Գլխաւոր լուրեր

«Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքները  Պիտի Արգելակեն Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային  Կացութեան Մէջ Ստեղծուելիք Որեւէ Բարելաւում»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքները Պիտի Արգելակեն Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային Կացութեան Մէջ Ստեղծուելիք Որեւէ Բարելաւում» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին Լիբանանի խօսքը ուղղեց ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովին, որ կը գումարուի Սկովտիոյ Կլասկօ քաղաքին մէջ: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին են տնտեսական, դրամատնային եւ ելեւմտական տագնապները, «Քորոնա» համաճարակին հետեւանքները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած տեղահանուածներու հսկայական թիւը: Միքաթի...

Նախագահ Սարգսեանը Կը Մասնակցի ՄԱԿ-ի  Կլիմայի Հարցերով 26-րդ Խորհրդաժողովին

Նախագահ Սարգսեանը Կը Մասնակցի ՄԱԿ-ի Կլիմայի Հարցերով 26-րդ Խորհրդաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 1 նոյեմբերին Կլասկոյի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովի (COP26) բացման արարողութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, թէ խորհրդաժողովին մասնակից երկիրներու ղեկավարներուն դիմաւորած են Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը: Նախագահ Սարգսեանը կարճ զրոյց մը ունեցած է Բրիտանիոյ վարչապետին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ: Խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը...

Միրզոյեանն Ու Լաւրովը Քննարկած Են  Շրջանային Զարգացումներուն  Վերաբերող Հարցեր

Միրզոյեանն Ու Լաւրովը Քննարկած Են Շրջանային Զարգացումներուն Վերաբերող Հարցեր

Երէկ` երկուշաբթի, 1 նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր` հաշուի առնելով այն, որ արդէն իսկ շուտով պիտի ամբողջանայ նոյեմբերեան եռակողմանի փաստաթուղթին առաջին տարին: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ եղան մարդասիրական...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Երէկ «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Երկուշաբթի, 1 նոյեմբերին, «Հայաստան» դաշինքի կեդրոնական գրասենեակում տեղի է ունեցել Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նիստ` նախագահութեամբ դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի: Քննարկուել է երկրում ստեղծուած իրավիճակը, անդրադարձ է կատարուել խմբակցութեան աշխատանքներին, դաշինքի մարտավարութեանն ու ռազմավարութեանը: Յատուկ քննարկման առարկայ են դարձել նաեւ նոյեմբերի 9-ին Ազատութեան հրապարակում կայանալիք հանրահաւաքին առնչուող հարցերը: «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔ

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի  Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ  Կը Ստանան Օժանդակութիւն

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ Կը Ստանան Օժանդակութիւն

Քանատահայ բարերար Շաքէ Կէօնճեանի նուիրատուութեամբ, «Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ»-ի գործունէութեան ծիրին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը գրենական պիտոյքներու գնման համար նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներուն: Ներկայ ճգնաժամին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, այս ծրագիրին իրականացումով կը փորձէ մեղմացնել հայ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յայտնենք, որ օժանդակութեան դիմում կատարած էին 2000 աշակերտներ, եւ Երեսփոխանական գրասենեակը ընթացք տուած է բոլոր...

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի  Նախագահութիւնը Պատուոյ Գիրով Կը Գնահատէ  «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնն Ու Անոր Տնօրէնը

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Նախագահութիւնը Պատուոյ Գիրով Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնն Ու Անոր Տնօրէնը

Երէկ` 1 նոյեմբեր 2021-ի կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) նախագահութիւնը` «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը արժեւորելով, պատուոյ գիր յանձնեց օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որուն ներդրումը լուսարձակի տակ առնուեցաւ`  Հայաստան-Լիբանան բազմակողմանի յարաբերութիւններուն եւ հայկական սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու ու հայ մշակոյթի զարգացման նպաստելուն համար: ԳԱԱ-ի նախագահին ստորագրութիւնը կրող պատուոյ գիրը «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնեց ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, Հայաստանի ԳԱԱ-ի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ոչինչ Կրնայ Խանգարել  ՀՅԴ-ի` Արցախի Կողքին Ամուր Կանգնելու Առաքելութիւնը»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ոչինչ Կրնայ Խանգարել ՀՅԴ-ի` Արցախի Կողքին Ամուր Կանգնելու Առաքելութիւնը»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 27-29 հոկտեմբերին իր հերթական այցելութիւնը կատարած է Արցախ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր այցելութեան ընթացքին ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ ժողովներ: Այցելութեան առաջին օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Այցելութեան...

