Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը` 11 Յունուարի Մոսկովեան Հանդիպումներուն Ընդառաջ

Յունուար 11, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութենէն եւ բանաւոր գաղտնի պայմանաւորուածութիւններէն ետք տեղի ունեցած որոշ զարգացումները իրաւամբ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնն ու կասկածը, որոնք կ՛անտեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին կառչած անձին կողմէ: 11 յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն նախօրէին, նոյն կասկածելի անձնատու քայլերու հաւանականութիւնը տեղի տուած է նոր մտահոգութիւններու, որոնք հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արտայայտուած են թէ՛ ժողովրդային մակարդակով եւ թէ՛ ազգային եւ քաղաքական կառոյցներու, խմբաւորումներու կողմէ:

Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յատկապէս վերջին ամիսներուն աւելի յաճախ կը գործէ թաքուն կերպով, առանց որեւէ հաշուետուութեան, հաշուի առնելով նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կարգ մը նախարարներու կամ այլ պաշտօնեաներու կողմէ տրուած բացատրութիւնները երաշխիք չեն կրնար համարուիլ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հակասահմանադրական անձնատու նոր քայլերու պիտի չդիմէ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն կը կիսէ արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ առ այդ կը յայտարարէ.

Հայաստանի, ներառեալ` Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին շահերուն դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին մասնակցութեամբ ընդունուած որեւէ որոշում եւ կամ կայացուած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռին կառչած անձը գերազանցած է իր սահմանադրական լիազօրութիւնները, ինչպէս եւ կորսնցուցած է իր քաղաքական օրինականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին մասնակցութեամբ 9 նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ կայացած որեւէ հակասահմանադրական որոշումի համար պատասխանատու են Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց բոլոր մակարդակներու ընտրուած թէ նշանակուած պաշտօնեաները, որոնց պաշտօնի տիրոյթին մաս կը կազմէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ սահմանադրական կարգին պաշտպանութիւնը. այդ պաշտօնեաները պարտաւոր են ամէն ջանք թափել կասեցնելու հակասահմանադրական այդ քայլերու աղէտալի ընթացքը` պաշտպանելով մեր ժողովուրդին եւ երկու պետութեանց շահերը:

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գոյութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան սպառնացող այս ընթացքը կասեցնելու ամէնէն ճիշդ տարբերակը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին հեռացումով նախատեսուած գործընթացն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ ազգային միասնականութեամբ դիմագրաւելու բոլոր սպառնալիքները:

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմն ու 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը ստեղծած են նոր իրավիճակ, ուր տակաւին չկարգաւորուած կը մնայ Արցախի հիմնահարցը` նոր անորոշութիւններով հանդերձ: Առ այդ, միջազգային համայնքին կողմէ հարցի կարգաւորման միջնորդութեամբ լիազօրուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող պետութիւնները, շարունակելով համանախագահող երկիր Ռուսիոյ կողմէ արդէն իսկ իրականացուած` պատերազմը դադրեցնելու եւ խաղաղապահ ուժեր տեղադրելու դրական միջնորդական նախաձեռնութիւնները, պարտաւոր են քայլերու ձեռնարկել` կասեցնելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ հայութեան սպառնացող ծրագիրները, շրջանին մէջ հաստատելով կայունութիւն եւ խաղաղութիւն` միջազգային օրէնքի եւ սկզբունքներու համաձայն կարգաւորելու Արցախի հիմնահարցը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

10 յունուար 2021

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւնը. «Հայաստանի Ու Արցախի Շահերի Դէմ Ընդունուող Որեւէ Որոշում Ճանաչուելու Է Ոչ Օրինական»

Յաջորդը

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?