Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 5 նոյեմբերին այցելեց Շուշի, հանդիպում ունեցաւ քաղաքի պաշտպաններուն հետ, տեղւոյն վրայ քննարկեց թշնամիին բազմաքանակ ուժերուն դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը:
«Արհեստավարժ զինուորականներու եւ կամաւորականներու ջանքերով ստեղծուած պաշտպանական ամրութիւնները եւ տղաներու վճռականութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ բերդաքաղաքը անառիկ պահելու համար կը գործադրուին բոլոր կարելի ջանքերը:
«Շուշին իր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով ու աւանդութիւններով, մեր մեծագոյն ժառանգութիւններէն է, որ ստացած ենք մեր պապերէն, եւ նոյն հայկական ոգիով պէտք է փոխանցենք մեր սերունդներուն», նշեց Յարութիւնեան:
Դիմատետրի իր էջին վրայ նախագահ Յարութիւնեան հրապարակեց Շուշի կատարած իր այցելութեան լուսանկարները` նշելով. «Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Արցախի հերոս», հայ ժողովրդի նուիրեալ զաւակ, զօրավար-գնդապետ Սէյրան Օհանեանին»:
Երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ 4-5 նոյեմբերի ամբողջ գիշերը Արցախի մէջ մարտերը չեն դադրած, թէեւ աշխուժութիւնը որոշ չափով նուազած է:
Մարտերու շարունակութիւնը կախեալ է այն հանգամանքէն, որ ներթափանցող խումբերը, որոնք կը գտնուին Շուշի քաղաքի մերձակայ անտառներուն, համայնքներուն, ձորակներուն մէջ եւ այլուր, կը փորձեն ամէն ձեւով լուծել որոշակի խնդիրներ, ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ ներթափանցող խումբերը հիմնականին մէջ կը հանդիպին հայկական զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու դիմադրութեան, երկարատեւ մարտի չեն բռնուիր: «Օրուան ընթացքին յաջողութիւն արձանագրուած է քանի մը ներթափանցող խումբեր օղակել եւ ոչնչացնել, կորուստներ տալով` շպրտել տուեալ բնագիծերէն», յայտնած է ան:
Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ մարտերը տակաւին կը շարունակուին: Իսկ այն բոլոր հետախուզական-ներթափանցման փորձ կատարողները, վարձկանները, որոնք կը ձգտին 9 նոյեմբերին ձեւական յաղթանակի ցուցադրութեան, որպէսզի Ազրպէյճանի դրօշի օրը որոշ տեղերու մէջ ներկայացնեն ազրպէյճանական դրօշը, դատապարտուած են ձախողութեան:
Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Շուշիի ուղղութեամբ կուտակուած ռազմամթերքը ոչնչացուած է: Անդրադառնալով այն մեկնաբանութիւններուն, որ անոնք Շուշիի մատոյցներուն մէջ էին, ան ըսաւ. «Մատոյցները շատ լայն հասկացութիւն է, դուք գիտէք Շուշի քաղաքի աշխարհագրական դիրքը եւ ձեւը: Այնտեղ բաւական բարդ տեղ է, շատ տեղերու մէջ` ժայռեր: Այսօր որոշ խումբեր եւ վարձկաններ նոյնիսկ փորձած են Քարինտակի եւ այլ ուղղութիւններէ ժայռեր մագլցիլ եւ ոչնչացուած են` ժայռերուն տակ մնալով»:
Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ առաւօտեան մարտերը շարունակուած են աւելի թէժօրէն հրետանիի կիրարկումով: Օրուան ընթացքին նաեւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հիւսիսի մէջ, կեդրոնական ուղղութեամբ, Կարմիր շուկայի հատուածին մէջ, հարաւային ուղղութեամբ տարբեր տեղերու մէջ փոքր գրոհող խումբերով նուազագոյն քանակի զրահամեքենայով, հրետանիի կրակի աջակցութեամբ փորձած են նորէն յառաջանալ, բայց եւ այնպէս կորուստներ կրելով ետ մղուած են:
Ան աւելցուց, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ Բերձոր-Շուշի ճամբուն Լիսագորի հատուածը մաքրուած է թշնամիի ներթափանցող խումբերէն: Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան յայտարարութեան, որուն մէջ նշուած էր, որ 80 տեղացի եւ օտար լրագրողներ առանց իրենց կեանքը վտանգելու չեն կրնար հասնիլ Հայաստան, որովհետեւ անոնք ազրպէյճանական զօրքերու կրակոցներուն ենթակայ կը դառնան: Ան ըսաւ, թէ առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախ կը դարձնեն խաղաղ բնակիչները, լրագրողները, ծննդատուները, եկեղեցիները, եւ այստեղ զարմանալու բան չկայ:
Օրուան ընթացքին ռմբակոծուած են Բերձոր եւ Շուշի քաղաքները:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, «Արիութեան համար» մետալով յետմահու պարգեւատրուած են Արցախի ոստիկանութեան ծառայողներ` 27 սեպտեմբերին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Արցախի պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար:
Արցախի ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ պարգեւներ շնորհուած են Գագիկ Պետրոսեանին, Գարիկ Դոլուխանեանին, Արսէն Յարութիւնեանին, Տիգրան Պետրոսեանին, Գէորգ Կիրակոսեանին, Բենիկ Համբարձումեանին, Հրայր Դանիէլեանին, Արէն Ասրեանին, Շիրակ Համբարձումեանին, Իկոր Պօղոսեանին:
Մինչ Թուրքիան սուրիացի վարձկաններու 230 հոգինոց նոր խումբ կ’ուղարկէ Ազրպէյճան` Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կռուելու, 342 զինեալներ ամէն ինչ ձգած ու վերադարձած են տուն: Այդ մասին հաղորդեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան սուրիական կեդրոնը:
4 նոյեմբերին կեդրոնը փաստագրած է սպաննուած 9 զինեալի տուեալ: Այս ընթացքին, ըստ կեդրոնին, սպաննուած են 240 զինեալներ, որոնցմէ 183-ին դին տեղափոխուած է Սուրիա, միւսներունը մնացած է Ազրպէյճանի մէջ: Բացի ատկէ, հայկական ուժերը գերեվարած են 2 սուրիացի զինեալներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի հաստատուած տուեալներով` այս պահուն Ազրպէյճանի մէջ կը պահուի 21 հայ ռազմագերի: Այս մասին 5 նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի քրէագիտական վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Վարդանեան:
It looks this war have Perpetual Tendency for
TOTAL GROUND DESTRUCTION without MERCI. Armed Command Must DESTROY ENEMY RAILROAD COMPLEX DISTRIBUTIONAL CENTER near Georgia Border and BLOW UP PIPE LINE(S) for LONG TERM USE as SUGGESTED by SEVERAL POLITICIANS.
ENEMY using CLUSTER BOMBS, DEADLY DRONES and POISONING PHOSPHORUS ATTACK:: DENYING CLASSIC WAY OF WAR, IMPOSING ” EYE FOR EYE” way RESPONSE as INSISTING by SEVERAL DIPLOMATS, Solution, to “COOL OFF” RAGED ENEMY and WAKE UP “AMUSED INTERESTED PARTIES” NEUTRAL, PROFITING, INACTIVE, as SPECTATORS FOR ABUSE, BEHEADING, ARZAKH GENOCIDE and TOTAL DESTRUCTION!!!