ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ուղղեց` վերսկսելու ղարաբաղեան բանակցութիւններուն:
«Հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող վերջին լարուածութեան աճը կը վկայէ, որ չլուծուած հարցերը լուրջ մարտահրաւէր կը մնան միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսաւ ան` տեսակապով ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առընթեր Հելսինկեան կոմիտէի հանդիպման ընթացքին, որ նուիրուած է «ԵԱՀԿ-ի` Շուէտի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն եւ առկայ զարգացումներուն»:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է թուլացնել հայ-ազրպէյճանական լարուածութիւնը եւ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան սկսիլ վերականգնելու բանակցութիւնները` քաղաքական կայուն լուծման հասնելու համար, միջազգային օրէնքներուն համապատասխան, որպէսզի լուծուին նաեւ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու խնդիրները:
Անն Լինտէ ըսաւ, որ խնդիրները լուծելու համար ԵԱՀ-ի Մինսքի խմբակը լաւագոյն ձեւաչափն է: «Ես լիովին կ՛աջակցիմ համանախագահներուն եւ իմ ներկայացուցիչիս ջանքերուն` տագնապի լուծման համար», յայտնեց ան:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նշեց, որ Ռուսիան կրցաւ հասնիլ կրակի դադրեցման: «Ռուսիան աշխուժ դեր կը խաղայ տարբեր ոլորտներու մէջ, օրինակ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ: Փաստ է, որ Ռուսիա կրցաւ հասնիլ զինադադարի: Կ՛ուզեմ ուշադրութիւն դարձնել ո՛չ միայն երկու հազար ռուս զինուորներու տեղակայման, այլ նաեւ անոր, որ ԵԱՀԿ-ն, միջազգային հանրութիւնը եւս դերակատարութիւն ունենան», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կրնան յառաջընթացի հասնիլ եւ հանդէս գալ նոր առաջարկներով:
 
			


