Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կ՛ողջունէ  10 Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կ՛ողջունէ 10 Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունեց 19 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ 10 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը հայրենիք: Ան այս մասին գրառում կատարեց «Թուիթըր»-ի վրայ: «Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք Պաքուի կողմէ 10 հայ արգելափակեալներու ազատ արձակումը Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ քննարկումներէն ետք: Կարեւոր մարդասիրական ժեսթ մը, որ ցոյց կու տայ վստահութիւնը ամրապնդելու փոխադարձ կամքը, ինչպէս որ քննարկուած է Պրիւքսելի մէջ: Եւրոպական...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մէջ Պէտք Է Ձեւաւորուի  Համազգային Դիմադրութիւն»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ Պէտք Է Ձեւաւորուի Համազգային Դիմադրութիւն»

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնող որեւէ անձ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած ընթացակարգերու խախտումով չի կրնար ստորագրել քաղաքական կամ ռազմական բնոյթի որեւէ փաստաթուղթ. այսպիսի ցանկացած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան` նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2021 ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ եւ անոր կազմած դաշինքներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներու...

Հայաստանը Յաղթեց  «Մանկական Եւրատեսիլ 2021»  Երգի Միջազգային Մրցումին

Հայաստանը Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ 2021» Երգի Միջազգային Մրցումին

«Մանկական Եվրատեսիլ 2021» երգի միջազգային մրցումը, որ տեղի ունեցաւ 19 դեկտեմբերին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, յաղթեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալենան «Քամի-քամի» երգով: Մրցումին մասնակցեցան 19 երկիրներ` Գերմանիան, Վրաստանը, Լեհաստանը, Մալթան, Իտալիան, Պուլկարիան, Ռուսիան, Իրլանտան, Հայաստանը, Ղազախստանը, Ալպանիան, Ուքրանիան, Ֆրանսան, Ազրպէյճանը, Նետերլանտները, Սպանիան, Սերպիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Փորթուգալը: Դատական կազմի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը 10-ական կէտ ստացաւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, 5-ական կէտ` Վրաստանէն, Մալթայէն,...

Պէյրութի Մէջ.  Կութիերես. «Կը Զօրակցիմ Լիբանանցիներուն  Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընտանիքին  Ամրապնդելու Լիբանանի Օժանդակութիւնը»

Պէյրութի Մէջ. Կութիերես. «Կը Զօրակցիմ Լիբանանցիներուն Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընտանիքին Ամրապնդելու Լիբանանի Օժանդակութիւնը»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ յետմիջօրէին քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Կութիերես դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալիի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի կողմէ: Օդակայանին մէջ Կութիերես բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ասիկա դէպի Լիբանան իր առաջին այցելութիւնը չէ`...

Խմբագրական.  Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին.   Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Խմբագրական. Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին. Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը ողջունեցին Անգարա-Երեւան երկխօսութեան գործընթացի մեկնարկի մասին յայտարարութիւնները: Գործընթացը ազդարարեց Անգարան, պաշտօնապէս յայտարարելով նաեւ իր որոշած պատուիրակին տուեալները: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներու հանդիպման զուգահեռ: Երեւան-Պաքու ուղղութեան վրայ սկսած ուղղակի բանակցութիւններուն առընթեր Երեւան-Անգարա ուղղութեան վրայ մեկնարկելիք երկխօսութեան մասին պաշտօնական հրապարակումները նշանակութիւն ունին անշուշտ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի առաջ ալ կ՛անցնի եւ...

Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյց` Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի Եւ Ընդհանուր  Դատախազութեան Դիմաց

Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյց` Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Եւ Ընդհանուր Դատախազութեան Դիմաց

Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը երէկ, 17 դեկտեմբերին բողոքի միացեալ ցոյց մը կազմակերպեցին Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնքին մօտ: Մասնակիցները իրենց բողոքը յայտնեցին «քաղաքական բռնաճնշումներ»-ու դէմ: «Հայաստանի մէջ համատարած ապօրինութիւններ եւ բռնաճնշումներ տեղի կ՛ունենան` ամէն օր ազատութենէ կը զրկուին անձեր` իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը Բարձրագոյն դատական խորհուրդին դիմաց բողոքի ցոյցին...

