Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-էն: Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին` անհրաժեշտ նկատելով ամէն տեսակի միջոցառում որդեգրել` հակակշռելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակն ու ժահրին արագ տարածումը:...




















