Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կան Հանգամանքներ, Որոնք Ֆրանսան Կ՛առաջնորդեն Արցախի Ճանաչման Նպաստող Որոշումներու» Կ՛ըսէ Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան

December 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 18-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց ֆրանսահայ պատմաբան դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան, որուն նիւթն էր «Ֆրանսայի ծերակոյտի որոշումին նշանակութիւնը»:

Դասախօսը նախ պարզեց, որ նիւթը որոշուած ատեն տակաւին Ֆրանսայի խորհրդարանը նման որոշում չէր կայացուցած, հետեւաբար վերլուծումը ընդլայնեց թէ՛ ծերակոյտին եւ թէ՛ Ազգային ժողովին որդեգրած բանաձեւերուն վրայ, անմիջապէս նկատել տալով, որ ծերակոյտի պարագային ներկաներուն թիւը շուրջ 300 էր, մինչ խորհրդարանի պարագային` 185, շուրջ 600-ի վրայ: Գէորգեան պարզաբանեց, որ ծերակոյտին մէջ 1 դէմ քուէարկողը Ֆրանսա-Ազրպէյճան բարեկամական յանձնախումբի նախագահն էր:

Այնուհետեւ ան ներկայացուց Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Մաքրոնի եւ Էրտողանի միջեւ գոյութիւն ունեցած յարաբերութիւնը, Մաքրոնի շրջապատին մէջ հայ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու ունեցած հաւանական դերը եւ ընդհանրապէս Ֆրանսա-Թուրքիա լարուած յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը:

Այս բոլորին կ՛աւելնայ նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ժխտողականութեան դէմ նախկին որոշումներու հոլովոյթը, որ, ըստ էութեան, ստեղծած է ֆրանսական աւանդութիւն մը:

Խօսելէ ետք ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆրանսայի ներս-դուրս կարգավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ վերջերս ունեցած դերակատարութեան մասին` Գէորգեան կեդրոնացաւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի սպառնացող Թուրքիոյ դէմ Ֆրանսայի առած գործնական գործողութիւններուն վրայ:

Յատուկ վերլուծումի ենթարկելով Եւրոպական Միութեան նախագահներու եւ վարչապետներու յառաջիկայ վեհաժողովին Արցախի օրակարգով Ֆրանսայի կատարելիք դերը, դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի հաւանական վերաշխուժացումը:

Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան ներկայացուց նաեւ մարդասիրական այն աշխատանքը, զոր Ֆրանսան կը տանի թէ՛ քաղաքներու, թէ՛ նահանգային խորհուրդներու եւ թէ՛ կառավարութեան մակարդակներուն վրայ` ակնկալելով նման բնոյթի աշխատանքներու ծաւալումը: Կանխատեսելով ռուս-ֆրանսական հաւանական գործակցութեան մը ձեւաւորումը` դոկտ. Գէորգեան ներկայացուց այն հաւանական կէտերը, որոնց շուրջ կարելի պիտի ըլլայ գործակցութիւն ծաւալել:

Շեշտելով այսօրուան սահմանուած դրութեան ժամանակաւոր բնոյթը` դոկտ. Գէորգեան իբրեւ հետագայ աշխատանքներու ուղղութիւն նշեց ինքնորոշման իրաւունքի ճամբով անկախութեան ուղին եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերակազմակերպումը կամ վերասահմանագծումը:

Վերլուծական դասախօսութեան յաջորդեց տեսակէտներու եւ հարցումներու ճամբով հետաքրքրական քննարկում:

 

Նախորդը

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մակընթացութեան Մէջ. Լիբանանցիք Կը Փորձեն Կառչած Մնալ Խոստմնալից Յուսատու «Գարնանային» Քայլերու

Յաջորդը

Ռուս Խաղաղապահներու Միջնորդութեամբ Գերեվարուած Երկու Քաղաքացիներ Վերադարձուեցան, Իսկ Զինուորներու Պարագան Կը Ձգձգուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.