Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Մանուկեան. «Փաշինեանը Այդ Յայտարարութեան Մէջ Չէ Ամրագրած Գերիներու Խնդիրը»

November 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ իր հացադուլը շարունակող` «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական յայտագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան «Թերթ»-ի տրուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ես կը կարծեմ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր աւելի շատ ժամանակ պէտք է յատկացնէ, մնայ ամարանոցը, Երեւան մեքենայով չգայ, որովհետեւ քաղաքացիներ հազար ու մէկ վատ արտայայտութիւն կրնան ունենալ:

«Թող ըսէ` անցնող երկու ամիսներու պատերազմը պարտուեցանք, որովհետեւ անոր մէջ մեղաւոր է Սերժ Սարգսեանը, որովհետեւ Քազանեան փաստաթուղթին համաձայնութիւն տուած է, բայց անկէ 7 տարի անց ալ Արցախը հայկական եղած է, թող ըսէ, որ Ռոպերթ Քոչարեանն է մեղաւորը, որովհետեւ Մատրիտեան սկզբունքներուն համաձայն էր, յետոյ երթայ առաջ ու ըսէ, որ Ռոպերթ Քոչարեանը մեղաւոր էր, որովհետեւ 1993-1994-ին, երբ ազատագրուեցան տարածքները, Պաքուն չգրաւեց, յետոյ գայ Խորհրդային Հայաստան եւ Կարէն Դէմիրճեանը մեղադրէ, մինչեւ հասնի Ալեքսանտր Միասնիկեանին», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ` եթէ համաձայնէր առանց կռուի եօթը շրջանները յանձնել, իրեն դաւաճան պիտի ըսէին, Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Հապա ինչո՞ւ 2018-ին պոռոտախօսութեամբ կ՛ըսէր, թէ լաւագոյն տարբերակ պիտի գտնէր ու պիտի դիմէր ժողովուրդին, թող կատարէր 2018-ի խոստումը, գար հրապարակ ու ըսէր որոշումը, ինչու պոռոտախօսութեամբ կը զբաղէր ու կ՛ըսէր` ես զերօ կէտէն պիտի սկսիմ բանակցութիւնները: Թերեւս օր մըն ալ Աստուծոյ մեղադրէ այս պատերազմին պարտուելու մէջ, ինք չի մեղադրեր միայն ինքզինք ու իր ընտանիքը: Ինք կը մեղադրէ բոլորը»:

Գեղամ Մանուկեանի համաձայն, յայտարարութեան մէջ Փաշինեանը նոյնիսկ մոռցած է գերիներու հարցը, պէտք է նախ պարզել, թէ ի՛նչ իրավիճակի մէջ եղած է այդ փաստաթուղթը ստորագրելու ընթացքին:

«Նիկոլ Փաշինեան դաւաճան է, ինք դաւաճանած է ռազմագերիին, հայոց բանակի զինուորին, նոյնիսկ այդ յայտարարութեան մէջ չէ ամրագրած, որ տէր պիտի ըլլայ անոնց, այսքանէն ետք կը շարունակէ մեղաւոր փնտռել», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան եւ յոյս յայտնեց, որ օր մը Փաշինեան ֆէյսպուքեան Հայաստանէն  դուրս կու գայ ու կը տեսնէ, որ իրական Հայաստանի մէջ իրեն կ՛ատեն:

Իսկ «Հայ Հորիզոն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գեղամ Մանուկեան ըսած է. «Այս օրերուն ես արձանագրեցի մէկ բան` Նիկոլ Փաշինեանը չի տիրապետեր իրավիճակին, երբ կ՛ըսէ, որ հայ հանրութեան մեծ մասը իր կողքին կանգնած է»:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Խումբ Մը Արուեստագէտներ Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած Են Հայ Գերիները Վերադարձնելու Պահանջով

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Աշխատանքային Այցելութեամբ Մոսկուա Կը Գտնուին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.