Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ազրպէյճանական կողմին մօտ գտնուող ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձին հարցով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքային անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:
Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զինուորներն ու քաղաքային անձերը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդիրի լուծման գործին մէջ: