Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Հիմա Հասարակութեան Միասնական Թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն Է»

December 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Արմնիուզ»-ի «Օրախնդիր» հաղորդումին ատեն յայտարարեց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը վերկուսակցական է, համահայկական, անոր տէրն ու տնօրէնը ժողովուրդն է, եւ հանրային ճնշումը պէտք է այնքան ուժեղանայ, որ դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանին համակարծիք «Իմ քայլը» դաշինքի տրոհում տեղի ունենայ. «Առայժմ Փաշինեան սոսնձուած է աթոռին եւ իր նեղ շրջապատը կը փորձէ պահել բացառապէս սպառնալիքներով ու խոստումներով», աւելցուց ան:

«Նիկոլ Փաշինեանի գործողութիւններուն պէտք է տրուին քրէաիրաւական գնահատականներ: Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համակարծիք են, որ Փաշինեան պէտք չէ վարչապետ մնայ: Էտմոն Մարուքեան կը ներկայացուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու, բայց ատիկա կրնայ ըլլալ արտակարգ ընտրութիւններու ատեն, իսկ հիմա հասարակութեան միասնական թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է», ըսաւ քաղաքական գործիչը:

Ըստ Մինասեանի, Նիկոլ Փաշինեանը հայրենիքը զիջելու, հազարաւոր զոհերու եւ տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներու թիւ մէկ մեղաւորն է. «Իր պաշտօնանկութենէն ետք Փաշինեան չի կրնար ազատօրէն շրջիլ փողոցները: Անոր միակ ապահով ընտրանքը մեկուսացման մէջ գտնուիլն է` մինչեւ դատարանի վճիռը: Գոյութիւն չի կրնար ունենալ այլ հեռանկար, որ ան հեռանայ երկրէն կամ խուսափի պատասխանատուութենէն: Իշխող խմբակցութեան կողմէ սեփական թեկնածու առաջադրելը եւս անընդունելի է, իրենց խումբէն ով ալ ըլլայ, չի կրնար ուղղել ստեղծուած վիճակը, ուստի անոնք բոլորը պէտք է անցնցում հեռանան»:

Արծուիկ Մինասեան դիտել տուաւ, որ այս իշխանութեան գոյութեան իւրաքանչիւր պահ կորստաբեր է, արդէն Հայաստանի մէջ թէ՛ մարդկային, թէ՛ տարածքային, թէ՛ բարոյական կորուստներ կ՛արձանագրուին, եւ այդ ճգնաժամը հետզհետէ կը խորանայ. «Ի տարբերութիւն 2018-ին` այսօր ոչ թէ իշխանութեան, այլ հայրենիքի փրկութեան խնդիր կայ: Իշխանութեան եկողը պէտք է լուրջ համարձակութիւն, պատասխանատուութիւն ունենայ, այսօր իշխանութիւն ստանձնելը ինքզինք զոհաբերելու պատրաստ ըլլալու համազօր է: Պատգամաւորներուն մեծ մասը պէտք է զգայ վտանգը, որ պիտի յայտնուին պատմութեան աղբանոցին մէջ, ուստի պէտք է ընտրել արժանապատիւ ուղին: Միակ ելքը աթոռը պահելով` խմբակցութենէն դուրս գալն ու Վազգէն Մանուկեանի օգտին քուէարկելն է»:

Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծը արժեզրկած է մեր երեսուն տարիներու ձեռքբերումները, նսեմացուած է բոլոր ազատամարտիկներուն արժանիքը. «Եթէ իշխանութիւնը այսօր կարողութիւն չունի լուծելու նոյնիսկ նուազագոյն խնդիրը` գերիներու ու անհետ կորսուածներու վերադարձի ապահովումը, ի՞նչ իշխանութեան մասին է խօսքը: Իմքայլականները պէտք է պատասխանեն` ինչո՞ւ առայսօր դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանի կողքին են: Անոնք ծրագիրներ ունէին` բարձր աշխատավարձ եւ այլն, անոնք աւելին կը ստանան, եթէ այսօր որոշեն պաշտպանել հայրենիքը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Հայաստանի Դիւանագէտներ Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Կառավարութեան Հրաժարականը

Յաջորդը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնին. Վերջին 75 Տարուան Ընթացքին Ժողովրդավարութեան Մեծագոյն Սպառնալիքը Չինաստանն Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.