Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւնեան. «Եթէ Չզգանք Ազրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը Խաղաղ Ճամբով Հարցի Լուծման, Պիտի Դիմենք Հայաստանին` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

Հոկտեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Հատրութ:

Արցախի նախագահը Դիմատետրի իր էջով հրապարակած է իր այցելութենէն նկարներ եւ գրած. «Թշնամիի ներթափանցման ուժերուն դէմ պայքարին ընթացքին անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ մեր տղոց մարտական ոգին հզօր է: Անոնց խաղաղ ու սթափ հայեացքները յաղթանակի վստահ տրամադրութիւնը կ՛արտայայտեն թշնամիի հրոսակախումբերուն դէմ պայքարին մէջ: Ի դէպ, այդտեղ պատահաբար հանդիպեցայ նաեւ արցախեան առաջին պատերազմի մեր հրամանատարներէն Առուշան Բադասեանին, որ պատերազմի լուրը առնելուն պէս Միացեալ Նահանգներէն շտապած է Արցախ:

Մենք մեր հողին համար կը կանգնինք, իսկ այդ ընթացքը անկասելի է:

Փա՛ռք հայ ժողովուրդին, որ յաւերժ պէտք է ապրի ու արարէ իր հայրենի հողին մէջ»:

Առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ եթէ յառաջիկայ 1-2 օրերու ընթացքին չզգանք Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղ ճամբով հարցի լուծման, պիտի դիմենք նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն` ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, միջազգային կառոյցներուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն:

Եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ խախտել մարդասիրական զինադադարի դրութիւնը եւ դիմէ նախայարձակ գործողութիւններու, պաշտպանութեան բանակին պատասխանը պիտի ըլլայ անհամաչափ բիրտ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

«10 եւ 11 հոկտեմբերին Ազրպէյճանը շարունակած է հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն` թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու խաղաղ ազգաբնակչութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաւատարիմ է մարդասիրական զինադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան: Եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ խախտել մարդասիրական զինադադարի դրութիւնը եւ դիմէ նախայարձակ գործողութիւններու, պաշտպանութեան բանակին պատասխանը պիտի ըլլայ անհամաչափ բիրտ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը յայտարարութիւն ընդունած է, որով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ ստեղծելու միացեալ հակաահաբեկչական դաշինք` շրջան ներթափանցած ահաբեկիչները եւ անոնց խմբաւորումները արդիւնաւէտ կերպով ֆիզիքապէս չէզոքացնելու համար:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պիտի չսկսի ներգրաւուիլ որեւէ մարդասիրական գործողութեան մէջ, մինչեւ որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մարդասիրական զինադադարը ամբողջութեամբ պահպանուի: Այս մասին ըսաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զարուհի Ամատունին:

Զինադադարի յայտարարութենէն ետք գիշերը ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Մարտունի քաղաքի հրթիռակոծման պատճառով զոհուած է մէկ քաղաքային, վնասուած են բնակելի տուներ:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը գերազանց կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեանը` անդրադառնալով հարաւային ուղղութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գրոհներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ սադրիչ քաղաքականութիւնը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանը` արձագանգելով Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներ պարունակող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:

Ստեփանակերտը 10 հոկտեմբերի գիշերը հրթիռակոծուած է հեռահար մեծ տրամաչափի համազարկային կայանքներով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Ազրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու պատճառով 11 հոկտեմբերի գիշերուան դրութեամբ Արցախի մէջ 25 մարդ զոհուած է, եւս 102-ը` վիրաւորուած: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը` աւելցնելով, որ միայն 10 հոկտեմբերին զոհուած է 5 քաղաքացի:

Արտակ Բեգլարեան աւելցուցած է, որ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է մարդկային աղէտի առջեւ, քանի որ Ազրպէյճան կը կիրարկէ արգիլուած տեսակի զէնքեր, որոնք կրնան երկար տարիներ վտանգել քաղաքացիական բնակչութիւնը, եւ յատկապէս` երեխաներու կեանքն ու առողջութիւնը:

Իսկ Արցախի Հատրութ քաղաքին մէջ 10 հոկտեմբերին ազրպէյճանական զինուած ուժերը չորս քաղաքայիններ սպաննած են: Անոնց մէջ կայ հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդ մը, որ քանի մը տեղէ գնդակահարուած է, ըսած է Բեգլարեան:

Ազրպէյճանը թիրախաւորած է նաեւ վիրաւոր տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենայ: Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի ռազմական ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ նամակ յղած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ղեպրէյիսուսին:

Հայազգի աշխարհահռչակ պատկերասփիւռի աստղ Քիմ Քարտաշեանը կոչ ուղղած է միանալու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նախաձեռնած «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» դրամահաւաքին: Ան նուիրած է 1 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Նշենք, որ 27 սեպտեմբերէն սկսեալ հանգանակուած ընդհանուր գումարը կը կազմէ աւելի քան 90 միլիոն տոլար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան այսօր, 12 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ: Նախատեսուած է հանդիպում նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Ողջունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը Եւ Խաղաղութեան Աւելի Ամուր Պայմանագիրի Կնքման Յոյս Յայտնած

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?