Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախ Ֆոնտ»-ը Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Նամակ Կը Յղէ

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, «Արցախ ֆոնտ»-ի Լիբանանի մարմինէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ եւ անոր յանձնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ «Արցախ ֆոնտ»-ը կը դատապարտէ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի նախագահներուն ստորագրած յանձնուողական յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը:

Ստորեւ` նամակին բովանդակութիւնը:

Մեծայա՛րգ պրն. Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

Իբրեւ արցախեան դատի յանձնառու եւ Արցախի Հանրապետութեան յաջորդական իշխանութեանց իսկ վկայութեամբ` իր հետեւողական ծրագիրներով Արցախի Հանրապետութեան ամրակայման գործընթացին մէջ ներդրում ունեցած կազմակերպութիւն, «Արցախ Ֆոնտ»-ի Լիբանանի մարմինը կը մերժէ եւ կը դատապարտէ 9 նոյեմբերին իբրեւ վարչապետ` ձեր կողմէ տխրահռչակ եռակողմ համաձայնագիրի ստորագրութեան փաստը:

Համաձայնագիրը ո՛չ միայն Հայաստանի համար յանձնուողական է, այլեւ անվտանգութեան հիմնահարցեր կը ստեղծէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայեցի լինելութեան համար` խնդրահարելով նաեւ Հայաստանի գերիշխանութիւնը:

Անիկա հակասահմանադրական տարրեր կը պարունակէ եւ ստորագրուած է գրեթէ միանձնեայ որոշումով, առանց պետական անհրաժեշտ հիմնարկներու հետ խորհրդակցութեան եւ հաւանութեան,  ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, Ազգային ժողով եւ խոստացուածին հակառակ` հայ ժողովուրդ:

Հետեւաբար, թաքուն ու գրեթէ միանձնեայ որոշումով առնուած քայլը, դաւադրական կը նկատուի իր ոճով եւ էութեամբ:

Դատապարտելի կը գտնենք նաեւ այս գծով ժողովրդային ընդվզումի ալիքը բռնաճնշելու եւ տարբեր սադրանքներու ենթարկելու իշխանութեանց որդեգրած միջոցները` պահանջելով անոնց դադրեցումը եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Համազգային աղէտէն եւ համաձայնագիրի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամէն անցնցում կերպով դուրս գալու համար, կը պահանջենք` օրինական եւ անցնցում անմիջական գործընթացի մը անցումը, որ կ՛ենթադրէ ձեր հրաժարականին կամ  պաշտօնազրկումին միջոցով` կազմութիւնը անցումային եւ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը, որ կրնայ յաղթահարել ճգնաժամը եւ համաձայնագիրի հետեւանքները մեղմել, այնուհետեւ` Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելով:

Ներկայ կառավարութիւնը տարբեր առումներով ի վիճակի չէ համազգային զօրաշարժ ստեղծելու` ճգնաժամն ու համաձայնագիրի հետեւանքները մեղմելու եւ աստիճանաբար յաղթահարելու առնչութեամբ:

Վերականգնումի եւ համազգային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ճանապարհային քարտէսը կրնայ ընթացք առնել միայն այս մեկնակէտով:

Յարգանօք`

 

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

Ռուս Խաղաղապահներու Միջնորդութեամբ Գերեվարուած Երկու Քաղաքացիներ Վերադարձուեցան, Իսկ Զինուորներու Պարագան Կը Ձգձգուի

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիր Կը Յանձնէ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?