90 տարուան ընթացքին ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն առ յաւէտ բաժնուած եւ երկար տարիներու տեւողութեան ԼՕԽ-ի գործունէութեան կամաւոր կերպով ծառայած երախտաւորներուն յիշատակը յարգելու միտումով, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ:
Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Խորէն քհնյ. Մելքոնեան: Ան իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Աստուածաշունչի հետեւեալ համարը. «Գալով եղբայրասիրութեան, դուք ինքնին Աստուծմէ սորված էք, ինչպէս արդէն գործնապէս այդ սէրը ցոյց կու տաք բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ»: Ան նշեց, որ քրիստոնէութեան գլխաւոր առաքելութիւնը եղբայրասիրութիւնն է, իսկ առանց անոր սիրոյ մասին խօսիլը ունայնութիւն է, որովհետեւ անով կը դրսեւորուի ճշմարիտ սէրը: Եղբայրասիրութիւնը ո՛չ միայն նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւնն է մարդուն, այլ նաեւ մխիթարական խօսքը, չդատելը եւ չնախանձիլն է: Քրիստոս իր ուսուցումով սորվեցուց եղբայրասիրութիւնը: Եղբայրասիրութիւնը ամէնօրեայ տաժանելի աշխատանք է, որով ճշմարիտ քրիստոնեան գոհունակութիւն կրնայ ստանալ: Քահանայ հայրը մասնաւորապէս շեշտեց, որ այսօր աշխարհը մարդը կ՛ուղղէ դէպի եսասիրութիւն, որպէսզի անտարբեր գտնուի իր շրջապատին նկատմամբ: Իսկ քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ սիրտը բանալ մարդոց նկատմամբ, տալ եւ սէր ստանալ: Ան կոչ ուղղեց եղբայրասիրութեան ջատագով մնալ միշտ: Եղբայրասիրութիւնը ոսկիէ օղակ մըն է, որ ծանօթը անծանօթին կը միացնէ:
Քահանայ հայրը անդրադառնալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան յայտնեց, որ եղբայրասիրութեան մարմնացումը կը գտնենք մարդասիրական այս կազմակերպութեան մէջ, որ սէրէ մղուած է հասնելու համար կարիքաւորին, անտէրին, ծերին: ԼՕԽ-ը իբրեւ միութիւն կը գոյատեւէ, կ՛աջակցի, կը զօրակցի, անյայտ կերպով կը գործէ եղբայրասիրութեան անուան տակ:
Քահանայ հայրը իր քարոզի աւարտին գօտեպնդեց ներկաները` մնալու եղբայրասիրութեան մէջ, որուն շնորհիւ կարելի է ստանալ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ ապրիլ սէրը, որպէսզի ապրինք խաղաղութեան մէջ, տարբեր` այս աշխարհի խաղաղութենէն:
Յընթացս Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան:
Յայտնենք, որ «Քորոնա» համավարակին պատճառով Ս. պատարագը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը առցանց սփռուեցան ԼՕԽ-ի դիմատետրի էջէն:
Յարգա՛նք անոնց խնկելի յիշատակին:



