Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Եւ Սիւնիքի Միջեւ Հաստատուած Են «Քոյր-Նահանգային» Յարաբերութիւններ

February 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ 10 փետրուարին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին միջեւ կը հաստատուին նահանգային-մարզային համագործակցութեան յարաբերութիւններ: Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի 62 անդամ դարձած են յիշեալ բանաձեւի համահեղինակ:

Որդեգրուած բանաձեւով Քալիֆորնիան համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին, ատով նաեւ կ՛ենթադրուի գործադրել երկուստեք փոխշահաւէտ կրթական, տնտեսական եւ մշակութային փոխանակումներ:

Սիւնիքի շուրջ ներկայիս ստեղծուած շրջանային լարուած կացութեան մէջ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի այս որոշումը կարեւոր ազդակ է, թէ՛ Սիւնիքի ժողովուրդին, թէ՛ ալ միջազգային ընտանիքին եւ ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է Սիւնիքի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական նախայարձակումի սպառնալիքներով: Այս որոշումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այն վտանգներն ու սպառնալիքները, որոնց առջեւ կանգնած է Սիւնիքի ժողովուրդը:

Քալիֆորնիոյ նման տնտեսապէս զարգացած նահանգի եւ Սիւնիքի միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու հաստատումը եւ հետագայ նպատակադրուած աշխատանքը կրնան էական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ Սիւնիքի ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին ու տարածքային համաչափ զարգացման վրայ` նաեւ պարարտ հող ստեղծելով Սիւնիքի եւ Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներուն միջեւ ապակեդրոն համագործակցութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնները Պիտի Չմասնակցին Իշխանութիւններուն Ստեղծած Քննիչ Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Փետրուար 2022)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.