Հանդիպում Հայաստանի Մէջ Գործող Աշխուժ  Հասարակական Կազմակերպութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հանդիպում Հայաստանի Մէջ Գործող Աշխուժ Հասարակական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 17 դեկտեմբերին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Ռազմավարական ծրագիրներու Քաղաքացիական համագործակցութեան ցանցի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ գործող աշխուժ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Քննարկելով երկրին մէջ առկայ իրավիճակը, պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ ազգային գաղափարներ կրող մարդոց եւ...

Ո՛չ Երեւանի Պետական Համալսարանի` Քաղաքացիական  Պայմանագիր Կուսակցութեան Ենթարկուելուն

Ո՛չ Երեւանի Պետական Համալսարանի` Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Ենթարկուելուն

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանող քանի մը անդամներ երէկ, 17 դեկտեմբերին բողոքի նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկան ընդդէմ համալսարանի բռնազաւթման: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցան նախագահի ընտրութիւններ: Համալսարանի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած էր միայն Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր Յովհաննէս Յովհաննիսեանի թեկնածութիւնը: «Մենք յատուկ անձի հետ խնդիր չունինք, մենք համակարգի դէմ կը  պայքարինք: Իշխանութիւնները ամբողջ ընթացքին ամէն...

«Լիբանանը Չտապալելու Եւ Անոր Փլուզումը  Կասեցնելու Իմաստով Միջազգային Որոշում Կայ»   Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Լիբանանը Չտապալելու Եւ Անոր Փլուզումը Կասեցնելու Իմաստով Միջազգային Որոշում Կայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքայի գործադիր խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանը չտապալելու եւ անոր փլուզումը կասեցնելու իմաստով միջազգային որոշում կայ: «Արտաքին եւ ներքին հովանաւորներ կը պաշտպանեն կառավարութեան աշխատանքը, որ կը շարունակուի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան հրաժարականը ամէնէն դիւրին լուծումն է, սակայն անիկա մեծ չարիք է եւ...

Ակնարկ.   Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները`  Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն

Ակնարկ. Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները` Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն

«Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան հետեւեալ խօսքերը ըսաւ. մէջբերումը` բառացի: «Ես հանդիպել եմ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան վերջերս, տարիներ չէին խօսել հետս, վերջերս ուզեցին խորհրդակցիլ, եւ Անվտանգութեան խորհրդին ասեցի` դուք սխալ էք անում, երբ ձեր դեսպանը Երեւանում յայտարարում է, որ սթաթուսը չէ լուծուած: Ասեցի` դուք ուզում էք հարցի մէջ մտնել, բայց չէք հասկանում` ի՞նչ կը նշանակէ. մենք խոցելի իշխանութիւններ ունենք,...

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի,  Մաքրոնի Եւ Ալիեւի Եռակողմանի Հանդիպումը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի, Մաքրոնի Եւ Ալիեւի Եռակողմանի Հանդիպումը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն կը յայտնեն, որ Պրիւքսելի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի աւարտէն ետք, տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը` Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ: Եռակողմանի հանդիպումէն ետք Մաքրոն` «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով, նշած է. «Մենք երբեք պիտի չլքենք հայերը: Մենք տեւական խաղաղութեան համար լուծումներ միշտ  պիտի փնտռենք: Կը յորդորեմ, որ...

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է  Հայաստանի Մէջ Լեհաստանի Դեսպանին Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Լեհաստանի Դեսպանին Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 16 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Լեհաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փաւել Չեփլաքիին հետ: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է յետպատերազմեան իրավիճակը, խօսած Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակողապաշտ գործողութիւններուն մասին, հրատապ նկատած հայ ռազմագերիներու` հայրենիք վերադարձի հարցը: Ազգային ժողովի փոխնախագահը կարեւոր նկատած է եւրոպական երկիրներու յստակ դիրքորոշման բարձրաձայնումը վերոնշեալ հարցերու վերաբերեալ:...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այլեւս Փաստ Է` Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Միջեւ Կայ  Գաղտնի Պայմանաւորուածութիւն»

