Ֆրանսայի կառավարութիւնը ուսումնասիրած է 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը եւ կը գտնէ, որ անոր մէջ կան կէտեր, որոնք պէտք է քննարկել: Այս մասին շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուան:
«Ուսումնասիրած ենք 9 նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրը եւ, բնականաբար, այնտեղ կան կէտեր, որոնք հաշուի առնուած չեն եւ որոնց պէտք է անդրադառնալ: Ատիկա արդէն քաղաքական կողմն է: Ատիկա պէտք է կատարուի, հաւանաբար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Երէկ հանդիպում ունեցած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ, իսկ այսօր հանդիպած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ քննարկած այս բոլոր հարցերը», ըսաւ Լըմուան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղարը նշեց, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն առաջինն էր, որ իրերը կոչեց իրենց անուններով` նշելով, որ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններ տեղափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի:
«Ֆրանսան որոշակի գործողութիւններ կը սպասէ Թուրքիայէն, որպէսզի այդ երկիրը վարձկանները հանէ շրջաններէն: Ֆրանսան նաեւ կ՛ուզէ, որ իր եւրոպացի գործընկերները քննարկեն Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը: Բնականաբար, պիտի շարունակենք հետեւողական ըլլալ այս քաղաքական խնդիրները հետապնդելու մէջ, որպէսզի կարենանք յանգիլ այս արդիւնքներուն», եզրափակեց Լըմուան:



