Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեանց Ղեկավարները Քննարկած Են Սահմանին Տեղի Ունեցած Միջադէպերու Հետաքննութեան Ու Գերիներու Փոխանակման Առնչուող Հարցեր

January 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները 10 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու պետական սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու միացեալ հետաքննութեան եւ գերիներու փոխանակման առնչուող հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան:

«Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւ եւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան 10 յունուարին հանդիպած են Որոտան եւ Շուռնուխ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, որոնք կ՛ընդգրկուին Հայաստանի Սիւնիքի մարզին կազմին մէջ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Ազրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան ղեկավար Էլչին Կուլիեւ եւ միւս կողմի սահմանապահ ծառայութեան ղեկավարութիւնը: Հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու պետական սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու միացեալ հետաքննութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան, զինուորական գործողութիւններու գօտիին մէջ դիակներու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման առնչուող հարցեր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի ատկէ, կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու ճակատագիրներու պարզաբանման առնչուած հարցերը:

Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատած է, որ երկու երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են նաեւ 8 յունուարին, հայ-ազրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին մէջ, որ կը գտնուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Տուեալ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է, որ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեամբ ձեռք բերուած զինադադարի պահպանումը կը ծառայէ երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ անվտանգութեան:

 

 

Նախորդը

14-25 Յունուարին Լիբանանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Նպատակը Փաշինեանը Հեռացնելն Ու Երկիրը Փրկելն Է»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.