Երէկ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ազրպէյճանը կրկին հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին: Կան վիրաւորներ: Մայրաքաղաքը հոսանքազրկուած է: Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ 5 հոկտեմբերին Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւններու ընթացքին հայկական կողմը ոչնչացուցած է ազրպէյճանցի 300 զինուոր եւ ահաբեկիչ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 5 հոկտեմբերին այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն,...
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան 27 սեպտեմբեր 2020-ին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի համահեղինակն է, անմիջական հրահրողն ու մասնակիցը: Թուրքիայի նախաձեռնութեամբ հաւաքագրւում եւ հակամարտութեան գօտի են ուղարկւում ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումների հազարաւոր անդամներ` տարածաշրջանը վերածելով միջազգային ահաբեկչութեան նոր օճախի: Թուրքիայի չդադարող պատերազմական հռետորաբանութիւնն ու պատերազմական գործողութիւններում Ազրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմական աջակցութիւնը նպատակաուղղուած...
Երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան փողոցը սովորականէն աւելի մարդաշատ էր. ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի գրասենեակէն, ուր 27 սեպտեմբերին ռազմաճակատ մեկնած էր ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեանը, կուսակից ընկերները զայն ճամբեցին յաւերժի ճամբով: Գեղամ Մուշեղեանը` ընկեր Գեղամը, արցախեան ռազմաճակատին վրայ` թշնամիին դէմ մարտերուն, հերոսաբար զոհուած է 4 հոկտեմբերին, իսկ այսօր ազատամարտիկի աճիւնը...
«Թուրքիա կ՛ուզէ ամբողջացնել հայոց դէմ այն ցեղասպանութիւնը, որ գործադրած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ այդպիսով իրականացնել փանթուրանականութեան երազը», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, լիբանանեան պատկերասփիւռի «Օ.Թի.Վի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնեց, որ Արցախի պատերազմը օրուան ծնունդը չէ, ու ան որ կը փորձէ կրօնական կամ դաւանական պատերազմի ակնարկել`...
Երէկ` երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ նոյն օրուան կանուխ առաւօտէն Ազրպէյճան սկսաւ յարձակողական գործողութիւնները` Արցախի հարաւային ուղղութեամբ, անոր զուգահեռ հրթիռային հարուածներ տրուեցան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին: Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ գիշերը համեմատաբար հանգիստ եղած է, սակայն առաւօտեան մարտական գործողութիւնները սկսած են սաստկանալ, իսկ մայրաքաղաքը...
Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը: Նշուած է, որ շարունակուած են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուած առճակատման սրուելուն շուրջ, որ լայնածաւալ բնոյթ ստացած է եւ կը յանգեցնէ լուրջ կորուստներու երկու կողմերուն մէջ, այդ կարգին` քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերու:...
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին եւ Քոնկրեսին` պատժամիջոցներ կիրարկելու Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ` պատերազմական յանցագործութեան համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Թրամփի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան արտասահմանեան ունեցուածքի վերահսկման գրասենեակին միջոցով պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, նաեւ...
Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր հիմնական քաղաքական խմբակցութիւններէն 48 երեսփոխան նամակ յղած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին` խիստ զայրոյթ յայտնելով Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումներուն վերաբերեալ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կոչ կ՛ուղղեն եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարին յստակ քայլերու ձեռնարկելու այս ուղղութեամբ եւ բովանդակային գործողութիւններ իրականացնելու: Նամակը նախաձեռնած է Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի երեսփոխան` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բարեկամութեան խումբի նախագահ...
«Մենք այս պատերազմը կը նկատենք շարունակութիւնը Ցեղասպանութեան, ուղղուած` աշխարհասփիւռ համայն հայ ժողովուրդին դէմ, աւելի մեծ` քան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող պարզ յարձակումը, եւ իսրայէլեան բացայայտ ու բացարձակ զօրակցութեամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի 5 հոկտեմբերի երեկոյեան` նշելով, որ «ազրպէյճանական զինամթերքի 60-70 առ հարիւր համեմատութիւնը իսրայէլեան արտադրութիւն է»: Լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի հարցումներուն պատասխանելով`...
Ազրպէյճանական կողմը 4 հոկտեմբերին կորսնցուցած է 400 զինուոր, ունի 700 վիրաւոր, խոցուած է 13 զրահամեքենայ, 3 պատերազմական օդանաւ եւ 1 անօդաչու թռչող սարք: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան: Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ մարտերը կը շարունակուին հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով. «Մարտերը չեն ունեցած նոյն յամառ ու ծանր բնոյթը, ինչ որ նախորդ 2 օրերուն էր: Սակայն թշնամին...
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է սփիւռքին` նշելով, որ հզօր ու ամուր սփիւռքը իսկական բանակ է, որ սատար է հայրենիքին ու քաջարի հայոց բանակին այս դժուարին, ճակատագրական պահուն: Նախագահը իր ուղերձին մէջ ընդգծած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, թանկագի՛ն քոյրեր եւ եղբայրներ, Մեծ հիացմունք, խորը յուզմունք եւ անսահման հպարտութիւն եմ ապրում` տեսնելով, լսելով ու զգալով համերաշխութեան, միասնութեան այն հուժկու ալիքը, որ...
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հետեւեալ ուղերձը յղեց հայ ժողովուրդին: Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, Անգամ մը եւս Ազրպէյճանը Թուրքիոյ գործուն մասնակցութեամբ գրոհեց մեր հայրենիքին վրայ: Արցախի սահմանի երկայնքով Ազրպէյճանի յարձակումները ո՛չ միայն թիրախաւորած են մեր բանակը, այլեւ սահմանային գօտին եւ նոյնիսկ Ստեփանակերտի ու յարակից շրջաններու անզէն քաղաքացիները: Ազրպէյճանը յանդգնած է յարձակիլ Հայաստանի...
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ զրոյցը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներու որոնումին շուրջ: Ռուսական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերու թիւի աճին առնչութեամբ:...
«Նախ եւ առաջ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան հաւաքական ցեղասպանութիւն կը գործեն հայ ժողովուրդին դէմ, այն ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, ներկայիս կը կրկնուի թրքական զինամթերքով եւ ծրագրումով, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ու թրքական եւ իսրայէլեան զէնքերով», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ֆրանսական «Մոնթէ Քարլօ Տուալիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով...
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին թշնամին մեծ տրամաչափի զէնքերով թիրախ կը դարձնէ խաղաղ բնակչութիւնը: Ըստ անոր, 2 հոկտեմբերին հեռահար հրթիռային միջոցներով երկու անգամ հարուածուած է Հատրութ քաղաքը, երկու անգամ` Ստեփանակերտը: Այս ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք տուժած են խաղաղ բնակիչներ, շինութիւններ, քաղաքացիական պաշտպանութեան կառոյցներ, ենթակառուցուածքներ:...
Երէկ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու ընդհանուր վարչութենէն, զրուցակիցները շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնած շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ: Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են ռազմական գործողութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ...
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը գուժէ դաշնակցական նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ ԳԵՂԱՄ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆԻ նահատակութիւնը: Ան զոհուած է երէկ արցախեան ռազմաճակատին` թշնամիին դէմ մարտերու ընթացքին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն անդրադարձաւ Արցախի վերանորոգ գոյամարտի ծալքերուն, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ընդհանուր իրավիճակին: Նախ եւ առաջ, երեսփոխան Բագրատունի դրուատիքով նշեց, որ նշեալ կայանի տնօրէնութիւնը ի՛նք նախաձեռնած է լրագրող առաքել Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ աշխարհին հաղորդելու տիրող իրավիճակին մասին: Ան ողջունեց «Էլ. Պի. Սի.»-ի...
2011/03/04 – 2014/12/31