին. «Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ, Սիրելի՛ հայրենակիցներ Արցախում եւ սփիւռքում, Շնորհաւորում եմ Անկախութեան հռչակագրի 30-ամեակի առթիւ: 30 տարի առաջ, 23 օգոստոս 1990-ին, արտաքին եւ ներքին աննախադէպ բարդ պայմանների մէջ, Հայկական խորհրդային հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդի առաջին...

Սկիզբ Առաւ «Օգնիր  Եղբօրդ-Լիբանան» Ծրագիրը

«Օգնի՛ր Եղբօրդ – Լիբանան» Ծրագիրին 4.800.000 Դրամի Նուիրատուութիւն Կատարած Է «Հայրենիք» Հիմնադրամը

«Օգնի՛ր եղբօրդ - Լիբանան» ծրագիրէն կը յայտարարեն, թէ անոնք ամէն օր  նուիրատուութիւններ կը ստանան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ շուտով կարելի պիտի ըլլայ սննդեղէնի  տուփերով բեռնուած օդանաւը ուղարկել Լիբանան: Անոնք կը տեղեկացնեն նաեւ, որ երէկ ծրագիրին 4.800.000 դրամի նուիրատուութիւն կատարած է նաեւ «Հայրենիք» հիմնադրամը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանահայութեան Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանահայութեան Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անցեալ շաբաթ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Վեհափառ հայրապետն ու Վ. Օհանեան-Գէորգեանը քննարկեցին ներլիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը, հայ համայնքին վերաբերող հարցերը` ընդգծելով լիբանանահայութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը ընդգծելու, որ պէտք է միշտ լիբանանահայութեան կողքին կանգնիլ:

Առաջնորդ Սրբազանը Կ՛ընդունի Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Առաջնորդ Սրբազանը Կ՛ընդունի Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Երէկ` երկուշաբթի, 24 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով ընդհանուր վնասներու արժեւորումը կատարող Լիբանանի շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներէն զօրավար Քեմիլ Ֆայսալն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներէն Յակոբ Լուսարարեան: Հաւաքին քննարկուեցան բնակարաններու ու վաճառատուներու կրած վնասներու արժեւորման ու...

«Վանայ Ձայն»-ը` Պէյրութի Աղէտէն Վերականգնումի Մեր Ձայնը

«Վանայ Ձայն»-ը` Պէյրութի Աղէտէն Վերականգնումի Մեր Ձայնը

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը չխնայեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող «Վանայ ձայն»-ին, որուն գրասենեակները ենթարկուեցան նիւթական լուրջ վնասներու: Աղէտալի պայթումին ցնցումը պատճառ դարձաւ լուրերու խմբագրատան առաստաղին մեծ մասին փլուզումին, կարգ մը համակարգիչներու փճացումին եւ ռատիոկայանի դռներուն ու պատուհաններուն քանդումին: Բարեբախտաբար, սփռումի սարքերը մնացին անվնաս, եւ ռատիոկայանը անխափան շարունակեց իր գործունէութիւնը, առանց վայրկեան մը դադրելու իր առաքելութենէն: Պայթումին յաջորդ օրն իսկ, առաւօտեան կանուխ...

Նախարար Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Սերկէյ Շոյկուի Հետ

Նախարար Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Սերկէյ Շոյկուի Հետ

23 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Այս մասին «Երկիր»-ին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային անվտանգութեան իրավիճակին եւ երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է յուլիսեան մարտական գործողութիւններէն ետք  շրջանին...

«Պէտք Է Կազմել Փրկութեան Կառավարութիւն Մը, Որ Նկատի Պէտք Է Ունենայ Բոլոր Բարեկարգումներու Իրագործումը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պէտք Է Կազմել Փրկութեան Կառավարութիւն Մը, Որ Նկատի Պէտք Է Ունենայ Բոլոր Բարեկարգումներու Իրագործումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 22 օգոստոս 2020-ին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ցաւով յայտնեց, որ թերթերուն մէջ լոյս տեսած այն մեկնաբանութիւնները, թէ անկարելի է մօտիկ ապագային նոր վարչապետի նշանակում կատարել եւ կառավարութիւն կազմել, իրականութեան կը համապատասխանեն: «Բայց եւ այնպէս տակաւին յոյս կայ...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աշխատանքներու Վերաբերեալ

4 օգոստոսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումէն ետք, քանատահայ գաղութը միասնականօրէն լծուեցաւ լիբանանահայութեան օժանդակելու անյետաձգելի աշխատանքին: Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը առաջին իսկ օրէն հետեւողական ձեւով կապի մէջ մտած է Քանատայի պետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ջերմօրէն ողջունած Լիբանանի համար նախատեսուած Քանատայի աւելի քան 30 միլիոն տոլարի օժանդակութեան ծրագիրի յայտարարութիւնը: Պետութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ...

Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց Մամուլի Գործիչներուն Համախումբ Աշխատանքը

Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց Մամուլի Գործիչներուն Համախումբ Աշխատանքը

Ուրբաթ առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջինարեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել հետագայ աշխատանքներուն մասին: Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ՛ առցանց նիստերով կ՛աշխատի իրականացնել համախմբումի տարբեր ձեւաչափերով նիստեր եւ քննարկումներ: Այդ ծրագիրներէն բխած...

ԼՕԽ-ը Կը Շարունակէ Իր Ծառայութիւնները

ԼՕԽ-ը Կը Շարունակէ Իր Ծառայութիւնները

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը անցնող օրերուն շարունակեց իր բժշկական ծառայութիւնները: Այսպէս, «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար ձեռք բերուեցան յատուկ նախազգուշութիւններ, եւ ճշդուեցաւ պարագաները ընդունելու յատուկ ժամանակացոյց մը: Կեդրոնը ընդունեց մեծաթիւ պարագաներ, որոնց մատուցեց բժշկական, տարրալուծարանային եւ այլ սպասարկութիւններ: Շտապ օգնութեան բաժինին մէջ շարունակուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորուած պարագաներուն հետեւողական դարմանումները, հիւանդապահներու կողմէ կարգ մը պարագաներու բնակարաններու այցելութիւնները, ինչպէս...

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է  ՀՅԴ Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը: Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է Դաշնակցութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը համահայկական խնդիրներու լուծման գործին մէջ` յատկապէս ընդգծելով Արցախի անկախութեան կերտման դժուարին ճամբուն եւ հետագայ ձեռքբերումներուն մէջ կառոյցին ներդրած զգալի աւանդը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են լիբանանահայերուն աջակցութեան, անհրաժեշտութեան պարագային` անոնց հայրենադարձութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի անվտանգային համակարգին ու...

Սկիզբ Առաւ «Օգնիր  Եղբօրդ-Լիբանան» Ծրագիրը

Սկիզբ Առաւ «Օգնիր Եղբօրդ-Լիբանան» Ծրագիրը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը կը նախաձեռնեն «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրին: Այս առիթով հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իրավիճակը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Համասփիւռքեան կեանքին մէջ անուրանալի դերակատարութիւն ունեցած, մայր հայրենիքի հոգերը մշտապէս կիսած Լիբանանի հայ համայնքը այսօր դժուար ժամանակներ կ՛ապրի: Սփիւռքի ամէնէն կենսունակ համայնքը, Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է  Շուտով Սկսիլ  Ժողովուրդի Վնասուած Տուներուն  Վերանորոգման Աշխատանքին»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Շուտով Սկսիլ Ժողովուրդի Վնասուած Տուներուն Վերանորոգման Աշխատանքին»

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներու Լիբանանի ներկայ անդամները: Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, վեհափառը ամփոփ գիծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները. այցելութիւններ հայկական թաղեր ու եկեղեցիներ, հանգանակութեան կոչ,...

Տեղեկագիր 4 .  Օժանդակութեան Եւ Վերականգնումի  Աշխատանքներ` Տարբեր Ուղղութիւններով

Տեղեկագիր 4 . Օժանդակութեան Եւ Վերականգնումի Աշխատանքներ` Տարբեր Ուղղութիւններով

1.- Անցնող օրերուն Հայկական երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ  երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ հայ թաղապետներու, այցելութիւններ տուաւ Քարանթինայի, Մար Մխայէլի, Էշրեֆիէի շրջանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ հոն կատարուած քանդումներուն: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բնակիչներուն հետ, որոնց տուները ենթարկուած են քանդումի կամ կրած մեծ վնասներ: Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի...

Page 420 of 797 1 … 419 420 421 … 797

Արխիւներ