Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

June 2, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան` մատնանշելով, որ ատիկա վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ փորձ մըն է ընտրութիւններուն նախօրեակին քաղաքական մուրացկանութեամբ օրինականութիւն գտնելու:

«Մենք զայն չենք ճանչնար իբրեւ վարչապետ, առաւել եւս` իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ան ոչ թէ հայկական պետութիւն կը ներկայացնէ, այլ` պարտութեան, ստախօսութեան, պետականութեան կործանման, մեր ազգի նուաստացման ու դաւաճանութեան խորհրդանիշն է», ըսաւ ան:

Յովսէփ Տէր Գէորգեան հետաքրքրական նկատեց այն, թէ ինչո՞ւ Փաշինեան այսօր կը դիմէ նախագահ Մաքրոնին, երբ 9 նոյեմբեր 2020-ին արհամարհեց նոյն Մաքրոնի հեռաձայնները, որոնք կրնային կանխել այդ ամօթալի յայտարարութեան ստորագրութիւնը` աւելցնելով, թէ Փաշինեանի այս այցելութիւնը սին քարոզչութեան ու ամբոխավարութեան հերթական ապացոյց է:

«Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ չէ, որ պիտի գտնէ մեր այսօրուան աղէտալի վիճակէն դուրս գալու միջոցներ: Ֆրանսան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրավիգ է Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ Փաշինեան այս յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յաւելեալ արժէք չունի. այս կացութենէն դուրս գալու հիմնական արգելքը ի՛նքն է, եւ լուծումը մէկն է ու միակը` իր անյապաղ հեռացումը», եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

 

 

Նախորդը

Ժողովրդային Խոր Ընդվզում` Դիահերձարանին Մէջ Յայտնուած Հայ Նահատակ Զինուորներու Աճիւններու Լուսանկարներէն

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.