Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութեան Հետ Խօսելու Մէկ Օրակարգ Կայ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութեան Հետ Խօսելու Մէկ Օրակարգ Կայ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը»

Երէկ` երկուշաբթի, 8 մարտ 2021-ին տեղի ունեցած երթէն առաջ Բաղրամեան պողոտային մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երկրին նախագահը ամբողջական պատասխանատուն նկատեց երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Ան նշեց, որ իրենք ունին բեմագրութիւններ եւ պիտի ընթանան յառաջ, իսկ յառաջիկայ օրերուն, ըստ իրավիճակին, պիտի որոշեն իրենց քայլերը: «Իշխանութեան հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:...

Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուելով Վերածուեցան «Բարկութեան Երկուշաբթի»-ի` Անդամալուծելով Երկիրը

Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուելով Վերածուեցան «Բարկութեան Երկուշաբթի»-ի` Անդամալուծելով Երկիրը

Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման ոչ մէկ նշոյլի գոյութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ` երկուշաբթի, 8 մարտին, բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան եւ վերածուեցան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ի, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ, ներքին փողոցներ, հրապարակներ` պահանջելով բարելաւել երկրի պայմանները: Ցուցարարներէն ոմանք կոչ ուղղեցին իշխանութեան` հեռանալու...

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

Պէյրութի քաղաքապետարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները խոր վիշտով կը գուժեն Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ընդհանուր առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառած բարդութիւններուն պատճառով: «Պէյրութը եւ իր քաղաքապետական խորհուրդը կը կորսնցնեն բժիշկ Սահակ Քէշիշեանը, որ սիրուած բարեկամ...

Խմբագրական.  8 Եւ 9 Մարտի Զուգակցուած Խորհուրդները

Խմբագրական. 8 Եւ 9 Մարտի Զուգակցուած Խորհուրդները

Մէկ օրուան յաջորդականութեամբ կը նշուին Կիներու եւ Ուսուցչաց տօները: Թուականի այս զուգադիպութիւնը յամենայն դէպս խորհուրդ կը պարփակէ իր մէջ այն առումով, որ ուսուցչական կազմերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կիներ են: Կիներ են նաեւ ընդհանրապէս կրթութեան ոլորտի պատասխանատուները, տնօրէնները, մանկավարժները: Կիներ են դպրոցներու շուրջ համախմբուած ծնողական խորհուրդներու անդամները: Երեւոյթը Լիբանանի մէջ զգալի է. աւելի շեշտուած` լիբանանահայ կրթական մարզի պարագային: Մօտաւորապէս նոյնն է նաեւ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Հանրահաւաք Եւ Երթ` «Ազգ, Բանակ,  Յաղթանակ» Կարգախօսով

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ` «Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ» Կարգախօսով

Շաբաթ, 6 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը` յայտնելով իրենց լիակատար աջակցութիւնը Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան համոզմունք յայտնեց, որ անցնող շաբաթներուն բողոքի բոլոր գործողութիւններուն ընթացքին իրենց շարքերը եղած են ամուր, առողջ, տրամադրուած են մարտական: Ըստ անոր, իրենց շարքերուն մէջ...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւն

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւն

Մարտ 8-ի` Կիներու իրաւունքներու եւ ազատութեան միջազգային օրուան առիթով Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. Ցաւի եւ պայքարի մարտի 8 Սիրելի՛ կանայք, մայրեր, քոյրեր, դուստրեր, Վաղը մարտի 8-ն է` Կանանց իրաւունքների ու ազատութեան միջազգային օրը: Օր, որ լիցքաւորում էր ձեր արժանապատուութիւնը, հաստատում երջանիկ լինելու ձեր առաքելութիւնը եւ ամրագրում, որ կայուն են այն հասարակութիւնները, որտեղ արժեւորուած...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ԱԶԴ

Մեր Հայրենիքի այս դժուարին օրերուն, ներքին-կազմակերպական տագնապալի օրեր կ՚ապրի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին անդամ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի կառոյցը։ Երկար տարիներ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած խմբակ մը, հիմնականին մէջ՝ փառատենչութենէ տարուած, իրենց կարգ մը համախոհներով եւ որոշ այլ մոլորեալներով, Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական կանոններու թիւր եւ կամայական մեկնաբանութիւններով խախտած են իրենց դաշնակցականի երդումը՝ «միշտ հաւատարիմ մնալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին...

Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը  Այս Շաբաթ Բանաձեւ Պիտի Ներկայացնէ` Ազրպէյճանին  Կոչ Ուղղելով Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը Այս Շաբաթ Բանաձեւ Պիտի Ներկայացնէ` Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղելով Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ նոր օրինագիծը, զոր Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարները պիտի ներկայացնեն Ներկայացուցիչներու տան եւ որով Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի անմիջապէս ազատ արձակելու աւելի քան 200 հայ պատերազմական գերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիները, որոնք իբրեւ պատանդ կը պահուին 9 նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն հարիւր օր ետք: Երկկուսակցական բանաձեւը, զոր հեղինակած են քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ճեքի Սփիրը, Տէյվիտ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ  Կայացնել Հակապետական Որոշումներ,  Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ Կայացնել Հակապետական Որոշումներ, Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

Բաղրամեան պողոտան պէտք է թելադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական օրակարգը: Այս մասին երէկ` 5 մարտին, Բաղրամեան պողոտայէն, Դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է, որ մենք կը գտնուինք Բաղրամեան պողոտային վրայ: Այդ պողոտան հռչակած ենք պայքարի հարթակ: Ինչո՞ւ փակ կը պահենք այս պողոտան, որովհետեւ այս պողոտային վրայ կը գտնուին մեր երկրին...

Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական  Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է  Միջազգային Իրաւունքին»

Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է Միջազգային Իրաւունքին»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Զանգեզուրը կոչեց «ազրպէյճանական պատմական տարածք» ու յայտարարեց, թէ պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ թէ կեանքի կոչած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Ալիեւ ըսաւ, որ «երթեւեկի նոր միջանցքը պիտի անցնի Ազրպէյճանի պատմական տարածքով` Զանգեզուրով, եւ պիտի միացնէ Ազրպէյճանի հիմնական մասը երկրի անբաժան...

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական  Կեդրոնը Կը Համագործակցի Միջազգային  Եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին Հետ Ապահովելու Հայ Զինուորների Ազատ Արձակումը

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնը Կը Համագործակցի Միջազգային Եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին Հետ Ապահովելու Հայ Զինուորների Ազատ Արձակումը

Ի հակազդումն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ հայ քաղաքացիական անձերու անօրինական ձերբակալման, Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) եւ Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը (CICL) կը միաւորեն իրենց ուժերը` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ գերութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու ազատումը ապահովելու համար: Երկու կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերը, որ սկսան յունուար 2021-ին, նպատակ կը հետապնդեն պահանջներ ներկայացնել քաղաքացիական եւ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Այնճար Եւ Զահլէ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Այնճար Եւ Զահլէ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` ուրբաթ, 5 մարտ 2021-ին, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Այնճար, ուր ան դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան ու Այնճարի հեղինակութիւններուն կողմէ: «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան իրազեկ դարձաւ Այնճարի մէջ տիրող իրադարձութիւններէն եւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան,...

Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը  Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական  Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է»

Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է»

«Ազդակ»-ի 25-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմէնճեան` նիւթ ունենալով «պոլսահայ մշակութային կեանքը այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ Պոլիս-Պէյրութ մշակութային կամուրջին, պոլսահայ գրողներու Պէյրութ կատարած այցելութիւններուն, Պէյրութի մէջ անոնց հայ մամուլի աշխատակցութիւններուն: Ապա ան ներկայացուց Պոլսոյ կրթական, եկեղեցական եւ ընդհանրապէս մշակութային կառոյցներն ու անոնց ծաւալած գործունէութիւնը` ընդհանուր գիծերու մէջ: Տէիրմէնճեան, կեդրոնանալէ...

Խմբագրական.  Որպէսզի Չէզոքութիւնն  Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Խմբագրական. Որպէսզի Չէզոքութիւնն Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Լիբանանեան դրամանիշի գահավէժ անկումը փողոց վերադարձուց բողոքող քաղաքացիները: Բողոքի գործողութիւնները սակայն, հիմնականին մէջ ճանապարհ փակելով եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը արգելակելով, որեւէ հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Միաժամանակ, կ՛ակնկալուի, որ բողոքի գործողութիւնները թափ հաւաքեն, սանձազերծ ընթացքին առընթեր: Լուծումը` տեսանելի չէ, որովհետեւ խնդիրը առ երեւոյթ ֆինանսական է` տնտեսական համընդհանուր տագնապի պարզապէս հետեւանք, որ համավարակին հետ կապուած չէ իր ընդհանուր տարողութեամբ: Հակառակ դեսպաններու մագոգային հանդիպումներուն, նախապայմանային...

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն,  Շարժումը Պիտի Շարունակուի,  Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն, Շարժումը Պիտի Շարունակուի, Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Հայաստանի քննչական կոմիտէի յատկապէս Կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ 12 եւ 20 փետրուար 2021-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն ընթացքին Վազգէն Մանուկեանի կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ դէպքերուն առիթով քննուող քրէական գործով, օրէնքով սահմանուած կարգով, Վազգէն Մանուկեան 4 մարտին Քննչական կոմիտէին կողմէ հարցաքննուեցաւ: Որոշուեցաւ, որ իբրեւ խափանման միջոց ստորագրութիւն առնուի...

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան  Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեան դիմեց վարչական դատարան` Հայաստանի նախագահի 24 փետրուար 2021-ի հրամանագիրը անվաւեր ճանչնալու պահանջով: Այս մասին «Արմէնփրես» տեղեկացաւ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն: Հայցը ներկայացուած է 3 մարտին եւ ուղղուած է դատաւոր Մերի Համբարձումեանին:  

Քոչարեան. «Ղարաբաղի Մէջ Անարդար  Խաղաղութիւնը Կրնայ Յանգեցնել  Նոր Պատերազմի»

Քոչարեան. «Ղարաբաղի Մէջ Անարդար Խաղաղութիւնը Կրնայ Յանգեցնել Նոր Պատերազմի»

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ` 4 մարտին ռուսական լրատուամիջոցներու համար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ձեւաչափի վերանայման հարցի կարելիութիւնը չի քննարկեր: Քոչարեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ պատրաստուիր առաջնորդելու այդ շարժումը, նշած է, որ ինք իսկապէս աջակցած է շարժումին, եւ այդ շարժումը յաջողած է իր շուրջ համախմբել հասարակութեան զգալի մասը: Քոչարեանի համաձայն,...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ  Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ  Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) կողմէ Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած հրատապ հարցադրման ի պատասխան` Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական յանձնաժողովի անունով դատապարտած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարի ռմբակոծումը: Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆուրլասի կողմէ ուղղուած հրատապ հարցումին մէջ կը նշուէր, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, խախտելով պատերազմի միջազգային օրէնքները, 8 հոկտեմբեր...

Բաղրամեան Պողոտայի Հանրահաւաքին  Մասնակիցները Լիակատար Աջակցութիւն  Կը Յայտնեն Զինուած Ուժերու  Ընդհանուր Հրամանատարին

Բաղրամեան Պողոտայի Հանրահաւաքին Մասնակիցները Լիակատար Աջակցութիւն Կը Յայտնեն Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, նաեւ իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնելով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին: Նշենք, որ հանրահաւաքին զուգահեռ Ազգային ժողովին մէջ տեղի կ՛ունենար կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանը: Իշխանութիւնը կարելի եւ անկարելի բոլոր միջոցներուն ձեռնարկեց Նիկոլ Փաշինեանի ու կառավարութեան...

Վազգէն Մանուկեան Կանչուած Է  Հարցաքննութեան

Վազգէն Մանուկեան Կանչուած Է Հարցաքննութեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ստացաւ ծանուցագիր մը, որուն հիմամբ իր կատարած յայտարարութիւններուն համար Հայաստանի Քննչական կոմիտէին կողմէ կանչուած է հարցաքննութեան: Այս առնչութեամբ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանն այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի կողմից ստացել է ծանուցագիր, որից պարզ է դառնում, որ իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած հրապարակային...

Page 383 of 797 1 … 382 383 384 … 797

Արխիւներ