Տեղի Ունեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Խորհուրդի Նիստը
8 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի հերթական նիստը, զոր վարեց Շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:
Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ 11 յունուարին նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման եւ հաւանական պայմանագիրներու վաւերացման հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է հայ հասարակութեան մօտ:
Քննարկուեցաւ եւ վերլուծումի ենթարկուեցաւ նաեւ Շարժումի` մինչ օրս կատարած գործունէութիւնը:
Ճշդուեցան յառաջիկայ կատարելիքներն ու գործողութիւններու ծրագիրը:
Share This Article