Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Նախագահ

November 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութեան մատնելով գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ:

Ան շաբաթ օր Փենսիլվանիա նահանգի քուէները ապահովելով յաղթանակ արձանագրելէ ետք իր համակիրներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ այժմ Միացեալ Նահանգները «դարմանելու ժամանակն է»` խոստանալով «չպառակտել, այլ միացնել» երկիրը:

«Կը խոստանամ ըլլալ նախագահ մը, որ չի ձգտիր պառակտել, այլ միացնել, որ կարմիր եւ կապոյտ նահանգներ չի տեսներ, այլ միայն` Միացեալ Նահանգներ», յայտնեց ան:

Պայտըն իր խօսքը Թրամփի համակիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Իրարու առիթ ընծայենք»: Ան աւելցուց. «Ժամանակն է կարծր խօսքերուն վերջ տալու, մեղմացնելու լարուածութիւնը, դարձեալ զիրար տեսնելու, դարձեալ զիրար լսելու եւ յառաջդիմութիւն արձանագրելու: Պէտք է դադրինք մեր ընդդիմախօսներուն հետ իբրեւ թշնամի վարուելէ»:

78-ամեայ Պայտըն այսպիսով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն ծեր եւ երկրորդ կաթողիկէ նախագահը, իսկ Քամալա Հարիս` առաջին կին եւ ծագումով ափրիկեցի փոխնախագահը:

Թրամփ տակաւին չ՛ընդունիր իր պարտութիւնը: Անոր ընտրական գրասենեակը տարբեր նահանգներու մէջ բազմաթիւ դատական հայցեր ներկայացուցած է, սակայն ընտրական պաշտօնատարներ կը յայտնեն, թէ Թրամփի ճամբարի պնդած ընտրական խախտումներուն վերաբերեալ փաստեր գոյութիւն չունին:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները «մեր ամէնէն կարեւոր դաշնակիցն են, եւ ես կը սպասեմ սերտօրէն աշխատելու մեր հասարակաց առաջնահերթութիւններուն վրայ, կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ առեւտուր եւ անվտանգութիւն»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց. «Մեր անդրատլանտեան բարեկամութիւնը անփոխարինելի է, եթէ մեր ժամանակներու գլխաւոր մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւենք»:

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ աւելի գաղջ հակազդեցութիւն ցուցաբերելով յայտնեց. «Թուրքիոյ համար ոչինչ պիտի փոխուի»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ ընտրութիւնը «թատրոն մըն էր»` աւելցնելով. «Ասիկա օրինակ մըն է Միացեալ Նահանգներու մէջ ազատական ժողովրդավարութեան տգեղ երեսին: Անկախ արդիւնքէն, մէկ բան յստակ է` ամերիկեան վարչակարգին քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական վերջնական անկումը»:

Նախորդը

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ. «Լիբանան Պատգամի Եւ Ազգային Համերաշխութեան Երկիր Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.