Գլխաւոր լուրեր

«Մարտական Խաչ» Շքանշաններ  Եւ «Արիութեան Համար» Մետալներ`  ՀՅԴ Նահատակ Կամաւորներուն

«Մարտական Խաչ» Շքանշաններ Եւ «Արիութեան Համար» Մետալներ` ՀՅԴ Նահատակ Կամաւորներուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան գումարտակի նահատակներու պարգեւատրման արարողութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով` 27 սեպտեմբեր 2020-ին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պարգեւատրուեցան ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի նահատակ կամաւորները: Պարգեւները յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար,...

Յարգանքի Տուրքի Մատուցում`  Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 29-Ամեակին Առիթով

Յարգանքի Տուրքի Մատուցում` Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 29-Ամեակին Առիթով

Երէկ` 14 ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 29-րդ տարելիցին առիթով Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր  այցելած եւ անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղած ու յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վիթալի Բալասանեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ-ի գաղափարակից ընկերները, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ուհիներ, ՀՅԴ Արցախի...

Հէյլ. «Ժամանակն Է Արդէն, Որ Լիբանանցի  Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղենք Կառավարութեան  Կազմութեան Իմաստով Բաւարար Ճկունութիւն Ցուցաբերելու»

Հէյլ. «Ժամանակն Է Արդէն, Որ Լիբանանցի Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղենք Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Բաւարար Ճկունութիւն Ցուցաբերելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ երէկ սկսաւ Լիբանան իր այցելութեան` նշելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի պահանջով է, որ եկած է Պէյրութ` հանդիպումներ ունենալու լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Հէյլ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, իր այցելութիւնները սկսաւ Պուսթրոս պալատէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ  Պաշտպանութեան Նախարարութեան Աւագ  Խորհրդական Զօր. Մարթին Սեմսընը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Աւագ Խորհրդական Զօր. Մարթին Սեմսընը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Մարթին Սեմսընը եւ անոր ընկերակցող բրիտանական պատուիրակութիւնը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Մարթին Լոնկտըն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր մարզերուն, յատկապէս պաշտպանութեան մարզին պարագային: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նոր կառավարութեան առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ֆըրզլիի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ֆըրզլիի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Բ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան հեռանկարները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի  Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը  Թուրքիոյ Դէմ Կը Շարունակուի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Թուրքիոյ Դէմ Կը Շարունակուի

Ինչպէս ծանօթ է, 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Սիսի կաթողիկոսարանի դատական հայցը, իբրեւ շարունակութիւն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մօտ սկսուած իրաւական հոլովոյթին, 30 յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) Նախադատ ատեանին: Թագաժահրին պարտադրած ստիպողական պայմաններուն բերումով, կրկնակի յետաձգումէ ետք, դատական ունկնդրութեան առաջին...

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Յայտարարած Է Թուրքիա Զէնք Արտածելու  Արտօնութիւնը Չեղեալ Յայտարարելու Մասին

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտարարած Է Թուրքիա Զէնք Արտածելու Արտօնութիւնը Չեղեալ Յայտարարելու Մասին

Քանատան չեղեալ յայտարարած է նախապէս տրուած զէնք եւ ճարտարագիտութիւններ Թուրքիա արտածելու արտօնութիւնները, այն բանէն ետք, երբ երկրին իշխանութիւնները ստացած են ապացոյցներ անոնց օգտագործման մասին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Այս մասին կը նշուի Քանատայի արտաքին գործերու նախարար Մարք Կառնոյի յայտարարութեան մէջ: «Անցեալ աշնան, արտածման վերահսկման մեր խիստ դրութեան տակ, Քանատայի կառավարութիւնը կասեցուցած է զինուորական ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու` Թուրքիա արտածման արտօնութիւնները` մինչեւ...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ջանքերով` Քանատան Կասեցուցած Է Թրքական Ընկերութիւններուն Տրամադրուած Զինուորական Արտադրանքի Եւ Արհեստագիտութեան Արտահանման Արտօնագիրները

12 ապրիլին Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոն յայտարարութիւն տարածած է, ըստ որուն, ղարաբաղեան վերջին պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ քանատական արհեստագիտութեան օգտագործման հետաքննութեան աւարտէն ետք, քանատական կառավարութիւնը կը դադրեցնէ քանատական զինուորական արտադրանքի եւ արհեստագիտութեան արտահանումը Թուրքիա: Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը փաստուած նկատած է Թուրքիոյ կողմէ քանատական արհեստագիտութեան կիրարկումը ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին եւ կասեցուցած Թուրքիոյ ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման գործող արտօնագիրները:...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

Առցանց Համաժողով. Կոչ Ուղղուած Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկելու` Հայ Ռազմագերիները Ազատելու Համար

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց համաժողով Ազրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերաբերեալ: Քննարկուեցան հարցին իրաւական եւ քաղաքական կողմերը: Համաժողովի բանախօսներն էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերով պատուիրակութեան ղեկավար, երեսփոխան Մարինա Կալիւրանտ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:...

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի  Սեփականատէրերու Ընկերակցութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ որդեգրուելիք քայլերը` վերականգնելու համար այս մարզը: Պատուիրակութիւնը պլոքին ներկայացուց ճարտարարուեստի մարզի վիճակին բարելաւման մասին իր պատկերացումը, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք այսօր...

