Հայաստանի Ազգային ժողովը չընդունեց 27 սեպտեմբերէն Հայաստանի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին որոշման նախագիծը: Անիկա չընդունուեցաւ 36 կողմ, 56 դէմ եւ 2 ձեռնպահ ձայներով:
Ռազմական դրութիւնը վերացնելու Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ ներկայացուցած է խորհրդարանի Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Անահիտ Աւանեսեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին ըսաւ, որ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ ռազմական դրութիւնը վերացնել աստիճանաբար:
Խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի բացասական եզրակացութիւն ներկայացուցած էր նախագիծին վերաբերեալ: