Լիբանանի Անկախութեան 77-Ամեակին Առիթով` Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին պատկերասփռուած ճառով մը լիբանանցիներուն պիտի ուղղէ իր պատգամը` Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով: Պատգամին մէջ ան պիտի անդրադառնայ նաեւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի: Ուազնի նախագահ Աունին տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը երէկ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային...



