Միացի՛ր Հաւաքին, Եթէ Դէմ Ես Հայաստանի Մէջ Օրէ Օր Սաստկացող Բռնաճնշումներուն

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր Հայաստանում քաղաքական հայեացքների պատճառով ազատութիւնից զրկուած են տասնեակ մարդիկ: Այս թիւն օրէցօր աճում է: Չարիքի կառավարութեան նպատակը մէկն է` մեկուսացնել բոլոր այն մարդկանց, ովքեր դէմ են Հայաստանի թրքացմանը, Արցախի հայաթափմանը: Ուրբաթ օրը, ժամը` 13:00-ին, հաւաքւում ենք Բարձրագոյն դատական խորհրդի (ԲԴԽ) շէնքի դիմաց...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին Այնճար այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ  Բիւրոյի  անդամներ` Յակոբ Խաչերեանը, Արսէն Համբարձումեանը եւ Րաֆֆի Տօնապետեանը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներուն եւ Այնճարի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելեցին Այնճարի տարբեր վայրեր: Նախ այցելեցին քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, ապա` Մուսա Լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան, որմէ ետք` Այնճարի...

Ակնարկ.    Մարդասիրականէն Սահմանազատում-Սահմանագծում,  Անցնելով Անգարա-Երեւանէն

Ակնարկ. Մարդասիրականէն Սահմանազատում-Սահմանագծում, Անցնելով Անգարա-Երեւանէն

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս փաթեթային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ազրպէյճան, Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ` տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է: Յստակ, ժամկէտային սահմանումներով գործողութիւններու պայմանաւորուածութեան մասին տակաւին գէթ հրապարակային պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ: Կայ ընդհանուր միտում չհակադրուելու Մոսկուայի միջնորդութեամբ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւններուն: Անոր նախաբանը կատարած էր նախագահ Փութինը Սոչիով կանխելով Պրիւքսելը եւ այդ առիթով յայտարարելով, որ Շարլ Միշելը կը սպասէ ձեզ շուտով: Երանգային ուղերձը այն...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն` Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման Մասին

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը (երէկ` չորեքշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2021-ին, «Ա.») հրաւիրած էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի` սահմանագծման եւ սահմանազատման նիւթով: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը տապալեց նիստը` չմասնակցելով: Նիստին ընթացքին պէտք է ընդունուէր Ազգային ժողովի հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ հրապարակած է «Հայաստան» խմբակցութիւնը. «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 103-րդ յօդուածը, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 98-րդ յօդուածը` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Դատապարտում է` ա) Թուրք-ազրպէյճանական...

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Տապալած Է  ՄԱԿ-ի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Համաժողովի  Ընթացքին Ազրպէյճանի Կազմակերպած  Հակահայկական Ձեռնարկը

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Տապալած Է ՄԱԿ-ի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Համաժողովի Ընթացքին Ազրպէյճանի Կազմակերպած Հակահայկական Ձեռնարկը

ՄԱԿ-ի փտածութեան դէմ պայքարի ուխտի անդամ երկիրներու համաժողովի Շարմ Էլ Շէյխի մէջ (Եգիպտոս) 13-էն 17 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցող 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը սեփական երկրին մէջ առկայ տարածուած փտածութեան դրսեւորումներուն անդրադառնալու փոխարէն, որոշած էր չարաշահել համաժողովի հարթակը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններն եւ անհատները վարկաբեկելու համար: Ազրպէյճանի պատուիրակութեան կազմակերպած «Misuse of fund raising activities for corruption and related...

Միշելի Հետ Իրենց Եռակողմ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են  Երկաթուղիի Վերագործարկման  Համաձայնութիւնը

Միշելի Հետ Իրենց Եռակողմ Հանդիպումի Ընթացքին. Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են Երկաթուղիի Վերագործարկման Համաձայնութիւնը

Պրիւքսելի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի, ինչպէս նաեւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է վերոնշեալ յայտարարութիւններուն լիարժէք կեանքի կոչումը, մասնաւորաբար ընդգծելով մարդասիրական խնդիրներու...

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի,  Ալիեւի Եւ Միշելի Եռակողմանի Հանդիպումը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի, Ալիեւի Եւ Միշելի Եռակողմանի Հանդիպումը

Երէկ` երեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2021-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմանի հանդիպումը: Այս հանդիպումին նախորդած էին Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ Իլհամ Ալիեւի առանձին հանդիպումները Շարլ Միշելի հետ: Հանդիպումէն առաջ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած էր վարչապետ Փաշինեանը` յայտնելով, որ Ազրպէյճան կը փորձէ փակուղի մտցնել շրջանային հաղորդակցութեան...

Page 330 of 797 1 … 329 330 331 … 797

Արխիւներ