Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այվազեան. «Նախարարութիւնը Չի Կրնար Համաձայնութիւն Տալ Գաղափարներու, Որոնք Մեր Ազգային Եւ Պետական Շահերուն Դէմ Եղած Են»

Յունիս 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 մայիսին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ:

Նախարարի պաշտօնակատար Այվազեանը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին` միացեալ աշխատանքի ընթացքին դրսեւորած մասնագիտական նուիրուածութեան համար:

Իր խօսքին մէջ Արա Այվազեան նշած է. «Երբ ես համաձայն գտնուեցայ  ստանձնելու այս պաշտօնը, ատիկա կեանքիս ամէնէն դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամէնէն դիւրին որոշումն էր: Դիւրին որոշում էր, քանի որ ես` անձնապէս, եւ վստահ եմ` դուք` բոլորդ, կը գիտակցէինք, որ պարտք ունինք մեր զոհերուն առջեւ, պարտք ունինք մեր երկրին առջեւ: Դժուար էր, քանի որ շատ լաւ կը հասկնայի եւ կը գիտակցէի, թէ ի՛նչ հսկայական պատասխանատուութիւն է իմ եւ մեր բոլորին վրայ, քանի որ մենք իրաւունք չունէինք սխալելու: Մենք իրաւունք չունէինք ընելու այնպիսի քայլ, որուն համար հետագային մեր ժողովուրդը եւ մեր պատմութիւնը մեզ պիտի չներէր»:

Ըստ Արա Այվազեանի, դիւանագիտութիւնը պարտուած չէ, եւ կը կարծէ, որ Հայաստանի միջազգային գործընկերները հասկցած են, որ Հայաստանը պարտուած չէ, Արցախը պարտուած չէ, հայութիւնը պարտուած չէ:

Արա Այվազեան ըսաւ, որ ինք շատ դժուարութեամբ տուած է հրաժարականի իր որոշումը` աւելցնելով, որ երբ ստանձնած է այս պաշտօնը, իրեն համար եղած է մէկ չափանիշ` «այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:

Աւելի ուշ, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան Դիմատետրի իր էջով գրած է, որ կը լքէ իր պաշտօնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր գործընկերներուն, նախկին նախարարներուն եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն` աւելցնելով, որ իր աշխատանքը պիտի շարունակէ դիւանագիտական ծառայութեան մէջ:

Նոյն օրը հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարի տեղակալ Գագիկ Ղալաչեան:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Լուծումը Պէտք Է Համանախագահներու Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունենայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Թուրքիան Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Ռազմակայան Պիտի Ստեղծէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?