Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Տուրք` Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

May 31, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» դաշինքը ուրբաթ, 28 մայիսին` հայոց պետականութեան վերականգնման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրը յարգանքի տուրք մատուցեց հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակին:

Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեան:

Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին:

«Մայիս 28-ի աւանդական տօնը այսօր մեր ժողովուրդը կը նշէ տխրութեամբ, յուսահատութեամբ: Տասնամեակներ շարունակ Սարդարապատի յուշահամալիրը լեփ-լեցուն էր մեր հայրենակիցներով, երկրի ղեկավարէն մինչեւ վերջին գիւղի բնակիչը, սակայն այսօր Սարդարապատի յուշահամալիրը, շրջափակուած հազարաւոր ոստիկաններով, մարդոց չէին արտօներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել: Խումբ մը գլխիկորներ միայն այդ ոստիկանական շղթաներուն մէջ կրցած էին քալել, ինչպէս վերջին ամիսներուն այլեւս զրկուած են երկրին մէջ  ազատ քալելու կարելիութենէն», հաւաքի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան:

Գեղամ Մանուկեան նաեւ անդրադարձաւ վերջին երեք տարիներուն մեր պետութեան ընթացքին` նշելով. «Այսօր Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւ կը յիշեմ, թէ մեր պետականութեան կերտիչը ինչպէ՛ս սկսաւ անկախութեան երթը եւ մեծ նաւարկութիւնը, որ անցաւ տարիներ, տասնամեակներ շարունակ, եկաւ խաղաղ ընթացքի մը, իսկ վերջին տարիներուն ու յատկապէս ամիսներուն անիկա մտցուեցաւ փոթորիկներու մէջ, զարնուեցաւ ժայռէ ժայռ, որովհետեւ նաւապետը խենթ էր եւ կառավարել չէր գիտեր: Արամի արձանին մօտ ակամայ կը յիշեմ 2018 թուականը, երբ կը պատրաստուէինք Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը նշել տօնակատարութեամբ, ուժեղ բանակով, համախմբուած, անկախ, զօրեղ Արցախի Հանրապետութեամբ: Արամի արձանը պիտի բացուէր 28 մայիսին, բայց նոյնիսկ ատիկա իր կեանքին պէս եղաւ շատ դժուար. ամբոխավարական կոչերով իշխանութեան եկածները միշտ կը  խոչընդոտէին արձանի բացումը, մինչեւ որ առանց պետական արտօնութեան 17 յունիս 2018-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ վեր խոյացաւ hանրապետութեան հիմնադիրին արձանը»:

Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան. «Ես կը հաւատամ, որ այդ տեսակը մեր երկրին մէջ օրըստօրէ բացարձակ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ եւ շատ շուտով անիկա պիտի փոխէ մեր պետութեան բարոյական ու քաղաքական մթնոլորտը, կրկին յաղթողի ոգի պիտի ներշնչէ բոլորին, իր տեղը ցոյց պիտի տայ թշնամիին եւ պիտի ապահովէ մեր երկրին նոր վերածնունդը», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան ներկաները շնորհաւորեց մայիս 28-ի առիթով եւ մաղթեց հաւատքի նորոգում, նորանոր ու մեծ յաղթանակներ, եւ հաստատեց, որ կը հաւատայ այդ յաղթանակներուն:

«Կեցցե՛ն ուժեղ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւնները: Կեցցէ՛ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի միասնական հայութիւնը», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ 103 տարի առաջ այս օրը, դարեր տեւած դադարէ ետք, համատարած խաւարի, յուսահատութեան մէջ յոյսի շող փայլատակեց.  Ցեղասպանութենէն փրկուած, որբերով լեցուած, կոտրուած ժողովուրդը ուղղեց իր մէջքը, ելաւ գոյապայքարի եւ ո՛չ միայն ապրեցաւ, ո՛չ միայն փրկուեցաւ, այլեւ պետութիւն ստեղծեց:

Նոյն օրը` ուրբաթ, 28 մայիսին, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, այնուհետեւ` Երեւանի Կեդրոնական (Թոխմախ) գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արամ Մանուկեանի շիրիմին: Միջոցառումին մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ Սարգիս Կարապետեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան, ՀՅԴ այլ կոմիտէութիւններու անդամներ եւ համակիրներ:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Ներկայացուց Իր Նախընտրական Ծրագիրը

Յաջորդը

«Այսօր Մենք Կանգնած Ենք Բարոյականութեան Ու Արժանապատուութեան Սարդարապատի Շեմին». Արմէն Սարգսեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.