Դեսպան Աթաբէկեան Ուեհպէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Ուեհպէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան  այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Լիբանան միջպետական ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակն ու այդ առումով նորագոյն իրադարձութիւնները։ Խօսակիցները շեշտեցին այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։  

Ակնարկ.  Ռազմագերիներ, Դատարկ Օդանաւ Եւ Վարկանիշներ

Ակնարկ. Ռազմագերիներ, Դատարկ Օդանաւ Եւ Վարկանիշներ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան դեսպանին յայտարարութիւնը հայ ռազմագերիներու մասին դիտարժան է քանի մը հանգամանքներ նկատի ունենալով: Անիկա կը պարփակէ քանի մը ուղղութիւն: Ուրեմն, ըստ դեսպանին, «գերիներու վերադարձի հարցը ռուսական կողմին համար առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Այդ ուղղութեամբ յամառ ու հետեւողական աշխատանք կ՛ընթանայ: Մէկ անգամ չէ, որ գերիներ վերադարձուած են: Վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի աշխատանքը»: Ինչ կը վերաբերի...

Թաթոյեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները  Կ՛օգտագործեն Հայ Ռազմագերիներու Հարցը`  Զարգացնելու Համար Իրենց  Ատելութեան Քաղաքականութիւնը»

Թաթոյեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կ՛օգտագործեն Հայ Ռազմագերիներու Հարցը` Զարգացնելու Համար Իրենց Ատելութեան Քաղաքականութիւնը»

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լուքաս Ֆուրլասի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ երէկ` երկուշաբթի, 12 ապրիլ 2021-ին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ առցանց խորհրդաժողովը: Խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ: «Շնորհակալութիւն եմ յայտնում կազմակերպիչներին, յատկապէս պարոն Ֆուրլասին եւ Եւրոպայի Հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Կիպրոսի  Հայոց Մակարայ Վանքին Մէջ Թուրքերուն  Կողմէ Կատարուած Հակակրօնական Դէպքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Կիպրոսի Հայոց Մակարայ Վանքին Մէջ Թուրքերուն Կողմէ Կատարուած Հակակրօնական Դէպքը

Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ վանքի շրջափակին մէջ, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրին ոչ վայել խնճոյք: Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի թրքական բաժինի միւֆթին, յունաց պատրիարքարանը,...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները, եւ յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան կարելիութիւններուն: Քննարկուեցան նաեւ համաձայնագիրի եւ գործադրութեան ծրագիրի մը ընդմէջէն փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու երիտասարդներուն եւ մարզական ակումբներուն առիթ ընծայելու կարելիութիւնները, որպէսզի...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Մարաղայի Ողբերգական Դէպքերը Չսպիացող Վէրք Են  Մեր Ժողովուրդին Յիշողութեան Մէջ»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Մարաղայի Ողբերգական Դէպքերը Չսպիացող Վէրք Են Մեր Ժողովուրդին Յիշողութեան Մէջ»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղա աւանի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացած ցեղասպանութեան 29-րդ տարելիցին առիթով: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ապրիլի 10-ին լրանում է Ազրպէյճանի կողմից Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղա աւանի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան 29-րդ տարելիցը: Ազրպէյճանական զօրքերը, ներխուժելով Մարաղա, դաժանաբար սպաննեցին եւ...

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Պայտընին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Պայտընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի բոլորին կոչ կ՛ուղղէ` միանալու «Չէյնճ.օրկ» հարթակին վրայ նախաձեռնուած «Այո՛, ասիկա ցեղասպանութիւն է» ստորագրահաւաքին, որուն նպատակն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ես Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին եմ, եւ այստեղ եմ` միանալու հազարաւորներու պարզ կոչին, որ է` ճշմարտութիւնը ըսելու ժամանակն է: Ժամանակն է յիշել պատմութեան ողբերգութիւնները, որպէսզի մենք ատոնք այլեւս չկրկնենք: Ժամանակն է, որ բոլորս, Միացեալ Նահանգներու...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Ոչ Ոք Կ՛անդրադառնայ Կառավարութեան Կազմութեան Նիւթին, Իսկ Ամերիկեան Տոլարին Սակը Սկսած Է Դարձեալ Բարձրանալ

Մինչ ամերիկեան տոլարին արժէքը սկսած է դարձեալ բարձրացում արձանագրել եւ աւելի եւս սարսափեցնել քաղաքացիները, կառավարութեան կազմութեան նիւթը շրջանառութեան մէջ անգամ չէ: Ոչ թէ քննարկումի կամ խորհրդակցութեան մակարդակի մասին է խօսքը, այլ պարզապէս կառավարութեան կազմութեան նիւթին անդրադառնալու կամ զայն շօշափելու մասին... Երկրին մէջ տիրող այս ճշմարտութեան զուգահեռ, Միջազգային դրամական ֆոնտը երէկ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նոր կառավարութեան մը` գործադրելու համար...

Հաղորդագրութիւն

50 Միլիոն Լիբ. Ոսկիի Նուիրատուութիւն ԿԱՄՔ-ին

Գնահատելով Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ին կատարած գործունէութիւնը, տէր եւ տիկին Արա եւ նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 50 միլիոն լիբ. ոսկի կը նուիրեն ԿԱՄՔ-ին` յատկացուելու համար մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Շնորհակալութիւն քաջալերական այս վերաբերումին համար: ԿԱՄՔ

Page 376 of 797 1 … 375 376 377 … 797

Արխիւներ