Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռազմավարական Նշանակութեան Վարանգաթաղ Բարձունքը` Ազատագրուած

Հոկտեմբեր 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ֆրանսան  Ժընեւի մէջ քննարկումներու կը նախաձեռնէ արցախեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադար հաստատելու շուրջ: 11-րդ օրն ըլլալով թէժ մարտերը շարունակուեցան արցախեան-ազրպէյճանական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին: Երէկ նաեւ բացայայտուեցաւ, որ նախանցեալ օր Արցախի պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան աշխուժ մասնակցութեամբ ազատագրուած է ռազմավարական նշանակութեան Վարանգաթաղ (Լուլասազ) բարձունքը: Գործողութեան ընթացքին նահատակուած են ՀՅԴ կամաւորներ:

Երէկ` 7 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց. «Ինչպէս արդէն աւելի կանուխ հաղորդած էինք, երէկ օրուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները շարունակած են ջախջախիչ հարուածներ հասցնել թշնամիին` էապէս բարելաւելով դիրքերը: Մասնաւորապէս, երէկ (6 հոկտեմբերին, «Ա.»)` ժամը 14:00-ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ջոկատի աշխուժ մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:

«Թշնամին տուեալ բարձունքին վրայ ձգած է վեց դիակ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ, իր տեղեկութիւններուն համաձայն, 7 հոկտեմբերին դրուեցաւ ղարաբաղեան բանակի վերջնական յաղթանակի իրական հիմքը: Ան այս մասին ըսաւ ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը փայլուն գործողութեամբ ազատագրած է կորսնցուցած դիրքերէն մէկը, ինչպէս նաեւ փրկած օրեր առաջ թշնամին դիմագրաւած եւ, նահանջելու փոխարէն, մօտակայ անտառին մէջ թաքնուած 19 հայ զինուորներուն կեանքը` սպասելով մեր զօրքի հակայարձակման իրականացման` աւելցնելով, որ գործողութեան ընթացքին թշնամին ունեցած է աւելի քան 100 սպաննուած:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղտալեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, թէ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա:

Երէկ, պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիին եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումներու զինուորներուն, ինչպէս նաեւ տուեալ տարածքներուն մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերուն, կամաւորներուն կտրականապէս կ՛արգիլէ բջիջային հեռաձայններով կամ այլ սարքերով մարտական գործողութիւններու ընթացքը կամ անոնց հետեւանքները նկարահանելն ու համացանցով տարածելը:

Շուշան Ստեփանեան նշեց, որ թշնամին մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրէ համացանցին մէջ յայտնուող եւ մարտական գործողութիւններուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող տեսանիւթերը, որոնք, փաստօրէն, անմիջապէս կրնան ուղղորդիչ դառնալ անոր կրակին համար` թիրախի վերածելով այն շրջանները, ուրկէ մեր ուժերը կ’իրականացնեն յաղթական գործողութիւններ:

Իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» հետաքննող լրագրող Քրիսթիան Թրիպըրթը Թուիթըրի իր էջով արբանեակային լուսանկար հրապարակած է Գանձակի զինուորական օդակայանէն, ուր 3 հոկտեմբերի դրութեամբ կ՛երեւին նուազագոյնը երկու թրքական «Էֆ-16» կործանիչները:

«Կործանիչները, ամենայն հաւանականութեամբ, կ՛օգտագործուէին թրքական օդուժին կողմէն «Սի.Էն-235» բեռնատար ինքնաթիռի հետ միասին», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` գրած է Թրիպըրթը:

Նախորդը

ԳՈՅԺ

Յաջորդը

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?