Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ), հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Նահատակաց տօնի 105-ամեակի ոգեկոչում:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու, ինչպէս` Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Հըզպալլայի, Մարատա հոսանքի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչները:
Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք ուսանողական միութիւններուն անունով զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը:
Իր կարգին, օրուան պատգամաբեր երեսփոխան Յակոբ Թերզեան զետեղեց ծաղկեպսակ մը` Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով:
Ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններուն խօսքը ուղղեց ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անդամ Ալիք Մեսրոպեան, որ յայտնեց, թէ տասը օրեր առաջ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը ոգեկոչելէ ետք, այսօր կ՛ոգեկոչենք Լիբանանի անկախութեան եւ ազատութեան նահատակներու 105-ամեայ յիշատակը: «Այսօր հոս կը գտնուինք վերյիշելու համար, որ 6 մայիսին լիբանանցիներ այս հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան, պարզապէս որովհետեւ անոնք յանդգնեցան Լիբանանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը պահանջել բռնատիրական իշխանութենէն», ըսաւ ան:
Ա. Մեսրոպեան նշեց, որ 6 մայիսը յիշատակի օրն է բոլոր այն նահատակներուն, որոնք Ճեմալ փաշային եւ Օսմանեան կայսրութեան զոհերը գացին 1916-ին: «Երբ օտար երկրի մը դեսպանը Օսմանեան կայսրութենէն պահանջեց վերջ տալ այդ բարբարոսութեան` Էնվեր փաշա դեսպանին յղեց հետեւեալ երկտողը. Օսմանեան կայսրութիւնը պէտք էր բնաջնջէր հայերն ու լիբանանցիները: Առաջին տեսակը բնաջնջեցինք սպանութեամբ, իսկ երկրորդ տեսակը պիտի բնաջնջենք զայն սովի ենթարկելով: Այս պատճառով ալ Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչները շարունակեցին Լիբանանի մէջ իրենց բարբարոսութիւնները եւ շրջափակումի ենթարկեցին Լեռնալիբանանը` սովի ենթարկելով Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը», հաստատեց ան:
Ա. Մեսրոպեան շեշտեց, որ անոնք իրենք զիրենք իբրեւ ուսանողներ եւ երիտասարդներ պատասխանատու կը զգան ոգեկոչելու նահատակներուն յիշատակը եւ դասեր քաղելու անոնց մղած պայքարէն, որովհետեւ օսմանեան վտանգը չէ վերացած: «Արժանապատուութեան այս հրապարակէն կը յայտարարենք, որ անոնց յիշատակի հուրը վառ պահելու խոստումը վերանորոգած ենք», շեշտեց Ա. Մեսրոպեան:
Ապա երեսփոխան Յ. Թերզեան յայտնեց, որ այսօրուան հաւաքը նուիրուած է իրաւունքի, մարդկութեան եւ խօսքի ազատութեան նահատակներուն, որոնք ընդդիմացան Օսմանեան կայսրութեան դէմ` պաշտպանելու համար լիբանանցի մարդուն ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
«6 մայիսը Նահատակաց տօնն է, հպարտութեան տօնը իւրաքանչիւր նահատակի համար, որ մերժեց իր ժողովուրդին վարկաբեկումը: 6 մայիսը ազգային տօն է, հակառակ բոլոր անոնց, որոնք կը ջանան նենգափոխել պատմութիւնը: Այս օրը Լիբանանի համար պատմական է, որովհետեւ անոր ընթացքին Լիբանանէն կարելի եղաւ հեռացնել թրքական բարբարոսութիւնները: Ահաւասիկ Պուրճի հրապարակը, որ վերածուեցաւ Նահատակաց հրապարակի, որ ամէն տարի կը սպասէ մեզի եւ պիտի շարունակէ սպասել մեզի` ոգեկոչելու համար Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան հերոսներուն յիշատակը», ըսաւ ան:
Օրուան պատգամաբերը ընդգծեց, որ բոլորը կը վկայեն թուրքին բռնարարքները, որոնք ցարդ կը շարունակուին, սակայն ոչ ոք զայն հաշուետուութեան կը հրաւիրէ: «Մենք մեր նահատակներէն կամքի, կորովի, գոյատեւման ու զոհողութեան ուժ կը ստանանք: 6 մայիս 1916-ը կարելի չէ մոռնալ, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ազատութիւնը կերտած թուական է, իսկ անոր յաջորդած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ Լիբանանը պատգամի երկիր յայտարարած պապական յորդորակը, որ հրապարակուած է 1997-ին, նոյն հրապարակին վրայ», շեշտեց ան:
Յ. Թերզեան ընդգծեց, որ կարելի չէ արժանապատուութեան այս հրապարակին վրայ գտնուիլ, առանց յիշելու այսօրուան ղեկավարները` եթէ կան ղեկավարներ: «Անոնց կ՛ըսենք. եթէ այսօր դուք նահատակներու ոգին ունենայիք եւ իրենց կեանքը իրենց ժողովուրդին ազատութեան համար զոհած 6 մայիսի նահատակներուն յիշատակին հաւատարիմ մնայիք, ապա մենք այս ցաւալի ներկան չէինք ապրեր: Տակաւին ի՞նչ տառապանքներ պէտք է տեսնէ լիբանանցին, որքա՞ն պէտք է տառապի ան, անհրաժեշտ է, որ միշտ սեւ օրերը կրկնուի՞ն Լիբանանի պատմութեան մէջ: Կը սխալի՛ք, պարոնա՛յք, որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է ամէն տեսակ զոհողութեան: Հոսկէ, արժանապատուութեան եւ Նահատակաց այս հրապարակէն կոչ կ՛ուղղենք ձեզի բարձրանալու լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումներուն մակարդակին եւ կազմելու արժանեաց կառավարութիւն մը, որուն միակ մտահոգութիւնը ըլլայ ժողովուրդը, եւ առանց յոգնութեան եւ առանց տրտնջալու աշխատի ի խնդիր Լիբանանի տնտեսական բարօրութեան եւ ազգային զարթօնքի կերտման», ըսաւ ան:
Յ. Թերզեան Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով ողջունեց ներկաները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը եւ ԼԵՄ-ը, որոնք կազմակերպեցին այդ ոգեկոչումը: «Դուք Լիբանանի միասնականութեան օրինակելի տիպարն էք, եւ ձեր նմաններուն ներկայութեամբ պիտի յաղթենք: Մի՛ յուսալքուիք, պայքարեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս պայքարեցան ձեր նախահայրերը, եւ յաղթեցէ՛ք բոլոր անոնց, որոնք այլանդակեցին մեր հայրենիքը, որպէսզի ան ազատ մնայ եւ բռնատէրներուն հրահանգներէն անկախ գոյատեւէ, այնպէս ինչպէս ձեզի վայել է: Կը վերահաստատեմ, որ մեր Լիբանանը պիտի յաղթէ, եւ ան միայն ձեզմով պիտի յաղթէ», եզրափակեց Յ. Թերզեան: