Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Զօրավար-Գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 մարտին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի հետ: Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուեցաւ, որ, անկախ այդ առնչութեամբ տրուած որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ զինուած ուժերը միշտ պէտք է ըլլան բոլորին հոգածութեան կեդրոնը` շեշտելով, որ ինք պիտի շարունակէ յատուկ...



















