Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեշտելով Արցախի Գոյամարտի Վտանգաւոր Բնոյթը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Այսօր Ինչ Որ Կը Պատահի Արցախի Մէջ` Մեր Ամբողջ Հայ Ժողովուրդի Ճակատագիրն Է, Որ Կը Ճշդէ»

Նոյեմբեր 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այսօր ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ` մեր ամբողջ ժողովուրդի ճակատագիրն է, որ կը ճշդէ», յայտարարեց կիրակի, 8 նոյեմբեր 2020-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` նշելով, որ Արցախի մէջ կացութիւնը օրհասական է: Լիբանանեան «Օ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն հաղորդումի ընթացքին ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Տէր Խաչատուրեան ահազանգ հնչեցուց նշելով, որ եթէ Արցախը իյնայ` կը վտանգուի ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճակատագիրը:

«Թշնամին շատ աւելի համարձակ, շատ աւելի ընչաքաղց, արդէն ներխուժած է Արցախի ոչ միայն շրջակայքը, այլ նաեւ կը փորձէ մտնել անոր սրտին մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ ստեղծուած է կացութիւն, որ մենք ազգովին պէտք է դիմադրենք», ըսաւ ան` միաժամանակ ընդգծելով, որ հայ զինուորները հերոսական սխրանքով կը պայքարին թշնամիին դէմ: Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ ամբողջ Թուրքիան Ազրպէյճանի կողքին կանգնած է, վարձկաններով ողողած է ռազմադաշտը եւ ունի նիւթական առաւելութիւններ, «բայց հակառակ այդ բոլորին, հայ ժողովուրդը իր հողին համար կը պայքարի, եւ այդ ուղղութեամբ մենք վստահ ենք, որ ունինք բարերար հոգեբանական առաւելութիւնը, որ հայ ժողովուրդը ետ պիտի մղէ թշնամին եւ յաղթական դուրս պիտի գայ այս պատերազմէն»:

«Հիմնական խնդիրը այն է, որ թուրք-ազրպէյճանական եւ վարձկաններու միացեալ բանակը հասած է մինչեւ Շուշիի դռները եւ բաւական մօտեցած է Լաչինի (Բերձոր) միջանցքին, որովհետեւ շատ յստակ է, թէ ան կը մտադրէ նախ հարաւային կողմէն Արցախը ամբողջովին կտրել Իրանէն, որ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ իսկ նաեւ (Լաչին-Բերձոր) միջանցքին դէմ իր շղթայազերծած յարձակումներով կը փորձէ վերջին հիմնական կապը խզել Հայաստանի հետ, եւ անշուշտ մեր բոլորին հաւաքական ջանքով պիտի դիմադրենք այս ճգնաժամին եւս», աւելցուց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` բարձր գնահատելով կարողութիւնները հայ քաջարի զինուորին, որ պիտի շարունակէ հերոսական սխրանքներ գործել հողի վրայ, հակառակ թշնամիին ունեցած առաւելութիւններուն:

Տէր Խաչատուրեան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ թշնամիին օդային ուժի գերակայութեան հարցը հիմա որոշ չափով լուծուած է` միաժամանակ շեշտելով, որ «կացութիւնը կը մնայ վտանգաւոր. սա կեանքի ու մահուան կռիւ է, եւ եթէ Արցախը իյնայ` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճակատագիրը կը վտանգուի, անոր համար այդ գիտակցութեամբ է, որ կը կռուին հայ զինուորը եւ Հայ դատի մարտիկները աշխարհի տարածքին, եւ այդ գիտակցութեամբ է, որ ոտքի ելած է ամբողջ հայ ժողովուրդը` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի:

ՀՅԴ Բիւրոյի կեցուածքին անդրադառնալով` Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ զանազան ժողովներ գումարուած են Հայաստանի մէջ, ղեկավարներու հետ եւ շրջաններու հետ առցանց: Նաեւ` կառավարութեան հետ զանազան մակարդակներով, «ու այս բոլորին իբրեւ արդիւնք ճշդեցինք մեր մարտավարութիւնը գալիք օրերուն նկատմամբ, որովհետեւ այս պայքարը օրէ օր զարգացող պայքար է»: Առ այդ, ՀՅԴ-ն իր համաշխարհային ցանցով իր ներդրումը ունեցած է հիմնական չորս մարզերու մէջ, որոնք հետեւեալներն են.

Առաջին, բնականաբար եւ կարեւորագոյնը` մարդուժի տրամադրութիւնն էր. նախապէս ՀՅԴ-ն ստեղծած էր պահեստազօրի դրութիւն, որ յատուկ զինավարժութիւններով պատրաստ պահեստազօր կազմուի` ճգնաժամի օրերուն օժանդակելու համար, եւ այդպէս ալ եղաւ:

Երկրորդ, քաղաքական օժանդակութիւն` զօրակցելու համար Հայաստանի դիւանագիտութեան, բայց նաեւ յստակ ճնշումներ բանեցնելու սփիւռքի այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՛ապրին մեր ընկերները, մեր համակիրները եւ մեր ժողովուրդը, որպէսզի այդ երկիրները կողմնորոշուին ի նպաստ Արցախի: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կեդրոնացան Թուրքիոյ դատապարտումի, Ազրպէյճանը զէնքերէ զրկելու աշխատանքին վրայ եւ բացայայտելու թշնամիին կողմէ միջազգային օրէնքներու  անտեսումն ու թուրքերու, ազրպէյճանցիներու եւ վարձկաններու գործածած արգիլեալ զէնքերը եւ գործադրած ոճիրներու ահաւորութիւնը: Դժբախտաբար համաշխարհային արձագանգը մեր ակնկալածը չէ, բայց վստահ ենք, որ անպայման հաշուետուութեան պիտի կանչուի թշնամին:  Նաեւ` աշխատանք կը տարուի Արցախի քաղաքական անկախութեան ճանաչման գծով, եւ այս իմաստով որոշ արդիւնքներ իրագործուած են: Արցախի ճանաչման հարցին գծով, Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ մեծ  զգուշաւորութիւն կայ քարտերը չխառնելու, բայց մենք կը հաւատանք, որ ժամանակը եկած է այդ քարտերը խառնելու:

Երրորդ, ցուցական աշխատանքը, որ գերազանցեց մեր ակնկալութիւնները, եւ մենք ականատես եղանք աշխարհասփիւռ հսկայական ցոյցերուն` ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի:

Չորրորդը դրամահաւաքի խնդիրն էր, որպէսզի կարենանք հասնիլ մարտնչող զինուորականներուն եւ փախստականներու օժանդակութեան:

Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խիստ բարձր գնահատեց հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը, ներուժը եւ ցուցաբերած պատրաստակամութիւնը` ծառայելու ի նպաստ Արցախի եւ առհասարակ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի հարցերուն, ինչ որ համասփիւռքեան զօրաշարժին տուաւ պինդ ու լուրջ բնոյթ: Ան կրկնեց, որ այս պայքարը կեանքի ու մահուան պայքար է, եւ հայ երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդը պիտի պայքարին «Ազատութիւն կամ մահ» կարգախօսով:

Ան չափազանց կարեւոր նկատեց Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնական գործակցութիւնը` քաղաքական, քարոզչական, նիւթական աջակցութեան թէ զօրակցական իմաստով:

Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները պիտի աշխատին այս պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ յետպատերազմեան փուլին գծով ծրագրային գործ տանիլ: «Այս գծով աւելի քան անհրաժեշտ է շեշտել մեր միասնականութիւնը», ընդգծեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?