Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 23 ապրիլ 2021 թուակիր նամակ մը ստացաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսէն:
Յիշեալ նամակին մէջ, ողջունելով հայ ու յոյն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու բարեկամական կապերը, վարչապետ Միցոթաքիս կ՛ըսէ, թէ «ժամանակի խորութեան մէջ կը ցանկանք առաւել ամրապնդում մեր պատմական կապերուն»: Ապա, ան իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ Հայաստանի, մեր ժողովուրդին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը մօտէն կը ճանչնայ Յունաստանի վարչապետը եւ Աթէնք իր այցելութեանց առիթներով հանդիպումներ ունեցած է անոր հետ` նախարար եղած ժամանակ:



