Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց` Փաշինեանի Հրաժարականին Պահանջով

December 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ ՀՅԴ-ի անդամները կազմակերպած էին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք փակած էին Մաշտոցի, այնուհետեւ` Սայաթ Նովայի պողոտաները` վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր» եւ այլն:

Ոստիկանները, անոնց հրելով, գետնին վրայ քաշքշելով, կը հեռացնէին պողոտայէն` բերման ենթարկելով, երբեմն նաեւ բիրտ ուժ կիրարկելով:

Ցոյցի վայրէն ոստիկանութեան բաժին բերման ենթարկուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:

«Ոստիկաններդ Շուշի յանձնող եւ Վազգէնի արձանը պղծող էք, Ազրպէյճանի դրօշը դրէք վրանիդ, Իլհամ Ալիեւի ոստիկանութիւն»: Այս մասին անհնազանդութեան ցոյցի ժամանակ, երբ ոստիկանները բռնի ուժով կը հեռացնէին մասնակիցները` ըսաւ Արցախի նախկին մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան:

Ռուբէն Մելիքեան նշեց, որ անհամաչափ ուժ կը կիրարկուի այն բանէն ետք, երբ վարչական դատարանը վերացուց խաղաղ հաւաքներու արգելքը, իսկ փողոց փակելը խաղաղ հաւաք է: Ան նշեց, որ թող ոստիկանութիւնը ժամկէտ նշէ, թէ քանի վայրկեանով կը թոյլատրէ փողոց փակել: Ըստ անոր, անօրինական է քաղաքացիները բերման ենթարկելը:

«Արժանապատիւ քաղաքացիները իրաւունք ունին փողոց փակելու: Միայն Իլհամ Ալիեւի կօշիկները համբուրած Նիկոլ Փաշինեանը չէ, որ իրաւունք ունի փողոց փակելու», ըսաւ ան:

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող դաշնակցականներու նախաձեռնած ցոյցին վայրէն ոստիկանութեան Երեւանի շարք մը բաժիններ բերման ենթարկուած են 33 անձեր:

Լուսանկարները`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Նախորդը

Գեղամ Մանուկեանի Հացադուլը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նամակ Յղած Է Վլատիմիր Փութինին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.