ՀՄԸՄ Կ’ոգեկոչէ Արցախեան Պատերազմին Զոհուած  Եւ Անմահութեան Փառքին  Արժանացած Նուիրեալներու Յիշատակը

ՀՄԸՄ Կ’ոգեկոչէ Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Եւ Անմահութեան Փառքին Արժանացած Նուիրեալներու Յիշատակը

«Անմահ Խիզախներ»-ու Յուշարձանի Բացում Բիւրականի Մէջ, Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եռաբլուրի Մէջ Եւ Յարգանքի Խոնարհում Պռօշեանի «Զօրաց Պանթէոն»-ին Մէջ Հոկտեմբերի վերջին շաբաթավերջը իւրայատուկ եղաւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար, որ ձեռնարկներու շարքով մը յարգանքի իր տուրքը ընծայեց արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած նուիրեալներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն յատկապէս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ յիշատակելի երեք նախաձեռնութիւն իրականացնելով Բիւրականի, Երեւանի եւ Պռօշեանի մէջ:...

ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» Բանակավայրի Անուանակոչութեան Արարողութիւն

ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» Բանակավայրի Անուանակոչութեան Արարողութիւն

Շաբաթ, 30 հոկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութիւն` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Գառնիկ Մկրտիչեանի: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան,...

Սպասելով Անմիջական Լուծումներու`  Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ  Դիւանագիտական Բանավէճը Կը Սպառնայ  Դառն Հետեւանքներ Ունենալ

Սպասելով Անմիջական Լուծումներու` Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Բանավէճը Կը Սպառնայ Դառն Հետեւանքներ Ունենալ

  Անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ծագած բանավէճի թեր ու դէմ հակազդեցութիւնները շարունակուեցան անցնող օրերուն` սպառնալով ծանր ու դառն հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի առանց այդ ալ այլազան տագնապներու տակ կքած կացութեան վրայ: Փաստօրէն, հակառակ կայացած միջնորդական բարերար նախաձեռնութիւններուն, կը թուի, թէ կացութիւնը դէպի բարդացում կ՛ընթանայ: Արդարեւ, նախարար Ժորժ Քըրտահի շաբաթավերջին այցելեց Պքերքէ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի...

Համբիկ Սասունեանը` Ազատութեան Մէջ

Համբիկ Սասունեանը` Ազատութեան Մէջ

Շաբաթ, 30 հոկտեմբերի կանուխ առաւօտեան, արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, մօտ 40 տարի Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ արգելափակուած մնալէ ետք, հայրենիքէն ամբողջ հայ ազգին յղուած պատգամով մը աւետեց ազատութեան մէջ գտնուիլը: Պատգամին մէջ Համբիկ Սասունեան կը նշէ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի` Հայաստանէն: Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողի վրայ, խմել հայրենի ջուրը, շնչել օդը եւ...

Ակնարկ.  Նոր Հանգոյցներու Հիւսուածք` Լիբանանեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

Ակնարկ. Նոր Հանգոյցներու Հիւսուածք` Լիբանանեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ նոր ցնցումներ կ՛արձանագրուին: Տեղեկատուութեան նախարարի նախօրօք կատարած յայտարարութեան տեղի տուած բանավէճը հետզհետէ կը պարզէ նախադրեալներ` միջպետական հանգոյցի վերածուելու: Դիւանագիտական տագնապի նախաբան կազմող այս խնդիրը իրադարձութիւններու հունափոխման ազդեցութիւն կրնար ունենալ: Բոլոր լուսարձակները կեդրոնացած էին Թայյունէի դէպքերու նախաքննութեան, հարցաքննութեան կանչուող դէմքերու առաջնակարգ հանգամանքներուն եւ յարուցուող աննախադէպ դատերու գլխաւոր հասցէներուն վրայ: Մէկէ աւելի անգամներ կը հնչէին ամէն գնով քաղաքացիական...

