Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ արցախեան-ազրպէյճանական պատերազմին` դիտել տալով, որ արդէն շուրջ երկու օր է մարտերը չեն դադրած Շուշիի շրջակայքին մէջ: 5 եւ 6 նոյեմբերին բաւական ծանր մարտեր ծայր առած են Շուշիի շրջակայ բնակավայրերուն մէջ, Շուշի տանող ճամբաներուն վրայ:
Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ 1992 թուականի Մայիսի 8-ը հայոց պատմութեան մէջ նշուած է իբրեւ Շուշիի ազատագրման օր, այս անցնող օրերը հաւանաբար հայոց պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ Շուշիի պաշտպանութեան փայլուն օրեր», շեշտեց ան:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ թշնամիի հետախուզական-ներթափանցող առանձին վաշտային մարտավարական խումբերու, վարձկաններու, հրոսակախումբերու ոչնչացման «Կէօռպակէօռ-2020» ռազմագործողութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակուի:
Ան աւելցուց, որ այսօր մեր հրետանին, մեր հետեւակը, այլ ստորաբաժանումներ ուղղակի հրաշքներ կը գործեն: Թշնամիի զօրքերէն, վարձկաններէն եւ մնացած թափթփուկներէն Շուշի տանող ձորակներուն մէջ տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրաւոր դիակներ մնացած են: Այս պահուն ալ մարտերը կ՛ընթանան, բայց ուժգնութիւնը զգալիօրէն նուազած է: Այլ ճակատներուն վրայ համեմատաբար աւելի թոյլ գործողութիւններ կատարուած են: Շուշի եկող նոր զօրախումբերը ջախջախած են նաեւ հերոսական քարինտակցիները: Աւելի հարաւ, աւելի արեւելք այլ բնակավայրերու անտառային զանգուածի, առանձին ճամբաներով դէպի նորէն Շուշի իրենց մնացորդ զօրաջոկատներուն օգնութեան եկող ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն ջախջախած են միւս գիւղերու բնակիչները:
Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատած է. «Այսօր Շուշիի հերոսական պաշտպանութեան օրերէն էր: Շուշին մերն է, Շուշին պիտի չիյնայ: Եւ ինչքան ալ անոր մասին բաղձար Ալիեւը, վստահեցէ՛ք, լեցուեցէ՛ք վստահութեամբ, հայոց բանակը մինչեւ վերջ պիտի կռուի, եւ Շուշին պիտի չիյնայ»:
Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ Շուշիի ուղղութեամբ կռուող զինուորականները օրուան ընթացքին շատ յստակ բառապաշարով կ՛ըսէին` ամբողջ պատերազմին ընթացքին մեր հրետանին այսպէս փայլուն ու հզօր չէր աշխատած:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ դէպի Շուշի թշնամիին վերջին օրերու ձգտումները այնքան ալ հետախուզական-ներթափանցող խումբերու գործողութիւններ չէին: Ըստ անոր, հիմնականին մէջ մարտավարական վաշտային խումբեր են, կան նաեւ ներթափանցողներ, վարձկաններ եւ այլ ստորաբաժանումներ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խորհրդարանի խմբակցութիւններուն հետ քննարկեց ստեղծուած իրավիճակն ու անկէ բխող հաւանական քաղաքական որոշումներու կայացման առնչուած հարցեր: Այս մասին Յարութիւնեան հետեւեալը գրեց Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Քիչ առաջ հանդիպել եմ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնների հետ: Քննարկել ենք ստեղծուած իրավիճակը եւ դրանից բխող հնարաւոր քաղաքական որոշումների կայացման հետ կապուած հարցեր: Այս պայմաններում խիստ կարեւոր է պետական բոլոր մարմինների միասնական ու ներդաշնակ աշխատանքը` յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի», նշեց Արցախի նախագահը:
Երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով հրապարակած է Ստեփանակերտի մէջ հրթիռակոծուած տան մը նկարները եւ ըսած, որ հրթիռակոծութեան պատճառով զոհուած են 3 քաղաքացիական անձեր:
Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան վստահեցուց, որ Շուշին յուսալի ձեռքերու մէջ է, որովհետեւ քաղաքը կը պաշտպանէ Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Շուշիի քաղաքապետը, որ կը գտնուի քաղաքի պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ, «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ Շուշին պիտի շարունակէ հայերէն խօսիլ, Շուշիի մէջ պիտի շարունակեն ղօղանջել Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ զանգերը: «Կեղծ լուսանկարներ կը տարածեն, իբրեւ թէ մզկիթին վրայ դրօշակ դրած են, բայց, երբ ուսումնասիրես, յստակ կը դառնայ, որ ատիկա կեղծիք է: Թող չմտածեն, որ Շուշին իրենցը պիտի ըլլայ: Շուշին երբեք իրենցը պիտի չըլլայ: Մենք պիտի յաղթենք, մենք պիտի ապրինք Շուշիի մէջ», շեշտեց Սարգսեան:
Շուշիի քաղաքապետը վստահեցուց, որ քաղաքի պաշտպանութեան համար ընթացող մարտերուն թշնամին լուրջ կորուստներ կրած է եւ կը շարունակէ կրել:
Շատ պետութիւններու շահերէն չի բխիր, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ուղիղ ճնշման տակ պահեն եւ պատժամիջոցներու ենթարկեն Արցախի դէմ կատարուած ռազմական յանցագործութիւններու համար: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան` ընդգծելով, որ ասիկա միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ճգնաժամ է:
Ըստ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, քաղաքացիական անձերու մահուան վերաբերեալ արձանագրուած թիւերը կը շարունակեն աճիլ:
Ան տեղեկութիւններ ունի նաեւ թշնամիի վերահսկողութեան տակ գտնուող բնակավայրերուն մէջ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւններուն վերաբերեալ:
Արցախի վրայ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումին եւ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով 5 նոյեմբերի դրութեամբ Ազրպէյճանը ունի կենդանի ուժի 7405 սպաննուած:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` հայկական միասնական տեղեկատուական հարթակը հրապարակած է ազրպէյճանական կորուստներու նոր տուեալներ, որոնց համաձայն` թշնամին կորսնցուցած է ընդհանուր առմամբ 257 անօդաչու թռչող սարք, 16 ուղղաթիռ, 25 պատերազմական օդանաւ, 736 զրահամեքենայ, 6 ԹՈՍ:
ANNA-NEWS թելեկրամ-ալիքը կը գրէ, որ վերջապէս Արցախի պաշտպանութեան բանակը ռազմական արհեստագիտութիւն կիրարկեց մարտին ընթացքին:
«Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ օդը յուսալիօրէն փակ է: Ատիկա մէկ շաբաթ առաջ պատկերացնելը անգամ բարդ էր: Այժմ անօդաչու թռչող սարքերը կ՛աշխատին թշնամիի ուղղութեամբ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու արհեստագիտական գերազանցութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Առաջնագիծին մէջ զինուորները ոգեշնչուած են, քանի որ անոնց գլուխներուն վերեւ այլեւս անօդաչու թռչող սարքերու շուրջօրեայ «բզզոց» չկայ: Այժմ կարելի է պատրաստուիլ ապագայ գործողութիւններուն, ինչպէս կ՛ըսեն առաջնագիծին մեր ծանօթները», գրած է ալիքը: