Գլխաւոր լուրեր

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Կոչ` Հայաստանի Քաղաքացիներուն

Երէկ ընդդիմադիր ուժերը համախմբող Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հետեւեալ կոչը ուղղեց Հայաստանի քաղաքացիներուն. Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Նիկոլ Փաշինեանը մարտի 13-ին` ժամը 12:30-ին, այցելելու է կառավարութեան 2-րդ մասնաշէնք` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութիւն: Դիւանագէտի օրը` մարտի 2-ին, խախտելով աւանդոյթը, նա չգնաց հայկական դիւանագիտութեան կենտրոնակայան, սակայն որոշել է այնտեղ լինել մարտի 13-ին: Մենք էլ նրան դիմաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութեան դիմաց, որ կրկին...

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային  Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը hինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ հայրապետական ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը Կիլիկիոյ Սուրբ աթոռին հետ մնացին մնայուն ու հետեւողական: Շրջանային վարչութեան ատենապետը...

Հաղորդագրութիւն.  Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հաղորդագրութիւն. Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Նախարարի պաշտօնակատարը հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ շրջայց մը կատարեց հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն, զրուցեց հիւանդներուն հետ, քաջալերեց կեդրոնի առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան աշխատակազմի աշխատակիցներուն քրտնաջան աշխատանքը համայնքային ծառայութեան մատուցման առումով եւ աւարտին քննարկում ունեցաւ ընկերային ծառայողներուն հետ ու...

Սաղաթէլեան. «Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած  Հանդիպումին Կը Մասնակցինք  Միայն Մեր Առաջարկած Օրակարգով»

Սաղաթէլեան. «Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած Հանդիպումին Կը Մասնակցինք Միայն Մեր Առաջարկած Օրակարգով»

Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող վրանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը: Իշխան Սաղաթէլեան, հրապարակելով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի յայտարարութիւնը, ներկայացուց քաղաքական կլոր սեղան կազմակերպելու Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկին վերաբերեալ շարժումին դիրքորոշումներն ու գնահատականները, նաեւ պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն: «Մենք կարեւոր կը նկատենք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն,...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը, արձագանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեանը, ընդգծում է, որ երկիրը կանգնած է ազգային աղէտի շեմին, խորանում է անվտանգային, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական համակարգային ճգնաժամը, եւ յայտնի են դրա պատճառներն ու պատասխանատուները: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը վերահաստատում է ճգնաժամի յաղթահարման իր ճանապարհային քարտէսը` վարչապետի հրաժարական, ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորում, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Գիտակցելով խորացող ճգնաժամի յաղթահարման հրատապ անհրաժեշտութիւնը` յայտնում ենք նշուած ձեւաչափով...

Նախագահը Պիտի Չստորագրէ Արտակ Դաւթեանի  Նշանակման Հրամանագիրի Նախագիծը  Եւ Պիտի Չդիմէ Սահմանադրական Դատարան

Նախագահը Պիտի Չստորագրէ Արտակ Դաւթեանի Նշանակման Հրամանագիրի Նախագիծը Եւ Պիտի Չդիմէ Սահմանադրական Դատարան

Հանրապետութեան նախագահը 11 մարտ 2021-ին իր առարկութիւններով վերադարձուցած է Արտակ Դաւթեանը Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակելու մասին վարչապետի առաջարկութիւնը եւ կից հրամանագիրի նախագիծը: Նոյն օրը ստացուած են վարչապետի հիմնաւորումները նախագահի առարկութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն. հանրապետութեան նախագահը պիտի չստորագրէ հրամանագիրի նախագիծը եւ պիտի չդիմէ Սահմանադրական դատարան: Միւս կողմէ, վարչապետի մամլոյ...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակման վերաբերող հարցեր: Ուեհպէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին Մարալ Նաճարեանի ազատագրումին, յատկապէս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն:  

«Մարալ Նաճարեան, Մենք Բոլորս Կողքիդ Ենք,  Որովհետեւ Դուն Մեզ Կը Ներկայացնես»  Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

«Մարալ Նաճարեան, Մենք Բոլորս Կողքիդ Ենք, Որովհետեւ Դուն Մեզ Կը Ներկայացնես» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեանին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Գուճանեանին, այցելեց ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած Մարալ Նաճարեանին` յայտնելու զօրակցութիւնը եւ մօտէն հետեւելու անոր կացութեան: Այս առիթով Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Մարալը հերոսաբար գացած էր Արցախ` հողը պարարտ դարձնելու եւ Արցախը անկախ ու...

Ազրպէյճանական Գերութեան Մէջ Յայտնուած  Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Վերադարձաւ Պէյրութ

Ազրպէյճանական Գերութեան Մէջ Յայտնուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Վերադարձաւ Պէյրութ

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան պատերազմի օրերուն յայտնուած էր ազրպէյճանական գերութեան մէջ, Միջազգային կարմիր խաչին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ջանքերուն եւ հետապնդումներուն շնորհիւ, արդէն հասած է Պէյրութ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Մարալ Նաճարեանի հետ եւ շնորհաւորեց անոր ազատութիւնը ազրպէյճանական գերութենէն: Բագրատունի նաեւ...

Ընդդիմութիւնը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Շրջափակման Մէջ Պահեց Ազգային Ժողովի Բոլոր Մուտքերը

Ընդդիմութիւնը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ Պահեց Ազգային Ժողովի Բոլոր Մուտքերը

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, Դեմիրճեան փողոցի եւ Բաղրամեան պողոտայի խաչմերուկէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը շարունակէին պահանջել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց, որ եթէ 2015 թուականին աւելի խելացի մարդիկ ղեկավարէին մեր ժողովուրդը, մենք այդ կորուստը չէինք ունենար: «Միշտ մարդոցմէ կախեալ է, չկայ հող կորսնցնելու պատմական...

Նախագահ Սարգսեան Վարչապետը, Խորհրդարանական  Խմբակցութիւններու Ղեկավարները Եւ Հայրենիքի  Փրկութեան Շարժումի Ղեկավարները Հրաւիրեց Հանդիպումի

Նախագահ Սարգսեան Վարչապետը, Խորհրդարանական Խմբակցութիւններու Ղեկավարները Եւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ղեկավարները Հրաւիրեց Հանդիպումի

Առկայ իրավիճակը քննարկելու եւ ճգնաժամը յաղթահարելու վերաբերող փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներն եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ղեկավարները հրաւիրեց հանդիպում մը, որ նախատեսուած է 13 մարտ 2021-ին: Այս առնչութեամբ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկրին մէջ շարունակուող քաղաքական ճգնաժամը կը պահանջէ հրատապ եւ համակարգային փոփոխութիւններ, որոնց կարգին` սահմանադրական եւ օրէնսդրական: Նախագահին համաձայն,...

Բագրատունի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր: Բագրատունի ամերիկացի դեսպանին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները` ինչ կը վերաբերի շրջանային իրադարձութեանց, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին լիբանանեան տագնապի հանգուցալուծման հիմնական լուծումները: Դեսպան Շիա յատուկ հետաքրքրութեամբ հանդէս եկաւ...

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետը Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետը Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ դատաւոր Մարուան Ապպուտը եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Ժամալ Իթանին: Հանդիպումին ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Պէյրութի բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութեանց ի տես քաղաքապետութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի...

Ակնարկ.  Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին

Ակնարկ. Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին

Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկման վարչապետական որոշումի նախագիծը երկրորդ անգամ չստորագրելով, ըստ էութեան, հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց պաշտօնանկութիւնը: Պաշտօնանկման իրաւակարգը կ՛առկախուէր,  եւ այդպիսով անոր վաւերականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնար, եթէ  նախագահը, հակասահմանադրական տարրեր գտնելով որոշումի նախագիծին մէջ, զայն ուղարկէր Սահմանադրական դատարան: Այդպէս չեղաւ սակայն: Հիմա տեսնենք, թէ Սահմանադրական դատարանին չուղարկելու հանրապետութեան նախագահին որոշումը աւելի իրաւակա՞ն նախադրեալներ ունի, թէ՞...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բոլոր  Մուտքերէն Շրջափակեց Ազգային Ժողովը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բոլոր Մուտքերէն Շրջափակեց Ազգային Ժողովը

Երէկ` երեքշաբթի, 9 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ  տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ մէկ ժամուան մէջ յայտնի պիտի ըլլայ վերջին շրջանի Ազգային անվտանգութեան, Զինուած ուժերու միասնականութեան եւ այդ Զինուած ուժերուն դէմ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի անօրինական յարձակումներուն հետ կապուած...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է  Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն  Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Ըստ Նախագահի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան. «Սահմանադրական Դատարան Դիմելու Վերջնաժամկէտ Չկայ»

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն. «Տարբեր քաղաքական ուժերու, գործիչներու եւ անձերու կողմէ կը հնչեն տարբեր մեկնաբանութիւններ, պարզաբանումներ եւ վերլուծութիւններ հանրապետութեան նախագահին կողմէ Սահմանադրական դատարան դիմելու ժամկէտներու վերաբերեալ: Այս հարցը շահարկելով` կը ձեւաւորուի թիւր կարծիք, թէ 9 մարտը Սահմանադրական դատարան դիմելու վերջնաժամկէտն է»: Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը շեշտէ, որ նման կարծիքները անհիմն են` Սահմանադրական...

«Բարկութեան Երկուշաբթի»-ն Զայրոյթի  Շաբթուան Վերածելու «Ջանքեր»-ը Յստակօրէն  Կ՛երեւան Բողոքի Ցոյցերուն Ընդմէջէն

«Բարկութեան Երկուշաբթի»-ն Զայրոյթի Շաբթուան Վերածելու «Ջանքեր»-ը Յստակօրէն Կ՛երեւան Բողոքի Ցոյցերուն Ընդմէջէն

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կատարուածը Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Յեղաշրջում Է» Ութօրեայ բողոքի ցոյցերուն եւ յատկապէս հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակումին միջոցով կարելի պիտի չըլլար Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին լուծումներ ապահովել, փտածութեան վերջ տալ, բարեկարգումներու գործադրութիւնը ապահովել, ինչպէս նաեւ սղաճին չափ ու սահման դնել եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերականգնել: Նախանցեալ օրուան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ով աւելի եւս թափ առած բողոքի ցոյցերը կը փաստեն, թէ...

Ապու Տապիի Մէջ .  Հարիրի – Լաւրով Հանդիպում

Ապու Տապիի Մէջ . Հարիրի – Լաւրով Հանդիպում

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի   երէկ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայել Պոկտանովի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հարցերով Հարիրիի օգնական Ժորժ Շաապանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին վերաբերեալ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կիներու Օրը Արժեւորեց Եռաբլուրի Մէջ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կիներու Օրը Արժեւորեց Եռաբլուրի Մէջ

Երէկ` 8 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը Բաղրամեան պողոտայէն երթ կազմակերպած էր դէպի «Եռաբլուր» պանթէոն: Երթի մասնակիցները ըսած են, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը անոնք կ'ուզեն նշել Եռաբլուրի մէջ` զոհուած զինուորներու մայրերուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով կորսնցուցած են իրենց որդիները, ամուսիններն ու եղբայրները: Երթի մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին հայրենիքին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներուն յիշատակին: «8...

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք Ձեզի Երջանիկ Ու Խաղաղ Երկիր Պարտք Ենք, Մեր Հերոսներուն Արժանի Հայրենիք»

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք Ձեզի Երջանիկ Ու Խաղաղ Երկիր Պարտք Ենք, Մեր Հերոսներուն Արժանի Հայրենիք»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի ուղերձը` Կիներու միջազգային տօնին առիթով. «Սիրելի՛ կանայք, Այսօր մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը ձեզ վերահաստատելու օրերից մէկն է, ասելու, որ դուք մեր երկրի, մեր ապագայի, մեր երազանքների ոգեշնչող ուժն էք, մեր ազգային քոտի շարունակողը եւ դուք անգամ 21-րդ դարում կրում էք այդ առաքելութիւնը: Ձեզ հետ միասին մենք պայքարեցինք ու կերտեցինք մեր անկախութիւնը, յաղթեցինք պատերազմում,...

Page 382 of 797 1 … 381 382 383 … 797

Արխիւներ