Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Զինեալ Ուժերը Բուռն Եւ Յամառ Դիմադրական Պայքար Կը Մղեն Շուշիի Եւ Անոր Մերձակայքին Մէջ

Նոյեմբեր 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ արցախեան ռազմաճակատի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Յովհաննիսեան նշեց, որ նախանցեալ օր (7 նոյեմբերին, «Ա.») ամբողջ գիշեր եւ երէկ (8 նոյեմբերին, «Ա.») ամբողջ օրուան ընթացքին ռազմաճակատի տարբեր ուղղութիւններով մարտերը շարունակուած են:

«Մարտերը եղած են բաւական բուռն: Նախ հիւսիսի մէջ թշնամիի զօրքերը` հիմնականին մէջ փոքր մարտավարական խումբեր, հրետանիի կրակի ուղեկցութեամբ փորձած են յարձակիլ մեր դիրքերուն ուղղութեամբ, սակայն, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած են: Մարտունիի ուղղութեամբ թշնամիի որոշակի յաջողութիւններէն ետք մեր զօրքերը  յաջողած են թշնամին կանգնեցնել, ետ շպրտել ելման բնագիծերը, անոնք կրած են զգալի կորուստներ: Շուշի քաղաքին, շրջակայ  տարածքներուն մէջ,  պարիսպներուն տակ, ճամբաներուն վրայ, որոնք կը տանին դէպի Շուշի, մարտերը ամբողջ օրուան ընթացքին եղած են բաւական սաստիկ», ըսած է Յովհաննիսեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Բերձորի ուղղութեամբ թշնամի ուժերը փորձած են քանի մը անգամ ճեղքել եւ դուրս գալ դէպի Բերձոր, հաւանաբար, փորձելով այդ ուղղութեամբ օգնութեան հասնիլ Շուշիի մէջ կռուող իրենց ստորաբաժանումներուն, բայց, կրելով զգալի կորուստներ, ետ շպրտուած են, աւելին` դիմած են փախուստի:

Իսկ աւելի կանուխ, Առաջին ալիքի ուղիղ եթերով պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, թէ կ՛ենթադրէ, որ Շուշիի համար ճակատամարտը վաղը (այսօր` 9 նոյեմբերին, «Ա.») կրնայ աւարտիլ:

«Մարտերը կ՛ընթանան Շուշիի մէջ եւ շրջակայքը: Մեր զօրքը յամառ ու գրագէտ պայքար մղած է բոլոր զօրատեսակներով: Կարելի է ըսել, որ Շուշիի համար առանձին ճակատամարտը, որը կ՛ընթանայ վերջին 3-4 օրերուն, վաղը, իմ կարծիքովս, վերջնականօրէն պարզ կ՛ըլլայ», ըսած է  Յովհաննիսեան:

Յայտնենք, որ օրուան ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ ազրպէյճանական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Շուշին:

Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ երէկ Հայկական զինուած ուժերը Մարտունիի ուղղութեամբ յարձակողական գործողութիւններ ու գրոհ մղած են:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները Ստեփանակերտէն հիւսիս-արեւմուտք հատուածին մէջ ժամը 19:30-ին խոցած են թշնամիի երկու անօդաչու թռչող սարք: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

«Լարուածութիւնը առաջնագիծին մէջ կը պահպանուի: Հրետանային եւ ականանետային փոխհրաձգութիւն կայ: Հարաւարեւելեան ուղղութեամբ դիտարկուած է թշնամիի շարասիւն, որուն ուղղութեամբ վարուած է դիպուկ կրակ` ոչնչացնելով մեծ քանակի կենդանի ուժ եւ զինուորական սարքեր: Պաշտպանութեան բանակի զօրատեսակները վստահաբար կը կատարեն իրենց մարտական առաջադրանքները, թշնամիի մարտական ներուժի մաշումը կը շարունակուի», գրած է Ստեփանեան:

Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Բերձորի բաժանմունքի ղեկավար Յարութիւն Աւանեսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումը, Քաշաթաղի շրջանի խումբ մը պահեստազօրայիններու եւ աշխարհազօրի հետ առաւօտեան Բերձորի ուղղութեամբ առաջնագիծի երեք թեւերով անցած է գրոհի` աւելցնելով, որ թշնամին ունի զինուորական մեքենաներու եւ մարդուժի մեծ կորուստներ:

Ռուսական «ՈւորԿոնզօ» նախագիծը կը յայտնէ Մարտունիի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու նահանջին մասին:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, նախագիծի «Թելեկրամ»-ի ալիքը կը գրէ նաեւ, որ ռազմաճակատի հարաւարեւելեան հատուածէն նախագիծի աղբիւրները կը յայտնեն, որ Մարտունիէն ոչ հեռու Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողած է խոցել  թշնամիի պատերազմական օդանաւ մը:

Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 8 նոյեմբերի ժամը 18:30-ին հրթիռակոծած են Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, որուն պատճառով քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կայ մէկ տուժած, որուն կեանքին վտանգ չի սպառնար:

«Օրուան ընթացքին Արցախի բնակավայրերուն մէջ իրադրութիւնը եղած է կայուն լարուած: Ստեփանակերտի մէջ հանգիստ իրավիճակը պահպանուած է մինչեւ ժամը 18:30-ը:

Մարտակերտի մէջ` օրուան ընթացքին երկու անգամ հնչած է օդային տագնապի ազդանշանը:

Մարտունի քաղաքին իրադրութիւնը դարձեալ անհանգիստ եղած է: Կէսօրին թշնամական կողմը ծանր հրետանի կիրարկած է` հարուածած  քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

Ասկերանի, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ յարաբերական հանգիստ իրավիճակը պահպանուած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի դէմ սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին եւ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով 8 նոյեմբերի դրութեամբ Ազրպէյճանը  ունի կենդանի ուժի 7630 կորուստ:

Հայկական միասնական տեղեկատուական հարթակը հրապարակած է ազրպէյճանական կորուստներու նոր տուեալներ, որոնց համաձայն` թշնամին կորսնցուցած է ընդհանուր առմամբ 262 անօդաչու թռչող սարք,  16 ուղղաթիռ, 25 պատերազմական օդանաւ, 784 զրահամեքենայ, 6 ԹՈՍ:

Մէկ օրուան տուեալներով` խոցուած է թշնամիի 2 անօդաչու թռչող սարք, 35 զրահամեքենայ, Ազրպէյճան ունի մարդկային ուժի 120 կորուստ (այս տուեալները հաշուարկուած են ընդհանուր թիւերուն մէջ):

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան կը տեղեկացնէ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները արեւելեան ուղղութեամբ ժամը 9:30-ի սահմաններուն խոցած են թշնամիի երկու անօդաչու թռչող սարքեր:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է` հայրենիքի պաշտպանները կենաց-մահու պայքարին մէջ կանգնած են մինչեւ վերջ: Դիմատետրի իր էջին վրայ նախագահ Յարութիւնեան գրած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում դիմաւորել եմ կեանքիս ամենածանր լուսաբացներից մէկը® Մեր հայրենիքի պաշտպանների հետ կանգնած ենք մինչեւ վերջ: Կենաց-մահու պայքարը շարունակւում է»:

Նախորդը

Միքայէլ Համբարձումեան Ազատ Կացուցուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէնի Տեղակալի Պաշտօնէն. Փոխարէնը Նշանակուած Է Արմէն Աբազեան

Յաջորդը

Հայրենի յուշեր (1)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?