Ազրպէյճան, Թուրքիոյ Աջակցութեամբ, Լայնածաւալ Պատերազմական Գործուղութիւններու Կը Սանձազերծէ Արցախի Դէմ
Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ` Ռազմական Դրութիւն Եւ Ընդհանուր Զօրահաւաք Քանի մը օրերէ ի վեր ազրպէյճանական բռնապետական վարչախումբին կառավարական եւ զինուորական ամէնէն բարձր դիրքերէն հայութեան դէմ ուղղուած` պատերազմի վերսկսելու վերաբերեալ սպառնալիքներէն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` ամերիկացի քաղաքացիներուն ուղղուած հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծ չայցելելու գծով զգուշացումներէն ետք, երէկ` 27 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճան նախաձեռնեց աննախընթաց պատերազմական գործողութիւններու:...


