Արծուիկ Մինասեան. «Ոչ Միայն Միջազգային  Յանցագործութիւն Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի  Եւ Արցախի Նկատմամբ, Այլ Նաեւ Արցախի Տարածքը Բռնագրաւուած Է»

Արծուիկ Մինասեան. «Ոչ Միայն Միջազգային Յանցագործութիւն Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ, Այլ Նաեւ Արցախի Տարածքը Բռնագրաւուած Է»

29 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ աւանդական ճեպազրոյցներու ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով ընդդիմութեան առաջարկած Արցախի վերաբերող յայտարարութեան, որ չընդունուեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, յայտնեց, որ իրենց (ընդդիմութեան) կողմէ կատարուած որեւէ առաջարկ, որ կարմիր գիծերը յաղթահարելու տեսք ունեցած է, մերժուած է: Մինասեան նշեց, որ առնուազն մէկ օր ունէր մեծամասնութիւնը` առաջարկ ներկայացնելու: Արծուիկ Մինասեան...

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է  Ազրպէյճանի Հետ Սահմանագծման Ու Սահմանազատման Հոլովոյթին»

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանագծման Ու Սահմանազատման Հոլովոյթին»

Հայաստանի կառավարութեան (28 հոկտեմբերի) նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման հոլովոյթին: Ան դիտել տուաւ, որ ասոր կարեւոր մօտեցումներէն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու ետ քաշուիլն ու համապատասխան տարածքներուն մէջ երկու երկիրներու սահմանապահ զօրքերու տեղակայումը: «Մենք յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք սահմանազատման եւ սահմանագծման...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը: Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն: Լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան...

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է  20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու  Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է»  Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է 20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է» Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

«Ազդակ»-ի 38-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նիւթ` «Կրթութեան ոլորտի մարտահրաւէրները` այսօր»: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու սրընթաց զարգացումներուն ընդհանրապէս եւ կրթական ոլորտին մասնաւորաբար: 20-րդ դարուն աշխարհի զանազանութիւններու ընդունման, ծանօթացման, սահմաններու ջնջման եւ նոյնիսկ կրօնական...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպումներ  Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին  Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տուած կարճատեւ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 27 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, երկրի զինուած ուժերու գերագոյն փոխհրամանատար, շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զոյգ պետութիւններուն միջեւ աշխուժ կերպով զարգացող յարաբերութիւններու խորացման, շրջանային եւ միջազգային հիմնախնդիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պահրէյնի թագաւոր...

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան.  «Դատաւոր Մշլեպին Բացայայտեցի  Նիւթական Ունեցուածքս»

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. «Դատաւոր Մշլեպին Բացայայտեցի Նիւթական Ունեցուածքս»

Նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2021-ին, դատաւոր Թաննուս Մշլեպին բացայայտեց իր նիւթական ունեցուածքը, ինչպէս որ յայտարարած է ան «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումով: «Այսօր Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպին բացայայտեցի նիւթական ունեցուածքս, եւ այս` առ ի գործադրութիւն 16 հոկտեմբեր 2020 թուակիր թիւ 189 օրէնքին, որ կ՛առնչուի նիւթական ունեցուածքի բացայայտումին եւ ապօրինի հարստութեան պատժական տնօրինումին» նշուած է նախարարի գրառումին...

Ակնարկ.  Այցելութեան Մը Փոխանցած Ուղերձները

Ակնարկ. Այցելութեան Մը Փոխանցած Ուղերձները

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ռիատ այցելութիւնը ուշագրաւ իրադարձութիւն է եւ վերլուծական տարբեր հայեցակէտեր կը ճշդէ: Նկատենք շատ արագ, որ հակառակ 30-ամեայ անկախութեան հռչակման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ չկային դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Վերջին տարիներուն Երեւանն ու Ռիատը, անկախութեան կամ պետութեան հռչակման տօներուն զիրար կը շնորհաւորէին: Այդքան միայն: Անշուշտ այս երեւոյթը իր քաղաքական բացատրութիւնները ունէր: Առանց թշնամական յարաբերութիւններ ունենալու Երեւանի նկատմամբ, Ռիատը...

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Այցելութիւնը  Սէուտական Արաբիա   Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ.  «Ապագայ Ներդրումային Նախաձեռնութիւն»  5-րդ Համաժողովի Մասնակցութիւն

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ. «Ապագայ Ներդրումային Նախաձեռնութիւն» 5-րդ Համաժողովի Մասնակցութիւն

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիա տուած այցելութենէն ետք աշխատանքային կարճատեւ այցելութիւն կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ապու Տապիի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ պետական նախարար, հայ-էմիրաթական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Ահմետ Ալի Սայեղի կողմէ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիոյ մէջ այցելեց «Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութիւն» 5-րդ համաժողով: Համաժողովին մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, կառավարութիւններու անդամներ, յայտնի անդրազգային եւ...

Page 339 of 797 1 … 338 339 340 … 797

Արխիւներ