Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքը Ներկայացուց Իր Նախընտրական Ծրագիրը

May 31, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 29 մայիսին «Հայաստան» դաշինքը ուղիղ եթերով ներկայացուց իր նախընտրական ծրագիրը:

Հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը: Ապա առաջարկուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Արցախի 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը:

«Մեր նախընտրական դաշինքի ծրագիրը անուանած ենք «365 օր. ապագան սկսւում է այսօր», յայտարարեց նախկին փոխվարչապետ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Գէորգեան` խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց ուժի նախընտրական ծրագիրն ու խումբը ներկայացնելու նուիրուած ձեռնարկին:

«Մեր հասարակութեան ներկայացուող այս ծրագիրը մենք չենք նկատեր կատարեալ փաստաթուղթ, ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է: Մեր նպատակն է յետադարձ կապի միջոցով ստանալ առաջարկներ, նոր գաղափարներ, ինչո՞ւ չէ` նաեւ առարկութիւններ: Մենք կոչով կը դիմենք հանրութեան, տարբեր մասնագիտական խումբերու, ձեր առաջարկները չափազանց կարեւոր են մեզի համար: Այսպիսով մենք կը  շեշտենք մեր խումբի սկզբունքային մօտեցումներէն մէկը` մասնակցային կառավարումը: Հայաստանը կարիքը ունի բոլոր կարող ուժերու  համախմբման», ըսաւ ան` նշելով, որ ծրագիրը պիտի մտնէ Հայաստանի բոլոր գիւղերն ու քաղաքները, բազմաթիւ տուներ ու աշխատավայրեր, եւ իրենք կը սպասեն բոլորին առաջարկներուն:

Ըստ անոր, իրենք կ՛առաջարկեն աշխատող երկրի հասկացութիւն: Ըստ Գէորգեանի, այն մարդու մասին է եւ իւրաքանչիւր անհատի համար: «Պետութեան մէջ պէտք է գերիշխէ արդարութիւնը, պէտք է բացառուի անպատժելիութիւնը, ընտրովի արդարադատութիւնը եւ ամբոխավարութիւնը: Հասարակութեան զարգացման յաջողութեան հիմնական գրաւականը պէտք է դառնայ աւանդական ու ժամանակակից մօտեցումներու եւ արժէքներու արդիւնաւէտ համադրումը», ըսաւ ան:

Ծրագիրի ներկայացման համար բեմ հրաւիրուեցան «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Աննա Գրիգորեան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Չարչեան, ՀՅԴ Հայաստանի  Գերագոյն մարմինի անդամ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, հրապարակախօս Լիլիթ Գալստեան, ելեւմտական եւ դրամատնային իրաւունքի խորհրդատու Ալեքսանտր Խաչատուրեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդները` «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Արցախի առաջին նախագահ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ  Քոչարեան:

 

 

Նախորդը

Մտահոգ Ենք Հայրենիքի Առջեւ Ծառացած Խնդիրներով, Սակայն Մայիսեան Յաղթական Ոգով, Աստծոյ Օգնութեամբ Ուժ Պիտի Գտնենք` Դուրս Գալու Նաեւ Այս Փորձութիւնից

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.