Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով Դաշնակցական Երիտասարդութեան Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Դեկտեմբեր 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ ՀՅԴ անդամները նախաձեռնած էին բողոքի ցոյց` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք փակած էին Մաշտոցի, այնուհետեւ` Սայաթ Նովայի պողոտաները` վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր»:

Ոստիկանութեան ծառայողները ճամբան բանալու հրահանգ ստանալէ ետք, սկսան անհամաչափ ուժ կիրարկելով բերման ենթարկել դաշնակցական երիտասարդները: Ցուցարարներուն կը միանային նաեւ վարորդները: Ոստիկանները թիւով քանի մը անգամ կը գերազանցէին ցուցարարներու թիւին:

Ոստիկանները խոչընդոտեցին նաեւ լրագրողներու աշխատանքը: Ցոյցի ընթացքին ոստիկանութեան ծառայողները բռնութիւն գործադրեցին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցին նկատմամբ եւ փորձեցին զինք եւս բերման ենթարկել:

«Յստակ կրնամ ըսել` մենք պիտի չդադրեցնենք մեր պայքարը, կա՛մ պէտք է ձերբակալեն 100 հազարաւորներ մարդիկ, զսպեն այս պայքարը, կա՛մ պէտք է համակերպին, որ իրենց հաշւըւած ժամանակ մնացած է», այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեանը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը կարծէ, ինչո՞ւ բողոքի մասնակիցները անմիջապէս բերման կ՛ենթարկուին, եթէ օրէնքով արգելք չկայ նման ցոյցեր կատարելու, Քրիստինէ Վարդանեան ըսաւ. «Խնդիրը այն է, որ վարչակարգը խուճապի մէջ է, կառչած են իրենց աթոռներուն, իրենց համար միայն նշանակութիւն ունի այդ աթոռը, եթէ անոնք պաշտպանէին հայրենիքը այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանեն իրենց աթոռը, մենք այս վիճակին մէջ չէինք ըլլար: Ոստիկանները կը կատարեն Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգը, իսկ Փաշինեան հրահանգած է իր աթոռին համար վտանգ հանդիսացող ոեւէ մէկը  շուտ ու որեւէ ձեւով վնասազերծել»:

Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ այն մարդիկ, որոնք քաղաքական պահանջ չունին, կարելիութիւն կ՛ունենան կազմակերպելու իրենց երթը, իսկ այն մարդիկ, որոնք չեն համակերպիր եղելութեան հետ, կը պահանջեն, որ Փաշինեանը հեռանայ, որովհետեւ անոր հեռանալով կրնանք փրկութեան առիթ ունենալ, ստիպուած են անցնելու այս բոլոր դժուարութիւններէն», ըսաւ ան:

 

Երիտասարդները Մաշտոցի պողոտայէն երթով շարժեցան դէպի կառավարութեան շէնք: Անոնք երթի ընթացքին կ՛երգէին հայրենասիրական երգեր:

Յայտնի դարձաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող դաշնակցականներու նախաձեռնած ցոյցին վայրէն բերման ենթարկուած են նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներ Արգիշտի Գէորգեան, Գոռ Սարգսեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Գերասիմ Վարդանեան:

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Յորդորով Հացադուլաւորները Դադրեցուցած Են Իրենց Բողոքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?