Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պիտի Պայքարինք  Թէ՛ Քաղաքական, Թէ՛ Իրական  «Քորոնա» Ժահրը Տարածողներուն Դէմ»

Արցախի Գծով ՀՅԴ-ն Ունի Իր Պատկերացումներն Ու Մօտեցումները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրավիճակին մասին լսած են տեղեկութիւններ, ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները, կարծիքը` ստեղծուած իրավիճակին առնչուած: Պատասխանելով այն հարցումին, որ միասնական որոշո՞ւմ պիտի ձեւաւորուի` Սաղաթէլեան յայտնեց. «Ի՞նչ միասնական, որոշակիօրէն Արցախի մասին Դաշնակցութիւնը ներկայացուցած է իր պատկերացումները,...

Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը .  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան

Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան

Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց շաբաթ, 10 հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով: 12 հոկտեմբեր 2020 թուակիր հաղորդագրութեամբ նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սոսա իր եւ խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի...

Հարաւային Ամերիկա.  Համայնքային Զօրաշարժեր, Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Եւ Յարակից Զարգացումներ` Արցախի Դէմ Ազրպէյճանաթրքական Պատերազմի Ծիրին Մէջ

Հարաւային Ամերիկա. Համայնքային Զօրաշարժեր, Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Եւ Յարակից Զարգացումներ` Արցախի Դէմ Ազրպէյճանաթրքական Պատերազմի Ծիրին Մէջ

Արժանթինի մէջ Ծերակոյտի, Ներկայացուցիչներու տան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով յայտարարութիւններ հրապարակուեցան ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին: Հայութեան զօրակցութեան յայտարարութեամբ հանդէս եկան նաեւ օրուան իշխանութիւններուն ընդդիմադիր համախմբումի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեան յատուկ հիւրն էր շատ բարձր վարկանիշ ունեցող պատկերասփիւռային յայտագիրի մը` 9 հոկտեմբերի գիշերը: Յայտագիրի այն բաժինին մէջ, որ յատկացուած էր արցախեան պատերազմին, համայնքի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ ելոյթ...

Յարութիւնեան. «Եթէ Չզգանք Ազրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը Խաղաղ Ճամբով Հարցի Լուծման, Պիտի Դիմենք Հայաստանին` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

Յարութիւնեան. «Եթէ Չզգանք Ազրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը Խաղաղ Ճամբով Հարցի Լուծման, Պիտի Դիմենք Հայաստանին` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Հատրութ: Արցախի նախագահը Դիմատետրի իր էջով հրապարակած է իր այցելութենէն նկարներ եւ գրած. «Թշնամիի ներթափանցման ուժերուն դէմ պայքարին ընթացքին անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ մեր տղոց մարտական ոգին հզօր է: Անոնց խաղաղ ու սթափ հայեացքները յաղթանակի վստահ տրամադրութիւնը կ՛արտայայտեն թշնամիի հրոսակախումբերուն դէմ պայքարին մէջ: Ի դէպ, այդտեղ պատահաբար հանդիպեցայ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Շաբաթ օր ՀՅԴ Բիւրոն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Այսօր, ժամը 12:00-էն սկսեալ, ուժի մէջ մտած է մարդասիրական նպատակներով հրադադարը, Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին: Հրադադարի վարչակարգի յարաչափերը (parameters) դեռ պիտի ճշդուին: Ռազմաճակատի երկայնքով այս արդէն խախտուող հրադադարը չի վերաբերիր, չի կրնար վերաբերիլ արտաքին ճակատի վրայ, միջազգային հանրութեան մօտ մեր աշխատանքներուն, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ռազմական գործողութիւններն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, Թուրքիան...

Յայտարարութիւն

Ցաւակցական

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային ուղղութեամբ ընթացած ծանր մարտերում, պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումների եւ բանակի հրամանատարութեան ներքոյ գործող «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան վաշտերի համատեղ գործողութիւններով, կասեցուել է թշնամու առաջխաղացումը հիւսիսային հատուածում եւ կայունացուել ռազմաճակատի գիծը: Հետագայում հակայարձակման արդիւնքում վերադարձուել է «Վարանգաթաղ» (Լուլասազ) ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան բարձունքը: Աննկարագրելի այս սխրանքը յաւերժ կը մնայ որպէս հերոսական մի էջ, սերունդների համար` նահատակութեան, նուիրաբերումի մի...

Սփիւռքի Գաղութներուն Զօրակցութիւնը` Հայաստանին Եւ Արցախին

Սփիւռքի Գաղութներուն Զօրակցութիւնը` Հայաստանին Եւ Արցախին

Կլենտէյլի Մէջ Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Արցախի Մէջ Զոհուած Զինուորներուն Եւ Քաղաքայիններուն Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի հայաշատ Կլենտէյլ շրջանին մէջ` ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կառոյցը յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպած էր` ի յիշատակ Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքայիններուն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ: Ամերիկահայերու Բողոքի Ցոյցը` Ուաշինկթընի Մէջ 8 հոկտեմբերին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է ամերիկահայերու...

Ֆրանսայի, Նետերլանտներու Եւ Պելճիքայի Ընկերվարական Երիտասարդական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւնը

Ֆրանսայի, Նետերլանտներու Եւ Պելճիքայի Ընկերվարական Երիտասարդական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւնը

Անցեալ շաբաթավերջին Ֆրանսայի, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի ընկերվարական երիտասարդական կազմակերպութիւնները հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական վերսկսած պատերազմին մասին: 27 սեպտեմբերէն սկսած պատերազմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի (Հայկական անուանումը` Արցախ) շուրջ հասած է սաստկութեան գագաթնակէտին, որ աննախադէպ է 1994-ի զինադադարէն ի վեր: Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զոհերուն թիւը, որոնց մէջ փոքր թիւ չեն կազմեր նաեւ քաղաքացիական անձերը, անցած է 200-ը: Զինադադարի պայմանաւորուածութեան...

Մոսկուայի Մէջ Բանակցութիւններ` Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Հարցով.  Թշնամին Կը Շարունակէ Թիրախաւորել Արցախի Մայրաքաղաքը

Մոսկուայի Մէջ Բանակցութիւններ` Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Հարցով. Թշնամին Կը Շարունակէ Թիրախաւորել Արցախի Մայրաքաղաքը

Երէկ, արցախեան նորօրեայ գոյամարտին, 14-րդ օրն ըլլալով, թշնամի Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ անմիջական եւ ուղղակի աջակցութեամբ, շարունակեց Արցախի բնակելի շրջաններու եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ռմբակոծումը: Միւս կողմէ, կանուխ առաւօտեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ 10 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հաստատուած է մարդասիրական զինադադար: Թշնամին Կրկին Հրթիռային Հարուած Հասցուցած Է...

Լիբանանահայութիւնը Ընդառաջեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի` Արցախի Զօրակցութեան Համար Հաւաքուելու Կոչին

Լիբանանահայութիւնը Ընդառաջեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի` Արցախի Զօրակցութեան Համար Հաւաքուելու Կոչին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` 9 հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնի կից կառատան մէջ տեղի ունեցաւ «Բոլորս հաւաքուինք Արցախի համար» խորագիրով ձեռնարկ: Ներկայ էին հոգեւոր պետեր, քաղաքական ներկայացուցիչներ, օտար քաղաքական անձնաւորութիւններ, երիտասարդներ եւ ժողովուրդ: Լիբանանի եւ Արցախի Հանրապետութեան քայերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարեց Գէորգ Գատեհճեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 27 սեպտեմբերէն ի վեր արցախեան-ազրպէյճանական...

Ինքնաշարժներով Երիտասարդական Երթ` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Ու Հայաստանին Եւ Դատապարտում Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Ինքնաշարժներով Երիտասարդական Երթ` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Ու Հայաստանին Եւ Դատապարտում Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-8:00 տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երիտասարդական երթ` առ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան եւ դատապարտում` արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին: Ինքնաշարժներով երիտասարդական երթը, որուն ընթացքին բարձրացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ, ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն` Պուրճ Համուտ, ապա ուղղուեցաւ դէպի Զալքա, շրջեցաւ նաեւ ներքին թաղերը, ուրկէ` Անթիլիաս:...

Յիշեցնելով, Որ Արցախի Գոյամարտը Օրուան Ծնունդը Չէ.  «Անկարելի Է, Որ Ընդունինք Արցախը Իր Նախկին Իրավիճակին Վերադարձնել»  Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յիշեցնելով, Որ Արցախի Գոյամարտը Օրուան Ծնունդը Չէ. «Անկարելի Է, Որ Ընդունինք Արցախը Իր Նախկին Իրավիճակին Վերադարձնել» Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Արցախի մէջ տեղի ունեցող գոյամարտը կրօնական բնոյթ չունի, եւ ան, որ զայն կը նկատէ քրիստոնեայ-իսլամ հակամարտութիւն` կը սխալի եւ այդպիսով կը զօրակցի Էրտողանի համաթուրանական ծրագիրի մղումներուն» յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց, որ Արցախի կորուստը, Աստուած մի արասցէ, կրնայ ազդել ու վնասել համայն հայ ժողովուրդին`...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Բագրատունի. «Աշխարհասփիւռ Իւրաքանչիւր Հայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումը Կը Նկատէ Համայն Հայութեան Դէմ Ուղղուած Պատերազմ»

«Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հայ այսօր թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը կը նկատէ համայն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած պատերազմ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` արաբական «Ասաս» (ASAS) կայքի հարցումներուն պատասխանելով: Երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց շրջանին մէջ թրքական ազգայնական ծաւալապաշտ ախորժակներու թափանցումէն` Բագրատունի դիտել տալով, որ իր այս մտավախութիւնը կը մեկնի հայ ժողովուրդի ապրած դառն փորձառութենէն` թրքական բռնարարքներուն հետեւանքով: Ան յիշեցուց, որ...

Խմբագրական.  Զօրակցելու Եւ Նշելու Համար Հայութեան Յաղթանակը

Խմբագրական. Զօրակցելու Եւ Նշելու Համար Հայութեան Յաղթանակը

Լիբանանահայութիւնը  համաժողովրդային հաւաքով կ՛արտայայտէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակին, մեր երկրորդ հանրապետութեան:  Մինչ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը նոյն նպատակով կը կազմակերպէ ինքնաշարժի զանգուածային երթ: Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անհեռանկար, անորոշ, տնտեսապէս փլուզուած եւ տակաւին համավարակի զարգացման նոր միտումներով  յատկանշուող, անուղղակիօրէն կը խանգարէ ցուցական, քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներ այս առումով լիարժէք ծաւալելու առաջադրանքի իրականացումը: Այս բոլորով հանդերձ յատկապէս  Հայ դատի...

Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Երէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Ազրպէյճան հարուածեց Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին հարուածելու մասին ըսաւ. «Անոնք կը հարուածեն մեր հոգեւոր արժէքները, այն ժամանակ, երբ մենք կը վերականգնենք մզկիթները»: Արցախի թեմի առաջնորդը աւելցուց, թէ այս արարքին մէջ կը տեսնէ «Իսլամական պետութեան» ձեռագիրը: Ամենայն Հայոց Գարեգին...

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի.   Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի. Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

«Այս պատերազմը թիրախ ունի աշխարհասփիւռ  համայն հայութիւնը` Հայաստանի, Լիբանանի, մինչեւ իսկ Հարաւային Ամերիկայի մէջ», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` «Հուրրա» արբանեակային պատկերասփիւռի  կայանի հարցումներուն պատասխանելով: «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ վարձկաններու մասնակցութիւնը Արցախի գոյամարտին, այս պատերազմը երկու պետութեանց միջեւ բախումներէ կը վերածէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, թէ Արցախի պատերազմին զինուորագրուելու կոչ...

Ակնարկ.  Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` հակամարտութեան կարգաւորումը Մոսկուա-Անգարա համատեղ դերակատարութեամբ պայմանաւորելու, անպայման պիտի արձագանգուէր Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ այսպէս. Ալիեւը պարզ դարձուց, որ բանակցութիւններուն դերակատար պէտք է դառնայ Թուրքիան: Յայտարարութիւնը ընդհանուրէն դէպի մասնակի առաջադրանքի բանաձեւում է: Խօսելով յաւերժական խաղաղութեան տեսութեան մասին` Ալիեւը շեշտած է, որ արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրապնդուի աշխարհի յառաջատար երկիրներու երաշխիքներով, ընդ որում,...

Ռազմավարական Նշանակութեան Վարանգաթաղ Բարձունքը` Ազատագրուած

Ռազմավարական Նշանակութեան Վարանգաթաղ Բարձունքը` Ազատագրուած

Երէկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ֆրանսան  Ժընեւի մէջ քննարկումներու կը նախաձեռնէ արցախեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադար հաստատելու շուրջ: 11-րդ օրն ըլլալով թէժ մարտերը շարունակուեցան արցախեան-ազրպէյճանական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին: Երէկ նաեւ բացայայտուեցաւ, որ նախանցեալ օր Արցախի պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան աշխուժ մասնակցութեամբ ազատագրուած է ռազմավարական նշանակութեան Վարանգաթաղ (Լուլասազ) բարձունքը: Գործողութեան ընթացքին նահատակուած են...

ԳՈՅԺ

ԳՈՅԺ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ դաշնակցական ընկերներ, ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար ՄՀԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի, նոյն վաշտի ազատամարտիկներ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆի եւ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՐԹԻՆի նահատակութիւնը: Անոնք հերոսաբար ինկան 6 հոկտեմբերին` Արցախի մէջ, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան բարձունքի ազատագրման համար մղուած ծանր մարտի ընթացքին` ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին: Մեր հերոս ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքը` փառաւոր նոր էջով պսակելով մերօրեայ ազատագրական պայքարը:...

Ամէն Գնով Կազմել Կառավարութիւնը.  Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Ժողովուրդի Եւ Անոր Դատին Պաշտպանութեան Համար Համատարած Զօրաշարժի Մթնոլորտ Կը Տիրէ» «Ալ Արապի Ալ Ժատիտ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Բագրատունի

«Հայեր կը նկատեն, որ նոր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին, ինչ որ զիրենք մղեց կամաւորագրուելու հայոց բանակին` պաշտպանելու համար մայր հայրենիքը», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` դիտել տալով, որ անոնց այս որոշումը զգացականէն անդին` ամբողջական գիտակցութեամբ տրուած է, քանզի ժողովուրդի եւ անոր դատին պաշտպանութեան համար համատարած զօրաշարժի մթնոլորտ կը տիրէ: Լոնտոն հրատարակուող «Ալ արապի ալ ժատիտ» («Նոր Արաբը»)...

Page 411 of 797 1 … 410 411 412 … 797

Արխիւներ